Showing posts with label Արթուր Սարգսեան. Show all posts
Showing posts with label Արթուր Սարգսեան. Show all posts

4.4.17

Վարդան Մատթէոսեան. «Սփիւռքի որոշ խաւ մը պատրաստ է մասնակից ըլլալ Հայաստանի պետականութեան կառուցման»

-Արդեօք կը հետեւի՞ք Հայաստանի ներքաղաքական   զարգացումներուն: Եթէ այո, ինչպէ՞ս կը գնահատէք ընդհանուր նախընտրական իրավիճակը:

Կը խոստովանիմ, որ կը հետեւիմ ներքաղաքական զարգացումներուն, բայց ոչ ամենայն մանրամասնութեամբ։ Նախընտրական իրավիճակը, յատկապէս նկատի ունենալով ինչ-ինչ քրէական եղելութիւններ, «վերեւներից» եկած պարտադրանքներ, ինչպէս եւ Արթուր Սարգսեանի մահուան պարագան, դժբախտաբար մեծ յոյսեր չի ներշնչեր, որ նախորդ ընտրութիւններու բաղդատմամբ յառաջընթաց մը արձանագրուի։ Երանի թէ սխալիմ, անշուշտ։

1.3.17

Յստակացման համար

ՀՐԱԿ Փ.
 
Շնորհակալ եմ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան, որ 23 Փետրուարին հրատարակեց «Լափշինը, հաց բերողը եւ նեղազգային հռետորաբանութիւնը» խորագրեալ յօդուածս, թէեւ «առանց բաժնելու այնտեղ արծարծուած կարգ մը տեսակէտներ, դատումներ ու եզրայանգումներ», ինչպէս կը նշուի 24 Փետրուարի «Ճշդումի կարգով» գրութեան մէջ: Շատ ամփոփ ձեւով կը փափաքիմ կատարել քանի մը յստակացում:

Ճշդումի կարգով

«Ա.»
 
Հինգշաբթի օրուան [23 Փետրուար 2017] մեր թիւով լոյս տեսած «Լափշինը, հաց բերողը եւ նեղազգային հռետորաբանութիւնը» խորագրեալ յօդուածին տեղ տուած էինք առանց բաժնելու այնտեղ արծարծուած կարգ մը տեսակէտներ, դատումներ ու եզրայանգումեր։
Այս առիթով յատկապէս այստեղ պէտք է ընդգծել անհամեմատելիութիւնը Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի հանրապետութեան միջեւ քաղաքական հալածանքներու եւ մարդու իրաւունքնեու թեմաներուն վերաբերալ։ Այս մօտեցումը որեւէ առումով ենթակայական բնոյթ չունի կամ հակառակորդներու նկատմամբ քաղաքական գերզգայնութեան նկատառումով չէ, որ կ’արձանագրուի։ Հայաստանի հանրապետութեան մէջ քաղաքական բանտարկեալներու չգոյութիւնը, մամուլի ազատութիւնը կամ քաղաքական հալածանքի բացակայութիւնը հաստատուած է բազմաթիւ օտար կառավարական եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու կողմէ։

Լափշինը, հաց բերողը եւ նեղազգային հռետորաբանութիւնը


ՀՐԱԿ Փ.

Կանխաւ նշեմ, որ Լափշինի ու «հաց բերող» Արթուրի պարագաները աւելի ընդհանրական խնդրի մը շուրջ խորհրդածելու համար դիտարկուող օրինակներ են պարզապէս. քննուող հարցը չի սահմանափակուիր անոնցմով: Հարցը կը վերաբերի Սփիւռքի մէջ տիրող քաղաքական հռետորաբանութեան, որ անշուշտ ունի Հայաստանի մէջ իր հակամասը (counterpart), որմէ կը սնանի: Պարզաբանելու եւ յառաջանալու համար անցնիմ օրինակներուն:
Ընթերցողներուն ջախջախիչ, եթէ ոչ բացարձակ մեծամասնութիւնը տեղեակ է դեռ թարմութիւնը չկորսնցուցած Լափշինի դէպի Ազրպէյճան արտայանձման եւ ձերբակալման լուրէն, ուստի չ’արժեր մանրամասնել: Մեր բաղդատութեան համար կարեւորը պաշտօնական խօսնակներու, լրատուամիջոցներու, երիտասարդական-ուսանողական թէ այլ միութիւններու հաղորդագրութիւններու, ցոյցերու, համացանցային դաշտի մէջ եւ այլուր տեղ գտած լայն ու ընդարձակ անդրադարձն է այդ դէպքին. դատապարտում եւ բողոքարկում` սպասուած, տեղին եւ արդար: Բայց լրիւ անկե՞ղծ` պիտի հարցապնդենք շուտով: