ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Կ՚արժէ պահ մը մոռնալ Շառլ Ազնաւուրի յուղարկաւորութեան ու թաղումին Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական ու եկեղեցական աւագանիին ներկայութեան, ինչպէս եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յուզիչ եւ իր փոխաբերութեան ուժով մտածել տուող դամբանական ուղերձին իմաստը։
Կ՚արժէ պահ մը յիշել, թէ Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն՝ իր նոյնքան բովանդակալից ուղերձին կողքին, նաեւ տեղին համարած էր Ազնաւուրի մասին իր «Թուիթըր»-ի գրառումները հայերէնի թարգմանել տալ։
Կ՚արժէ պահ մը յիշել, թէ Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն՝ իր նոյնքան բովանդակալից ուղերձին կողքին, նաեւ տեղին համարած էր Ազնաւուրի մասին իր «Թուիթըր»-ի գրառումները հայերէնի թարգմանել տալ։