Showing posts with label Լոս Անճելըս. Show all posts
Showing posts with label Լոս Անճելըս. Show all posts

18.7.16

Աշխարհի վրայ աւելի քան 10 միլիոն հայ կ՚ապրի

Ստորեւ տրուող տեղեկութիւնները, ի հարկէ, պէտք է որոշ վերապահութեամբ ընդունիլ։ «Գաղթականական ծառայութիւններ»ու եւ «հայկական կառոյցներ»ու տուեալներու համադրութեամբ կատարուած վիճակագրութիւն մը որքանո՞վ կրնայ վստահելի ըլլալ։ Արժանթինի ո՞ր մէկ գաղթականական ծառայութիւնը, օրինակ, 128.000 հայերու թիւ ունի, երբ հայերու գաղթականութիւնը վաղուց դադրած է (Հայաստանէն արտագաղթողներու թիւը բաղդատաբար փոքր է). կ՚արժէ յիշել, որ ո՛չ մէկ «հայկական կառոյց» երբեւէ ամբողջական մարդահամար մը կատարած է երկրին մէջ, իսկ եթէ մօտաւոր գնահատումներու մասին է, արդէն գիտենք թէ ի՞նչ արժէք ունին անոնք մեր իրականութեան մէջ։ Նոյնը պէտք է ըսել Պուէնոս Այրէսի 81.000 հայերուն մասին։ Արդեօք չե՞ն կրնար 84.000 կամ 78.000 ըլլալ։
Հետաքրքրական է, որ Սպանիոյ մասին սովորաբար 35.000-40.000 հայերու մասին կը խօսուի (հիմնականին համայնքը ծագում առած է Հայաստանէն արտագաղթողներու հաշուոյն), իսկ հոս կը տրուի 8.000 թիւը։
Վերջապէս, թէեւ խիստ կասկածներ կան, որ Հայաստանի մարդահամարներու թիւերը ճշգրիտ են, արդեօք ուրկէ՞ քաղուած է Հայաստանի ու Արցախի սահմաններուն մէջ ապրող 2.157.270 հայերու թիւը ։
Աւելցնենք, որ տարիներ առաջ, այս տեղեկութիւնները հաւաքած կեդրոնին պարտական էինք Արժանթինի երբեմնի նախագահ Գարլոս Մենեմի հայկական ծագումի չնաշխարհիկ գիւտը։ Տե՛ս մեր յօդուածը («Ազգ», 26 Սեպտեմբեր 2013), զոր կարելի է գտնել նաեւ սոյն կայքագրին մէջ («Հայկականք»)։

22.12.14

Հայը եւ հայը Սփիւռքում. երկու ճանապարհ

ԱՐՄԷՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
 
Կա՞ յ արդեօք աւելի ուժեղ եւ աւելի տանջալի տառապանք, 
քան փախուստը հարազատ երկրից:
 Եւրիպիդես

1991 թուականին լինելով ԱՄՆ-ում, հիմնականում` Լոս Անջելեսում, ես որոշակի կարծիք կազմեցի տեղի հայկական գաղութի մասին: Ստորեւ ներկայացնում եմ իմ որոշ դիտարկումներ:

15.3.14

Մենախօս-կատակերգակ Վահէէն անդին...

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
 
Սովորական պտոյտ չէ Վահէ Պէրպէրեանին հետ Պուրճ Համուտի փողոցներէն քալելը, «կանգառ»ները շատ են, ծանօթ–անծանօթները, իսկոյն ծանօթի վերածուողները՝ բազմաթիւ, Վահէին հետ նկարուելու փափաք ունեցողներուն ուրախ ու գոհունակ դէմքերն ու մտերիմի նայուածքները՝ տիրական, տոմս ապահովելու անկարողներուն գանգատներն ու «բան մը ըրէ»ի խնդրանքները՝ Վահէն տխրեցնող եւ շփոթի մատնող, «անպայման նորէն պիտի գամ»ի խոստում տալու մղող… Տակաւին կան հեռուէն ժպտացողներն ու բարեւողները, որոնք դրական եւ լայնաժպիտ պատասխան կը ստանան անխտիր՝ իբրեւ վաղեմի «բարեկամներ»:

2.1.14

Միացեալ Նահանգներու հայութեան թիւը կը գնահատուի 1,2-1,3 միլիոն

ԺԱՆ ԳՈՍԱԳԵԱՆ
Տասը տարին անգամ մը, Միացեալ Նահանգներու տարածքին տեղի կ՚ունենայ կառավարութեան կողմէ կազմակերպուած մարդահամար մը, որ ժողովուրդի թուաքանակը յստակացնելէ զատ, կը բացայայտէ նաեւ անոր ընկերա-տնտեսական ու ժողովրդագրական իրավիճակը:
Ամերիկեան սոյն մարդահամարը առիթ կ՚ընծայէ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակող որեւէ անձ՝ օրինական քաղաքացի կամ ոչ, հարցումներուն պատասխանելով ինք իր մասին կամաւոր կերպով տեղեկութիւններ փոխանցէ երկրի վիճակագրական ու ժողովրդագրական հարցերով զբաղուող գիտական եւ ուսումնասիրական հաստատութիւններուն: Այս տուեալները բնականաբար կ՚օգտագործուին յաջորդող տասը տարիներուն ընթացքին երկրին զարգացումը պատկերացնելու ու այդ ուղղութեամբ ծրագիրներ մշակելու: Մենք եւս պիտի փորձենք օգտուիլ այս մարդահամարէն, պարզաբանելու համար ամերիկահայութեան իրական թուաքանակը ու անոր աշխարհագրական կեդրոնացումները, ինչու չէ նաեւ ներկայացնել որոշ հետաքրքրական ընկերատնտեսական իրավիճակներ: