Showing posts with label Լիբանան. Show all posts
Showing posts with label Լիբանան. Show all posts

29.4.20

Լեւոն Ճերմակեանն ու «Ոսկեդար»ը

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
 

Գրասեղանիս վրայ ամէնօրեայ ներկայութիւն է Լեւոն Ճերմակեանը, Ժընեւ հասնելէս աւելի քան վեց տարիներէ ի վեր՝ կարմիր կողքով իր հեղինակած ֆրանսերէնէ հայերէն բառարանով, որ շուրջ քառասնամեայ մեր ծանօթութեան վերջին յիշատակը եղաւ:
Արդէն տարի մը անցաւ իր անձայն ու անշշուկ մեկնումէն, ինչպէս որ Մեսրոպեան մեծ գիւտի սպասաւորը եղաւ ան քառասուն տարիներ՝ կրկին անձայն ու անշշուկ:
Մէկ տարիով կանխած էր զիս գրավաճառութիւնը որպէս ասպարէզ ընտրելու իր արկածախնդրութեան մէջ՝ 1980 թուականին Պուրճ Համուտի սրտին վրայ հիմնելով «ՈՍԿԵԴԱՐ ՀԱՅ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՏՈՒՆ»-ը, անուն մը, որ ինքնին յարգանք կը պարտադրէ եւ ճաշակ կը բուրէ:

16.2.18

Յաւելումներու ստեղծած տագնապին ի տես. միասնաբար ամուր պահենք հայ դպրոցը

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Լիբանահայ դպրոցներուն պարագային ստեղծուած նիւթական տագնապը մղած է յօդուածագիրը կրկնելու կարգ մը յայտնի ճշմարտութիւններ, որոնք կ՚երթան երկրի սահմաններէն անդին ու կը տարածուին ամբողջ Սփիւռքի վրայ։ Կ՚արժէ թուարկել քանի մը հատը՝ ի պէտս բոլոր անոնց, որոնք մինչեւ այսօր ջայլամի նման գլուխը կը թաղեն աւազին մէջ.
«Հայ դպրոցը ծնողք – կրթական մշակ – համայնքային ղեկավարութիւն եռեակին վրայ հիմնուած է»:
«Արդի ժամանակներու նորարարութեան պահանջներուն հետեւելու շուտիկութիւնն ու հեւքը յաճախ դպրոցներ դրած են մրցակցութեան խօլ պայքարի մէջ` զարդարելով պատերը, փայլեցնելով քար եւ կոթող, շքեղացնելով գրասենեակներ, բայց մոռնալով, որ այդ բոլորը իրենց գինը ունին»։ 
«Նոր շէնքեր, եկեղեցի, կոթող, յուշարձան կառուցելով չէ, որ հայութիւնը կը պահպանուի-:
«Հայկականք»

17.1.18

Քաղաքացիական պատերազմը բեկանեց նաեւ պէյրութահայութիւնը

ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ

Հրանդ Տինք հիմնարկի հայագիտական բանախօսութիւններու շարքէն երկու արժէքաւոր ակադեմականներ այցելած են Պոլիս։ Հայկազեան համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Հետազօտութիւններու Կեդրոնի տնօրէն, քաղաքական գիտութիւններու տոքթոր Անդրանիկ Տագէսեան 10 Յունուարին բանախօսեց հիմնարկի «Հաւաք» լսարանին մէջ, նիւթ ունենալով իր կեդրոնի աշխատութիւններու լոյսին տակ լիբանանահայութեան 1920-ականներէն մինչեւ մեր օրերուն երկարող համայնապատկերը։
Ստորեւ կը ներկայացնենք յարգելի ատենախօսի հետ «Ակօս»ի խմբագրապետ Եդուարդ Տանձիկեանի կատարած հարցազրոյցը։
Նոյն շրջագծով, 12 Յունուարին այս անգամ Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Տոքթ. Տիգրան Զարգարեան բանախօսեց թուայնացուած գրադարաններու մասին։ Բացի Տոքթ. Զարգարեանի զեկոյցէն, Վահագն Քէշիշեանի ատենավարութեամբ բանախօսութիւնը տեղի ունեցաւ ասուլիսի բնոյթ, որուն մասնակցեցաւ նաեւ տոքթ. Տագէսեան։

3.12.17

Ո՞վ ի՛նչ կը սպասէ հայ դպրոցէն

 ԵՐՈՒԱՆԴ Հ. ՔԱՍՈՒՆԻ

Եթէ Սփիւռքի, որպէս առաջադրանքներ ունեցող հայագաղութներու միասնութիւն ու միութիւն, կենսական մարտահրաւէրներէն մէկը հայապահպանումն է, ապա ուրեմն աներկբայ իրողութիւն է, որ հայապահպանութեան անփոխարինելի դարբնոցը հայ դպրոցն է:
Ուրեմն եւ` անխուսափելի հարցումը: Սփիւռքի մէջ ո՞ւր է հայ դպրոցը այսօր: Մեկնակէտ ունենանք լիբանանահայ դպրոցը, որ գրեթէ դար մը ամբողջ մնաց ու տակաւին է առաջատարը հայ գիրն ու դպրութիւնը ուսուցանող, հրատարակող ու տարածող: Բայց նոյն դպրոցին կարողականութի՞ւնը` վաղուան մարտահրաւէրներուն դիմաց:
Ոչ մէկ կասկած, որ հայ դպրոցին մէջ հայ աշակերտներու թիւի համեմատական աճին հետ նաեւ կարելի է գնահատել հայ դպրոցի յառաջընթացն ու յաջողութեան գրաւականը: Եւ այս առումով, ի՞նչ կ՚ըսէ հայ դպրոց յաճախող հայ աշակերտներուն թիւը այսօր: Աւելի քան մէկ տասնամեակ է, որ աննախընթաց նուազում կ՚արձանագրէ հայ աշակերտներուն թիւը հայ դպրոցներուն մէջ:

28.7.17

«Հայաստան մաֆիա կայ»

ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ
 
Շատ դժուար է սփիւռքահայ մամուլի միջոցով իմանալ Հայաստանում տիրող իրավիճակի, յատկապէս բիզնես միջավայրի մասին մեր ազգակիցների իսկական կարծիքը: Թերթերն ու միւս լրատուամիջոցները սովորաբար ունեն իրենց աւանդական թեմաները՝ գերազանցապէս յենուած պաշտօնական տեղեկատուութեան վրայ: Մեր խմբագիրներն ու թղթակիցները ըստ երեւոյթին իրենց աւելի յարմար են զգում կուսակցական կամ հատուածական կաղապարուածութեան մէջ, աչքը յառած իրենց շէֆերի, մէկ էլ՝ Սփիւռքի նախարարուհու մեդալների ու հրաւէրների վրայ... Սփիւռքահայ հասարակ մարդը բացակայ է գրեթէ միշտ, չկայ ընթերցողների հետ՝ այսպէս կոչուած ինտերակտիւ երկխօսութիւն: Ճիշդ է, մէկ-մէկ հանդիպում ենք պոռթկումների՝ սակայն միայն համազգային բնոյթի հարցերի շուրջը:

17.6.17

Վաչէ Ատրունի. «Իմ բոլոր գրական գործերն ուղղորդուած են դէպի Սփիւռքի գոյավիճակը»

ԱՐԾՈՒԻ ԲԱԽՉԻՆԵԱՆ

Թատերագիր, արձակագիր, բեմադրիչ եւ դերասան Վաչէ Ատրունու անունը ծանօթ է Բէյրութի եւ Հալէպի, որոշ չափով էլ՝ Երեւանի թատերասէր ու գրասէր հանրութեանը եւ մասնագէտներին: Երեւանի գեղարուեստաթատերական ինստիտուտի շրջանաւարտ Վաչէ Ատրունին քառասուն տարուց աւելի է կնոջ՝ ծնունդով երեւանցի բեմադրիչ եւ դերասանուհի Լանա Քոչարեան-Ատրունիի հետ միասին նուիրուած է Մերձաւոր Արեւելքի հայալեզու թատրոնի պահպանման ու զարգացման յիրաւի դոնկիխոտեան գործին...
Իմ զրոյցը վաստակաշատ գրող-արուեստագէտի հետ իր անցած ուղու, սփիւռքահայ թատրոնի եւ գրականութեան վերաբերեալ տեղի ունեցաւ Բէյրութում, «փոքրիկ Հայաստան» անուանուող Բուրջ Համուդ թաղամասում գտնուող նրա հայրական օջախում, հայերէն եւ ռուսերէն բազմաթիւ գրքերի, հայաստանցի եւ սփիւռքահայ նկարիչներիՙ պատերից մեզ նայող գործերի շնչող ներկայութեամբ...

12.8.16

Lեռնականներու վերջին շառաւիղը՝ Սիմոն Սիմոնեան (մահուան 30-ամեակին առիթով)

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Այս խորագիրը փոխ կ՚առնեմ իմ հի՜ն մէկ գրութենէն, որ ճիշդ 30 տարի առաջ, ճշգրտօրէն՝ 13 Յունիս 1986-ին, լոյս տեսած էր Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթին մէջ, որուն նո՛ր է որ սկսեր էի աշխատակցիլ Հալէպէն՝ սկսնակ լրագրողի մը դեդեւկոտ քայլերով։
Թերթին լման մէկ էջը գրաւող կարճաշունչ յօդուած մըն էր ատիկա, զոր գրի առած էի Սիմոն Սիմոնեանի մահուան անմիջական վաղորդայնին։

2.8.16

Երեւան եւ … Պէյրութ

ԱՐԱ ՍԱՆՃԵԱՆ
 
Յուլիս 17-էն սկսեալ` երեւանեան վերջին անցուդարձի ֆոնին վրայ, մեր հայրենաբնակ կարգ մը ազգակիցներէն քանիցս լսեցինք թէ «Պէյրութ մի՛ սարքէք մեր երկիրը»։ Երկուշաբթի օր [1 Օգոստոս 2016], Պէյրութի կողքին յայտնուեցաւ նաեւ Հալէպը` իբրեւ մէկը այն երկու օրինակներէն, որոնցմէ պէտք է խուսափին Հայաստանի քաղաքացիները։
Պէյրութն ու Հալէպը, երկու քաղաքներ, ուր մեր նախնիներէն շատերը կրցան ցեղասպանութենէն ճողոպրիլ, այնտեղ հանգրուանիլ ու իրենց համար նոր կեանք ստեղծել, վերոնշեալ պարագաներուն բնականաբար կը ներկայացուին իբրեւ բացասական օրինակներ։
Հալէպի պատիւը պաշտպանելու պարտականութիւնը կը թողում Սուրիոյ այդ վաճառաշահ քաղաքին մէջ ծնած, մեծցած ու նոյնիսկ այս դժնդակ օրերուն այդ քաղաքին կառչած ազգակիցներուս։

17.2.16

Պերճ Ֆազլեանն ալ մեկնեցաւ...

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
 
Շարունակական տերեւաթափի մը ականատեսն ենք։
Մի առ մի այս աշխարհէն հրաժեշտ կ՚առնեն ու կը մեկնին այնպիսի արժէքներ, որոնք դիմագիծ տուած էին Սփիւռքին, ապահոված էին այն հիմնական թթխմորը՝ որ ցիրուցան գաղութները հայ կը պահէ, հա՛յօրէն ապրելու կռուաններ կը ստեղծէ։

29.12.15

Յայտնի բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեանի մահը

28 Դեկտեմբեր 2015ին Սփիւռքի մշակոյթը կորսնցուց բազմավաստակ դերասան եւ բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեանը, որ տասնամեակներ շարունակ իր անջնջելի դրոշմը դրած էր լիբանանահայ թատերական կեանքին վրայ:

12.8.15

Վիքիփետիան արեւմտահայերէնով հարստացնելու ճամբար. մինչ մեծահասակները լոզունգներ կ՚արձակեն, փոքրահասակները գործնականօրէն կը նպաստեն

ՍԵՒԱԿ   ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Ուիքիփետիան բազմալեզու համացանցային ազատ հանրագիտարան է, որ կը ստեղծուի կամաւորներու համագործակցութեամբ: Ան կ՚օգնէ տեղեկանալու մարդկութեան պատմութեան ընթացքին ստեղծուած գիտելիքներու ամբողջ պաշարին: Ան հիմնուած է ամերիկացիներ Ճիմի Ուելսի եւ Լարի Սանճէրի կողմէ 15 Յունուար 2001ին:
Այսօրուայ դրութեամբ Ուիքիփետիան աշխարհի ամենամեծ հանրագիտարանն է: Ան օրական կը հարստացուի եւ կը պահպանուի աշխարհի մէջ տարածուած 14 միլիոն մասնակիցներու կողմէ: Ամէն ամիս Ուիքիփետիայէն կ՛օգտուին 500 միլիոնէ աւելի այցելուներ:
Հայկական իրականութեան մէջ յաճախ հայերէն տեղեկատուութիւնը համացանցի վրայ բացակայ է կամ անհամեմատելիօրէն աղքատ՝ բաղդատած այլ լեզուներու հետ եւ մենք ստիպուած ենք մեզ հետաքրքրող նիւթը կարդալ այլ լեզուներով:

11.6.15

17.9.14

Հարցազրոյց Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեանի հետ

 ԼՈՌԻԿ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ-ԾԱՏՈՒՐԵԱՆ

Օգոստոսին Լիբանան կը գտնուէր Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեանը, որուն հետ «Վանայ Ձայն» ռատիոժամը կատարած է հարցազրոյց մը` սուրիահայութեան այսօրուան վիճակին, դիմագրաւած դժուարութիւններուն, կենցաղային հարցերուն եւ թերթին գոյատեւման մասին:
Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցին հիմնական բաժինները:

12.8.14

«Փթիթ». հունտ մը՝ մանկական գրականութեան մէջ


ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
 
Շուրջ չորս տարի առաջ էր, երբ լիբանանահայ մեր սիրելի բարեկամները՝ Կարօ եւ Վերժին Աբրահամեան ամոլը, բոլորովին անձնական նախաձեռնութեամբ մտադրեցին Պէյրութի մէջ հրատարակել մանկա-պատանեկան պարբերաթերթ մը։
Զայն կոչեցին «ՓԹԻԹ»։

15.3.14

Մենախօս-կատակերգակ Վահէէն անդին...

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
 
Սովորական պտոյտ չէ Վահէ Պէրպէրեանին հետ Պուրճ Համուտի փողոցներէն քալելը, «կանգառ»ները շատ են, ծանօթ–անծանօթները, իսկոյն ծանօթի վերածուողները՝ բազմաթիւ, Վահէին հետ նկարուելու փափաք ունեցողներուն ուրախ ու գոհունակ դէմքերն ու մտերիմի նայուածքները՝ տիրական, տոմս ապահովելու անկարողներուն գանգատներն ու «բան մը ըրէ»ի խնդրանքները՝ Վահէն տխրեցնող եւ շփոթի մատնող, «անպայման նորէն պիտի գամ»ի խոստում տալու մղող… Տակաւին կան հեռուէն ժպտացողներն ու բարեւողները, որոնք դրական եւ լայնաժպիտ պատասխան կը ստանան անխտիր՝ իբրեւ վաղեմի «բարեկամներ»:

10.2.14

Սեզա՜ն... Ո՞վ կը յիշէ Սիրան Սեզան


ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Ամերիկահայ մամուլին մէջ, պատահաբար, ուրախացուցիչ լուր մը կարդացի։
Ուրախացուցիչ եւ միաժամանակ զարմացնող լուր մը։
Անցնող Հոկտեմբեր 18ին, Կլէնտէյլի (Լոս Անճեըլըս) հանրային գրադարանին մէջ սարքուած գրական ձեռնարկով մը՝ ոգեկոչուեր է գրագիտուհի Սիրան Սեզայի յիշատակը, իր ծննդեան 110րդ տարեդարձին առիթով։
Օ՜, Սիրան Սեզան, բոլորին ծանօթ երբեմնի գրագիտուհի Տիկին Սեզան…։
Սեզան ճիշդ 40 տարիէ ի վեր անդարձ բաժնուած էր մեզմէ, դարձած էր գրեթէ մոռցուած անուն մը։ Նոր սերունդին համար ալ՝ անծանօթ մը։
Բայց հիմա, երբ հեռաւոր Ամերիկայի մէջ կ՚ոգեկոչուէր ան լեցուն սրահի մը մէջ, մամուլն ալ կ՚արձագանգէր այդ ձեռնարկին պատշաճ մերձեցումով, կը նշանակէր թէ տակաւին արթուն էր մեր հաւաքական յիշողութիւնը, դեռ բոլորովին չէր խամրած հետաքրքրութիւնը՝ մեր անցեալի արժէքներուն նկատմամբ։

11.9.13

«Այսինքն՝ կոտրէք Հալէպը եւ Բէյրութը, եւ 20 տարի յետոյ...»

Հայաստանը պէտք է գործադրէ բոլոր հնարաւոր ջանքերը սուրիական ճգնաժամէն առանց կորուստներու դուրս գալու համար: Սեպտեմբեր 3ին,  լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ, այս մասին նշած է քաղաքագէտ եւ «Մոտուս Վիվենտի» կեդրոնի ղեկավար Արա Պապեանը:

19.8.13

Հարցազրոյց սփիւռքահայ գրող Գրիգոր Պըլտեանի հետ

ԱՆՈՅՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
 
Երեւանեան շոգ Յուլիս. Չարենցի փողոցի բնակարաններէն մէկուն մէջ հիւրընկալուած է հայ գրող Գրիգոր Պըլտեան, որ Փարիզ կը բնակի: Տեղեակ էի, որ իր ժամանակը կարճ է եւ շուտով պիտի մեկնի. կը փութամ հարցազրոյց մը կատարել մեծ մտաւորականին հետ: Հակառակ սուղ ժամանակին, կու տայ ժամադրութիւն: Տանտէրերը տունը քանի մը օրով տրամադրած են գրողին. խորհրդային  նախագծով կառուցուած  յարկաբաժին մըն է՝ բարձր առաստաղով: Բնակարանը լեցուն է գիրքերով ու արուեստի հնաոճ  իրերով. ժամանակակից աշխարհի շունչը կարծես մուտք չէ գործած այս յարկաբաժին, բայց միևնոյն ժամանակ՝ այնքա՜ն խորհրդաւոր է հին իրերու եւ գիրքերու այդ տարածքը։ Դուրսը յուլիսեան տաքը աննախադէպ բարձր ջերմաստիճաններ կ՚արձանագրէ, իսկ հայ գրողը նոյն պահուն տաք թէյ կը խմէ կիսամութ այդ բնակարանին մէջ՝.պահարանէն  հանած է  1970-ականներու խորհրդային ծանօթ գաւաթներ, թէյնիկ ու թէյ կը լեցնէ նաև ինծի  համար. թէյախոտն ալ իր հետ բերած է Փարիզէն, ուր իր տիկնոջ հետ պատշգամբը կ՚աճեցնեն կանաչ բոյսը: Եւ այս բոլորը այնքան բնորոշ է Գրիգոր Պըլտեանին, յար եւ նման իր պատումներուն՝ խորհրդաւոր, ինքնատիպ ու տարբերուող: Միաժամանակ մտածում եւ զգացում կայ այս ամէն ինչի մէջ, իսկ միտքն ու  զգացմունքն անպակաս են Գրիգոր Պըլտեանի ստեղծագործութիւններէն:

18.11.12

Նշմարներ Հալէպի առօրեայէն (Գ.)

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

Օրացոյցի թերթիկը կը պատռեմ, Շաբաթ, 13 Հոկտեմբեր, «Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետացն մերոյ», մինչ զարթնումէս ետք պատշգամ կ՛ելլեմ մաքուր օդ շնչելու, զզուելի վառօդի հոտը կը լեցուի թոքերէս ներս, գիշերային ընդհարումներու ընթացքին արձակուած ծանր զէնքերու աւերիչ ազդեցութիւնը կը շարունակէ իր մաղթը արշալոյսի թթուածինը չէզոքացնելով:
Այսօր հայոց պատմութեան բոլոր ժամանակներու մեծագոյն տօնն է, մեր գոյութեան գրաւականը, մեր լինելիութեան խարիսխը եւ մեր դարաւոր վահանը եղած է այդ գիւտին փառքը, իսկ Ս. Մեսրոպը` մեր մեծերու շարքին խոշորագոյն դէմքը:
Մշակոյթի ամիս է, սակայն կործանումի եւ կոտորածի օրեր կ՛ապրինք, կրթական օճախները փակ կը մնան տակաւին:

29.10.12

Ժամանակն է այլեւս խօսքերէ եւ աժան քննադատութիւններէ անդին անցնելու

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
 

Կ'ապրինք օրեր, երբ մանաւանդ Սփիւռքի մէջ, մեր որպէս ազգ գոյատեւման հարցը լուրջ նիւթ մըն է, զոր կարելի չէ թեթեւի առնել: Ժամանակի գործօնը անշուշտ իր բնական դերը կը խաղայ - ինչ որ կը վերաբերի սփիւռքահայութեան՝ զինք պարբակող այլ հաւաքականութիւններու մէջ ձուլումի երեւոյթին:
Ազգային, կրթական եւ ընկերային մտահոգութիւններ եւ զանազան երեւոյթներ բացատրելու եւ համապատասխան լուծումներ գտնելու համար, սակայն, մենք ընդհանրապէս չունինք համապատասխան մասնագիտական բաւարար ուսումնասիրութիւններ եւ գիտական մօտեցում, իսկ մեր հետաքրքրութիւնն ու մտահոգութիւնը դժբախտաբար շատ յաճախ չեն անցնիր տեսական խրատականներու եւ աժան քննադատութիւններու սահամանները: