Showing posts with label վիճակագրութիւն. Show all posts
Showing posts with label վիճակագրութիւն. Show all posts

7.6.17

Ոչ թէ 29.8, այլ 55%. Հայաստանում աղքատութեան ցուցանիշի սուտը

Օրերս ՀՀ Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը հրապարակել է 2017 թ. առաջին եռամսեակում ՀՀ պարենային ապահովութեան եւ աղքատութեան վերաբերեալ մի զեկոյց, ըստ որի՝ ՀՀ-ում աղքատութեան մակարդակը կազմում է 29,8%: Սա նշանակում է, որ Հայաստանում մօտ 900 հազար մարդ աղքատ է, որից մօտ 300 հազարը շատ աղքատ, իսկ մօտ 60 հազարը՝ ծայրայեղ աղքատ: Այսուամենայնիւ, ՀՀ բնակչութեան լայն շերտերում առկայ կենսապայմանները մեզ ստիպում են որոշակի կասկածամտութեամբ մօտենալ անգամ այս բարձր ցուցանիշին:

5.2.14

Խոտորում


ՅԱԿՈԲ ԿԻՒԼԼԻՒՃԵԱՆ


Վերջապէս:
«Ասպարէզ»ի Դեկտեմբեր 27ի թիւին մէջ Ժան Գոսագեանի ստորագրութեամբ լոյս տեսաւ ամերիկահայութեան թիւին մասին բաւական հիւթեղ յօդուած մը (*): Հիւթեղ՝ թէ՛ տուեալներու առատութեան եւ նշանակալից հանգամանքին, եւ թէ այդ տուեալներէն ճիւղաւորուող բազմապիսի եզրակացութիւններ՝ հիւթ քամելու կարելիութեան համար: Տուեալները կարելի է վիճարկել, համեմատել, ուսումնասիրել. սակայն այդ մասին՝ այլ առիթով: Առայժմ, սակայն, կեդրոնանանք վիճակագրութեան տեղ տալու երեւոյթին վրայ միայն:

2.1.14

Միացեալ Նահանգներու հայութեան թիւը կը գնահատուի 1,2-1,3 միլիոն

ԺԱՆ ԳՈՍԱԳԵԱՆ
Տասը տարին անգամ մը, Միացեալ Նահանգներու տարածքին տեղի կ՚ունենայ կառավարութեան կողմէ կազմակերպուած մարդահամար մը, որ ժողովուրդի թուաքանակը յստակացնելէ զատ, կը բացայայտէ նաեւ անոր ընկերա-տնտեսական ու ժողովրդագրական իրավիճակը:
Ամերիկեան սոյն մարդահամարը առիթ կ՚ընծայէ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակող որեւէ անձ՝ օրինական քաղաքացի կամ ոչ, հարցումներուն պատասխանելով ինք իր մասին կամաւոր կերպով տեղեկութիւններ փոխանցէ երկրի վիճակագրական ու ժողովրդագրական հարցերով զբաղուող գիտական եւ ուսումնասիրական հաստատութիւններուն: Այս տուեալները բնականաբար կ՚օգտագործուին յաջորդող տասը տարիներուն ընթացքին երկրին զարգացումը պատկերացնելու ու այդ ուղղութեամբ ծրագիրներ մշակելու: Մենք եւս պիտի փորձենք օգտուիլ այս մարդահամարէն, պարզաբանելու համար ամերիկահայութեան իրական թուաքանակը ու անոր աշխարհագրական կեդրոնացումները, ինչու չէ նաեւ ներկայացնել որոշ հետաքրքրական ընկերատնտեսական իրավիճակներ:

28.11.12

Ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ չլքել երկիրը

ԳՈՀԱՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
 
Վիճակագիր-տնտեսագէտ Անի Քալաշեանն «Առաւօտ»ի հետ զրոյցում խօսելով ուղեղների արտահոսքի մասին` փաստում է. «Այդ պատճառով միջինում ունենում ենք մտաւոր մակարդակի անկում, որը, սակայն, կոմպենսացւում է նրանով, որ Հայաստանը "ուղեղների շտեմարան" է: Եթէ, օրինակ, Չինաստանում 1 000 000 մարդու պարագայում կը հանդիպես մէկ գիտնականի, Հայաստանում` 1000-ից մէկն է գիտնական: Մեր բնակչութեան թուաքանակի պակասութիւնը շուրջ հազար անգամ կոմպենսացւում է մեր որակական յատկանիշներով»:

5.11.09

Քանի՞ հայ կայ Արժանթինի մէջ

Վիճակագրութիւնը հայութեան Աքիլլէսի կրունկը կը թուի ըլլալ։ Սփիւռքի թերթերը կը վխտան յօդուածներով, որոնք երեւակայութեան ուժ կու տան, հարցեր քննարկելով առանց քանակական տուեալներու գոյութեան կամ օգտագործումին։ Իսկ երբ նման փաստական տուեալներու կը հանդիպինք, յաճախ աղբիւր չունին կամ, լաւագոյն պարագային, պղտոր աղբիւրէ մը կու գան։