Showing posts with label ընկերային անարդարութիւն. Show all posts
Showing posts with label ընկերային անարդարութիւն. Show all posts

23.12.13

Անհաւասարութիւն՝ ի պէտս անգիտաց

ՊԻԼ ՔԵԼԸՐ
 Թարգմանութիւն՝ ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
(. . . ) Շերտաւորուած հասարակութիւն մը, ուր ներքեւն ու վերեւը մեծաւ մասամբ իրենց տեղերը անշարժ մնացած են, ո՛չ միայն բարոյապէս նախատական է, այլեւ՝ անկայուն։ Տնտեսական անկումային ճգնաժամերը աւելի յաճախակի են նման երկիրներու մէջ։ Լայն գովասանքի արժանացած 2012ի գիրք մը՝ «Ինչո՞ւ ազգերը կը ձախողին», փաստարկած է, որ պատմականօրէն, երբ տիրապետող ընտրանիները սանդուխները քաշած են՝ առանց ձգելու, որ նորեկները ոտք դնեն անոնց վրայ, անոնց տնտեսութիւնները խեղդուած ու մեռած են։ «Անհաւասարութեան ամենէն վնասակար փաստը թարգմանութիւնն է քաղաքական անհաւասարութեան», ըսաւ Տարօն Աճէմօղլու՝ գիրքի համահեղինակներէն մէկը եւ Massachussetts Institute of Technologyի տնտեսագէտ։ «Կը նշանակէ, որ մեր ժողովրդավարութիւնը կը դադրի գործելէ, որովհետեւ որոշ մարդիկ այնքան շատ դրամ ունին, որ աւելորդ իշխանութիւն կը վարեն»։ Հարուստները լայնօրէն կը ծախսեն լոպպի ընողներու եւ ընտրարշաւի նուէրներու վրայ՝ կարգավիճակը յաւերժացնող հարկային ազատութիւններ, սակագնային առաւելութիւններ եւ պարտքերու ներումներ ապահովելու համար։ Ո՛չ միայն ուժական տնտեսութիւն մը կը լճանայ, այլեւ արտաքսուած քաղաքացիութիւնը կը դառնայ պատրանաթափ եւ շնական (cynical)։ Արդեօք ծանօթ կը հնչէ՞։ (. . .)

«Նիւ Եորք Թայմզ», Դեկտեմբեր 23, 2013

18.10.11

Ով աչք ունի՝ թող տեսնէ

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Ի տարբերութիւն կուսակցական յայտնի քայլերգի տողերուն, «շահագործող ցեցեր»ը այս անգամ կարծես չեն ուզեր վատնել մեր դիզած քրտինքն ու արիւն վաստակը, եւ չոր հացի բաժին հանել։ Այս զարմանալի իրողութիւնը արժանացած է «Նիւ Եորք Թայմզ»ի ուշադրութեան։
Սեպտեմբեր 10ին, ամերիկեան օրաթերթին խմբագրականներէն մէկը՝ «Լուսաւորեալ հարուստները կ՚ուզեն, որ հարկ գանձուի իրենցմէ» խորագրով, գրած էր հետեւեալը.
«Աշխարհի ամենահարուստ մարդոցմէն մէկ քանին կոչ կ՚ուղղեն հարուստներուն վրայ աւելի բարձր հարկեր հաստատելու։ Անոնք կը թուին ընդունիլ, որ տնտեսական անկումին բեռը միայն աղքատ ու միջին դասակարգերը պէտք չէ կրեն»։

20.4.11

Բոլոր քաղաքացիները «հաւասար» են օրէնքին առջեւ

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Քսանամեակ մը առաջ, «մաֆիա» բառը եկած ու բազմած էր հայաստանեան կեանքին մէջ։ Որքան որ սկիզբը ճիգեր կը թափէինք հասկնալու եւ մենք մեզ համոզելու, որ սիկիլիական մաֆիան եւ նորանկախ Հայաստանի տնտեսական լծակները իրենց ձեռքը առնող մարդիկը նոյն բանը չէին, ի վերջոյ հեռատեսիլը եկաւ մեզ հերքելու եւ «Որոգայթ» ու այլեւայլ պէսպիսուն անուններով «սերիալներ» անգամ մը եւս փաստեցին, որ արուեստը կը հետեւի կեանքին։ (Հոգ չէ, թէ ատիկա ո՛չ արուեստ է, իսկ նկարագրածը՝ ո՛չ կեանք)։ «Մաֆիա»յին յաջորդեց, բնականաբար եւ ի հետեւումն ռուսական օրինակին (արդէն կարծէք ամէն ինչ կը հետեւի ռուսական «մեծ եղբօր» օրինակին), «օլիգարխ» բառը, որ առօք-փառօք մտած է հայաստանեան կեանքին մէջ։