Showing posts with label ընտրութիւններ. Show all posts
Showing posts with label ընտրութիւններ. Show all posts

11.4.17

Յաղթանակ՝ շնորհիւ վարչապետ Կարէն Կարապետեանին եւ ընտրակաշառքներուն

Ժ. Չ.

Կիրակի, Ապրիլ 2-ի խորհրդարանական ընտրութիւնները առաջիններն էին, որոնք հաստատեցին Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանական վարչակարգի անցումը։ Թէեւ եղան բազմաթիւ ընտրախախտումներ, սակայն առաջին անգամ ըլլալով յետընտրական շրջանը չպսակուեցաւ ամբոխային ցոյցերով եւ խառնակութիւններով, որ իսկապէս ողջունելի երեւոյթ է։

3.4.17

Ինչի՞ մասին են խօսում ընտրութիւնների արդիւնքները

ԳԷՈՐԳ ԱՂԱԲԱԲԵԱՆ

Կենտրոնական Ընտրական յանձնաժողովը (ԿԸՅ) հրապարակեց Ազգային ժողովի ընտրութիւնների նախնական արդիւնքները: 6րդ գումարման ԱԺն կազմուած կը լինի 4 քաղաքական ուժերից՝ ՀՀԿ, ՀՅԴ կուսակցութիւններ, «Ծառուկեան» եւ «Ելք» դաշինքներ: Այս ուժերի վերջնական դասաւորութիւնն ԱԺում պարզ կը դառնայ յառաջիկայում՝ ընտրական օրէնսգրքով սահմանուած կարգով կատարուելիք մաթեմատիկական հաշուարկներից: Այսուհանդերձ, Ապրիլի 2ին կայացած ընտրութիւնները եւ արձանագրուած արդիւնքները թոյլ են տալիս անելու մի քանի դիտարկում:

10.9.16

Դարձեալ խաբկանք, դարձեալ յուսախաբութիւն



ԱՆԱՐԺԱՆ ԴՊԻՐ

Հայաստանի Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի վերջին որոշումը, որ կը վերաբերի ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններու չեղեալ հռչակումին, խորքին մէջ առանձնապէս ծանրակշիռ երեւոյթ է եւ առիթ՝ լուրջ խորհրդածութիւններու։

21.4.13

Ժիրայր Լիպարիտեան. «Րաֆֆիի արտաքին քաղաքական սկզբունքները հակադրւում են ԱՄՆ-ի շահերին»

ԿԱՐԻՆԷ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

«Առաջին լրատուական»ը հարցազրոյց մը ունեցած է ԱՄՆի Միշիկըն-Էնն Էրպըր համալսարանի հայոց պատմութեան ամպիոնի վարիչ (վերջերս՝ հանգստեան կոչուած) Ժիրայր Լիպարիտեանի հետ, որ 1990-1997ին Հայաստանի մէջ տարբեր պաշտօններ վարած է, ներառեալ՝ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի աւագ խորհրդականի պաշտօնը (1994-1997)։ Ստորեւ տրուող շարադրանքը Ժ. Լիպարիտեանի ընդարձակ պատասխաններուն կրճատուած տարբերակն է, որ առցանց տեղադրուած է Ապրիլ 13ին, երբ Րաֆֆի Յովհաննիսեանի հացադուլը աւարտած էր, իսկ Սերժ Սարգսեանի երդման արարողութիւնը՝ կատարուած։

12.4.13

Ինչպէ՞ս բացատրել

ՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ
 
Հայաստանի 2013-ի նախագահական ընտրութիւններէն անցած է երկու շաբաթ: Թէ՛ընտրութեան նախօրեակին եւ թէ՛  յետնօրեակին, մեր միտքը կը չարչրկեն հարցադրումներ, որոնք տրամաբանական բացատրութեան կը կարօտին: Հարցադրումներ, որոնք վստահ ենք, որ կը տանջեն Հայաստանով ու հայութեամբ մտահոգ ամէն հայի միտք: Հարցադրումներ, որոնց պատասխանէն կախեալ է թէ ինչպիսի՞ իրավիճակի մէջ կ'ուզենք վարել ու առաջ տանիլ մեր կեանքը՝ պատրանքի՞, թէ՞ իրատեսութեան: Հարցադրումներ, որոնց տալիք մեր պատասխաններէն կախեալ է թէ ո՞ւր կ'երթանք որպէս ազգ, Հայաստանի թէ Սփիւռքի տարածքին, եւ որպէս պետականութիւն, որ ազգի մը գոյերթի կարեւորագոյն գրաւականներէն մին է: Ստորեւ, ամփոփ ձեւով կու տանք մեր հարցադրումները:

18.5.12

Լռութիւնը, որ իջաւ քաղաքի վրայ

ԿԱՐԻՆԷ ԽՈԴԻԿԵԱՆ

Հայաստանեան հերթական ընտրութիւնից յետոյ հերթական «խորհրդաւոր գիշեր»ուանը յաջորդող առաւօտը... Չէ՛, այս առաւօտը նախորդ հերթականներից շատ էր տարբեր։ Կիրակի օրն իր ուղիղ եթերներով, աչքիդ առաջ կնիքի օքսիդա-ցնդուող թանաքային ձեռնածութեամբ, ընտրատարածքների առջեւ կասկածելի կուտակումներով եւ ոչ մի կասկած չյարուցող ընտրակաշառքներով դարձաւ հերթական մի անցեալ օր, իսկ Երկուշաբթի, Մայիսի եօթի առաւօտն իր անսովորութիւնը բացայայտեց իր. . . լռութեամբ։ Լուռ էին մարդիկ, լուռ էր քաղաքը։