«Գրահաւաք» կայքագիրը, որ թուայնացուած տեղեկութիւններու եւ հազար ու մէկ յարակից տուեաներու մեծապէս յանձնարարելի շտեմարան մըն է, ունի նաեւ ուշագրաւ գրառումներու բաժին մը։ Անոնցմէ ամենավերջինը խորհրդածութեան առիթ մըն է։
Blog for informed opinions / Կայքագիր իրազեկ կարծիքներու համար / Blog para opiniones informadas
Showing posts with label հայերէն լեզու. Show all posts
Showing posts with label հայերէն լեզու. Show all posts
29.8.16
8.2.13
Սեքսից մինչեւ հաճոյքաճխտիկ, կամ ժամանակակից հայերէնի պատկերը
ԱՐՄԱՆ ԹԱԴՈՍԵԱՆ
Դիմագիրքին մէջ կատարուած այս գրառումը կը բխի միեւնոյն սկզբունքէն, որ աւելի քան հարիւրամեակէ մը կը շարունակէ պարբերաբար իր գլուխը ցցել հայ իրականութեան մէջ. այսինքն՝ «կուլտուրա» կամ «ֆիլոլոգիական» բառերը չեն կրնար հայերէն թարգմանուիլ «մշակոյթ» կամ «բանասիրական» բառերով (Վահան Տէրեան)։ Բնականաբար, ամէն տեսակ հայացում կարելի չէ ընդունիլ որպէս վերջին խօսք, եթէ տրամաբանութեան կամ ճաշակի դէմ կը գործէ (վկա՛յ՝ «երկարախմորակլորածակ»ի անփառունակ ճակատագիրը)։ Ոչ ալ կարելի է հայացնել ամէն ինչ անխտիր։ Բայց ասիկա չի նշանակեր, որ ամէն մէկ հայացում պէտք է մէկ կողմ նետել՝ որպէս թէ «տխմարագոյն համարժէք»։ Հեղինակը թերեւս պարտաւոր էր իր ութը տողնոց ներածականին մէջ գոնէ մաքսիմում բառին հայերէնը գործածել. կամ արդեօք «առաւելագոյնս» բառը նոյնպէս տխմարներու ստեղծո՞ւմն է։
Հեղինակին քով-քովի բերած բառերուն աղբիւրներուն ծանօթ չեն, նոյնիսկ՝ յիշեալ հայացումներէն մէկ քանիին երբեք չենք հանդիպած ցարդ։ Որպէս «զուարճանքին» մեր մասնակցութիւնը, այդ հայացումներուն կցած ենք (ընդգծումով) մեզի ծանօթ հայերէն ձեւերը, որոնց հանդիպած ենք մամուլի կամ հեղինակաւոր բառարաններու մէջ։ Երբեմն պարզապէս կցած ենք մեր դիտողութիւնները։ Երբ որեւէ բառ (ներառեալ հեղինակին մէջբերումը) մեզի ծանօթ չէ, բաց ձգած ենք։
ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
28.8.12
Գովք օտարաբան հայերէնի
ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Յաճախ կ՚իմանանք բանաւոր ու գրաւոր
տրտունջներ՝ արեւելահայերէնի մէջ անհարկի օտար բառերու ներկայութեան մասին, իսկ երբեմն՝
անհարկի հայացումներու ներկայութեան մասին։ Վերջին տեսակին կը պատկանի Մերուժան
Յարութիւնեանի յօդուածը՝ «Մեր դասագրքերի սարսափելի լեզուն», «Գրական թերթ»ի Մայիս
25, 2012ի թիւին մէջ։
Ըստ համալսարանի անձնակազմի կայքէջին
տեղեկութիւններուն, հեղինակը 1971էն ի վեր Երեւանի պետական համալսարանի
բնագիտութեան ճիւղի «Ընդհանուր բնագիտութեան եւ աստղաբնագիտութեան» ամպիոնի ասիստենտ (օգնական դասախօս) է, ուր
ընդհանուր եւ տեսական բնագիտութեան դասընթացքներ կու տայ։ Իր գիտական
հետաքրքրութիւններուն բնագաւառն է՝ «օպտիկա,
ֆոտոնիկ բիւրեղների օպտիկա, երկնային
ֆիգուրների հաւասարակշռութիւնը եւ
կայունութիւնը, դիֆրակցիոն ճառագայթում,
գրաւիտացիայի տեսութիւն»։ Ահա թէ ինչու
յօդուածը գլխաւորաբար կը կեդրոնանայ բնագիտութեան վրայ։ Պիտի անդրադառնանք անոր,
հետեւելով Մ. Յարութիւնեանի ենթախորագիրներուն։
3.11.11
Հայերէն իմացողները վտանգուած են Հայաստանի մէջ
ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Վերնագիրը կրնայ ցնցիչ ըլլալ, բայց «Առաջին լրատուական»ի (www.1.am) արեւելահայերէնի
բառացի վերածումն է։ Եւ, դատելով բովանդակութենէն,
հիմնաւորման
բաժին չի պակսիր։
Սեպտեմբեր 15ի լուրը
կը յայտնէ, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան փոխ-ոստիկանապետ Արթուր Օսիկեանը Ազգ. Ժողովին ներկայացուցած է նախագիծ մը՝ «ՀՀ քաղաքացիութեան մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու համար։
Ըստ նախագիծին,
կը նախատեսուի քաղաքացիութիւն ստանալու կարգը պարզեցնել։ Այս «պարզեցումը» կ՚ենթադրէ, եթէ օրէնքը ընդունուի, որ հայերէնն ու Սահմանադրութիւնը
գիտնալը պարտադիր պիտի չըլլայ քաղաքացի դառնալ ուզողին համար։ Տիար
Օսիկեան նախօրօք յայտնած էր, ըստ լրատուութեան, որ «լինում են հայրենասէր հայեր, ովքեր հայերէնի իմացութեան հարցում դժուարանում են, եւ նման մարդկանց քաղաքացիութիւն չտալը մեղմ ասած սխալ է»:
10.9.11
Գերազանց զաւակ, Ալզհայմըր եւ հայերէն լեզու
ՍԵՒԱԿ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Աւելին՝ ուսումնասիրութիւնները կը յանգին նաեւ այն եզրակացութեան թէ այդ մանուկները որոնք կանոնաւորապէս երկու լեզուներ կը գործածեն աւելի յաջող կ'ըլլան գործողութիւններու առաջնահերթութիւնը համադրելու (prioritizing tasks) եւ բազմագործողութիւններու (multitasking) մէջ:
28.3.11
Ինչ տուեց 2010ը հայ[աստանեան] գրականութեանը
Ամփոփելով 2010ը՝ վստահաբար կարելի է ասել, որ այն բեկումնային էր եւ զարգացման ու վերաիմաստաւորման որակապէս նոր փուլի սկիզբը դարձաւ ժամանակակից հայ գրականութեան համար: Առաջին պատճառը ինտերնետային հաղորդակցութեան բումն էր, որ հայրենական մեդիավակումի պատճառով ներամփոփուած ու ճահճացած գրական գործընթացը հանեց առցանց տարածման ու քննարկման կենդանի միջավայր: Ողջ յետսովետական շրջանում արդի հայ գրականութիւնը երբեք ընթերցողների լայն շրջանակներին այդքան մօտ չէր եղել քան այս տարի:
9.9.10
Օտարալեզու դպրոցները Հայաստանի մէջ կամ՝ «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ»ի գիւտը
Վերջերս հրապարակի վրայ դրուած է օտարալեզու դպրոցներու հարցը Հայաստանի մէջ։ Յօնք շինելու եւ աչք հանելու յայտնի առածին ողբերգա-զաւեշտական արտայայտութիւն մը։
Հայաստանի-Թուրքիա ձմեռնաքունի մէջ մտած, բայց ո՛չ մահամերձ արձանագրութիւններուն նման, կարելի է ըսել, թէ քուլիսներու ետին «եփուած» ու յանկարծ հրապարակ նետուած խնդիր մըն է, որ շինիչ ոչինչ ստեղծած է, բացի... նոր երկփեղկումէ մը։
Նոր արուեստական տագնապ մը եւ ուրիշ ոչինչ։
31.12.09
Հայերէն գիրքն ու թերթը 21րդ դարուն
Ինչպէ՞ս կը տեսնէք հրատարակութիւններու (գիրք, թերթ, պարբերական) զարգացումը՝ 21-րդ դարու գալիք տասնամեակներուն, նկատի առնելով մէկ կողմէն ելեկտրոնիկ հաղորդակցութեան ծաղկումը եւ միւս կողմէ բնապահպանական մտահոգութիւնները, թուղթի արտադրութիւնն ու սպառումը պակսեցնելու ձգտումները: Ի՞նչ տեղ կը մնայ թղթային, տպագիր հրատարակութիւններուն: Ասոր զուգահեռ կը դրուի հայերէն հրատարակութիւններու ապագայի հարցը, եւ վերեւի նկատառումներուն վրայ կ'աւելնայ լեզուի հարցը։
1.11.09
Հայերէն լեզուն անտէր ու անպաշտպան է այլեւս...
ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Վերնագիրը կ՚ընդօրինակենք Լեւոն Շառոյեանի դիպուկ յօդուածէն (”Յառաջ”, Ապրիլ 28, 2009)։ Բայց հարցման նշանը հանած ենք։
Այո՛, հայերէն լեզուն պէտք է անտէր ու անտիրական նկատել այլեւս, երբ տիրութիւն ու պաշտպանութիւն ընելու կոչուած մարմիններն ու անհատները պարզապէս կը դաւաճանեն անոր։ Ու այստեղ վիճաբանութեան տեղիք չկայ։
Subscribe to:
Posts (Atom)