Panorama.am-ը զրոյց մը վարած է Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի առաջին արտակարգ եւ լիազօր դեսպան (1993-1999), 1999-2005ին Արտաքին Գործոց փոխնախարար, 2005-08ին Իտալիոյ, Սպանիոյ եւ Փորթուկալի մէջ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, իսկ 2009էն ի վեր Թաֆթս համալսարանի Ֆլեթչերի իրաւունքի եւ դիւանագիտութեան դպրոցի փրոֆեսոր Ռուբէն Շուգարեանի հետ: Նախկին դեսպանը խօսած է հայ-թրքական (ցիւրիխեան) կարգաւորման գործընթացի դասերուն, ապրիլեան պատերազմի շրջանին եւ անկէ ետք Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դիւանագիտութեան եւ ընդհանրապէս աշխարհի մէջ Հայաստանի տեղի եւ դերի մասին: