Showing posts with label Սուրիահայութեան Օժանդակոիւթեան Միացեալ Մարմին. Show all posts
Showing posts with label Սուրիահայութեան Օժանդակոիւթեան Միացեալ Մարմին. Show all posts

23.1.15

Յայտարարութիւն՝ ԱՄՆ գաղթով հետաքրքրուած սուրիահայերուն

Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Մարմնի (Syrian Armenian Relief Fund, ՍԱՐՖ/SARF) գործադիր մարմինը յայտարարութիւն մը հրապարակած է, որ լոյս տեսած է «Ասպարէզ»ի Յունուար 23ի թիւին մէջ, ուր ի մասնաւորի նշուած է.
«Վերջին շաբաթներուն ընթացքին, կարգ մը յայտարարութիւններ եղած են հանրութեան, թէ Միացեալ Ազգերու Գաղթականներու Գերագոյն խորհուրդը եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը նախաձեռնած են սուրիացիներու վերաբնակեցման ծրագիրի մը, օգնելու համար անհատներու եւ ընտանիքներու, որոնք տեղահանուած են երկրին անապահով վիճակի շարունակման հետեւանքով: