ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ
Վերջերս «Ազդակ»ի մէջ լոյս տեսան երկու յօդուածներ՝ «Ի՞նչ կրնան ըլլալ հակադաշնակցական քարոզարշաւին դրդապատճառները», հեղինակութեամբ Մելիք Գարագաւորեանի, եւ «Բաց նամակ` առ որ անկ է. գաղափարը` Հ. Յ. Դաշնակցութեան ծրագիրն է. «կաղապարը»` Հ. Յ. Դաշնակցութեան կանոնագիրն է. նուիրումը` ազգին է, կեանքը` հայրենիքին Է» ԱՅԲՈՒԲԷՆ գրչանունով (*): Այս երկու գրութիւնները նորագոյն փորձերն են հակազդելու բոլոր անոնց որոնք, ըստ յօդուածագիրներուն, կը քննադատեն Դանշակցութիւնն ու անոր գործունէութիւնը: Այս երկու յօդուածները նորագոյն փորձերն են արդարացնելու Դաշնակցութեան ընտրած ճանապարհը ի գին ամէն տրամաբանութեան եւ քննական մտածողութեան: Այս երկու յօդուածները եկան կրկին հաստատելու թէ որոշ մարդոց մօտ դարպասապահութիւնը (gate keeping) դարձած է կենսաձեւ շատերու մօտ ստեղծելով այն տպաւորութիւնը թէ վերոյիշեալ անձերը լիազօրուած են խօսելու, եւ արտայայտուելու ընդհանուր Դաշնակցութեան անունով: Դժբախտաբար նաեւ այս երկու յօդուածները նորագոյն ապացոյցներն են որ շատերու պարագային քաղաքական միտքը նոյնացած է լոկ ճառախօսական շարադրութեան հետ: Բառացի կը մէջբերեմ Գարագաւորեանի յօդուածէն պարբերութիւն մը. «Առաջին անգամը չէ, որ կը յայտարարուի, թէ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը ճգնաժամի մէջ է. ըստ երեւոյթին այս մարդոց յիշողութիւնը չափազանց կարճ կը թուի ըլլալ եւ պատմութենէն բնաւ դասեր չեն քաղած: Առաջին անգամը չէ, որ Դաշնակցութեան յուղարկաւորութիւնը կազմակերպելու մոլուցքէն տառապողները, ինչպէս միշտ, պիտի վերադառնան պատմութեան աղբանոցը»։
Ըստ երեւոյթին սոյն յօդուածագիրը չի տիրապետեր հայաստանեան վերջին իրադարձութիւններու հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին ու ծաւալող քննարկումներուն որոնք լրիւ տարբեր հարթութեան վրայ են: Հակառակ անոր որ յօդուածագիրը յաճախ պատմութեան կ’ակնարկէ որպէս դասեր քաղելու եւ ըստ այնմ Դաշնակցութիւնը գովաբանելու աղբիւր, ըստ երեւոյթին ան չի գիտակցիր թէ պատմութիւնը կը զարգանայ իր իսկ նկարագրած ընթացքին ճիշդ հակառակ։ Թէ բնական է որ կուսակցութիւններ իրենց պատմութեան մէջ կ՚ունենան վերելք եւ անկում, թէ անոնք կենթարկուին գաղափարական եւ գործելաոճային փոփոխութիւններու, թէ 128 տարուան կուսակցութիւնը իր իսկ համազգային բնոյթի պատճառով կրնայ յայտնուիլ ճգնաժամերու մէջ, թէ Դաշնակցութիւնը ներկայացնել որպէս անփոփոխ շարունակականութիւն պատմական տրամաբանութեան կոպիտ խախտում է եթէ ոչ բացայայտ խեղաթիւրում: