Showing posts with label Արամ Մանուկեան. Show all posts
Showing posts with label Արամ Մանուկեան. Show all posts

11.6.18

Արամ Մանուկեանի յուշակոթողը եւ այլ ազգային պարտամուրհակներ

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ
 
Նախորդ վարչապետի շտապ հրաժարականէն ետք հարց տուինք, թէ ի՞նչ էր աշխատանքային կարգավիճակը Արամ Մանուկեանի յուշակոթողին. մեզի ըսուեցաւ, որ Ժողովրդային շարժման ցոյցերու ալիքին մէջ աշխատանքները կասած էին եւ արձանի տեղադրումը յետաձգուած՝ Յունիսի երկրորդ կիսուն:

31.5.18

Արամ Մանուկեանի նամակներու հրատարակութիւն

Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողովի ծիրին մէջ, 26 Մայիսին տեղի ունեցաւ «Արամ Մանուկեան. Նամականի» գիրքին շնորհանդէսը: Ձեռնարկին ներկայ էին դաշնակցական գործիչներ, գրողներ, պատմաբաններ, գիտնականներ, հիւրեր Վրաստանէն եւ Սփիւռքէն: Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր, պետական, հասարակական գործիչ, ՀՅԴի անդամ Արամ Մանուկեանի նամակներու ժողովածուն կազմած է պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան:
Փամպուքեան գլխաւորաբար ՀՅԴի արխիւներէն օգտուած է ժողովածուն կազմելու ընթացքին: Պատմական այս բացառիկ փաստաթուղթերը լոյս կը սփռեն Ա. Մանուկեանի 1904-1915 թուականներուն գործունէութեան վրայ: Ժողովածուին մէջ հրապարակուած են 354 նամակներ, որոնցմէ 325ը ցարդ անտիպ էին։ Նամակներէն 260ը կը վերաբերին հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանական մարտերու կազմակերպման համար անհրաժեշտ զէնք-զինամթերքի մատակարարման:

24.2.18

Մօտաւորապէսի հերթական հետեւանքը

ՆԱՅԻՐ ԵԱՆ
 
Մեր մտաւորականներին ու արուեստագէտներին մէկ-մէկ յիշում ենք. յիշում ենք՝ երբ նեղն ենք ընկնում, երբ անճարակութիւնից ուզում ենք նրանց կարծիքները համախմբել ու հակամշակութային այս կամ այն երեւոյթի դէմ ընդվզել: Ի հարկէ, մեր մշակոյթի բախտը որոշողների մի խումբ կայ, բայց, որպէս կանոն, անկողմնակալ, անաչառ, սկզբունքային ու ճաշակաւոր արուեստագէտներն այդ խմբում երբեք չեն ընդգրկւում: Նրանց ենք դիմում, երբ պէտք է լինում բողոքել՝ ընդդէմ պետական կոչումների կամայականութեանը, այս կամ այն արձանի տեղադրմանը, օդանաւակայանի շէնքի քանդման-չքանդմանը, մշակութային արժէքները սուպերմարկետի վերածելուն եւ այլն:

5.2.18

Արամ Մանուկեանի արձանին վիճելի ուրուագիծը «ոչ ոչ չի քննարկել, ոչ ոք չի տեսել յանձնաժողովի անդամներից»

Համացանցի մէջ լայնօրէն կը քննարկուի հայոց նորագոյն պետականութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի արձանի ուրուանկարը, որ ընտրուած է Երեւանի աւագանիի մրցութային յանձնաժողովին կողմէ։ Նշուած նախագիծը յետոյ ներկայացուած է աւագանիին։
Երեւանի աւագանիի կրթութեան, մշակոյթի եւ ընկերային հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ ու «Ելք» խմբակցութեան անդամ Արայիկ Յարութիւնեանը Դիմագիրքի իր էջին մէջ նշած է. «Աւագանու մշակոյթի, կրթութեան եւ սոցիալական հարցերի մշտական յանձնաժողովը ձայների մեծամասնութեամբ կողմ արտայայտուեց նախագծին։ Փետրուարի 13-ին որոշումը կը քուէարկուի աւագանու նիստի ժամանակ։ Մրցութային յանձնաժողովում եղել են Դաշնակցութեան յայտնի ներկայացուցիչներ։ Ահաւոր չեմ հաւանել, դէմ եմ քուեարկել։ Վայելէք»:

3.2.18

Արամ Մանուկեանի արձանը առաջին մրցանակի արժանացած չէ

Երեւանի կեդրոնը տեղադրուելիք Արամ Մանուկեանի արձանի մրցութային հանձնաժողովի անդամներէն մէկը՝ նկարիչ Հաղթանակ Շահումեանը, տարակուսած է, թէ Արամ Մանուկեանի ի՞նչ արձանի լուսանկար հրապարակուած է համացանցի մէջ, քանի որ երկու փուլով անցած մրցոյթին մէջ նման տարբերակ քննարկուած ու քուէարկուած չէ: 

20.7.17

Արամ Մանուկեանը Հանրապետութեան հրապարակին պիտի մօտենա՞յ



ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը առիթ պիտի ըլլայ արժեւորումներու եւ վերարժեւորումներու, որոնք մաղթելի է, որ զգացական-ենթակայական դաշտէն անդին անցնին (յուզական տարրի օգտագործումն ու շահագործումը պէտք է անխուսափելի համարել) եւ մնայուն նպաստ մը բերեն պատմական այդ վճռորոշ իրադարձութեան աւելի ճիշդ ընկալումին, յատկապէս հանրութեան կողմէ։
Անհրաժեշտ կը դառնայ կարգ մը էական հարցականներու պատասխանը գտնել։ Արդեօք թաղումը պիտի կատարուի՞ հարիւրամեակի մը ընթացքին մեր հանրային կեանքը թունաւորող քաղաքական վիճաբանութիւններուն ու խծբծանքներուն, յամեցող հատուածական հաշուեյարդարի փորձերուն ու կիրքերուն։ Արդեօք պատմագիտական լուրջ հետազօտութիւնն ու վիճարկումը պիտի դառնա՞ն պատմական դէպքին առաջնահերթ սեփականատէրը։ Արդեօք ծագման խորհրդանշող պահը՝ «Մայիս 28-ը», պիտի սկսի՞ արմատաւորուիլ հասարակական մտքին մէջ իբրեւ երեք բախտորոշ ճակատամարտերուն եւ անկախութեան յայտարարութեան ամբողջութիւնը։

23.9.16

Անկախութեան սերմնացանը

ԱՆԱՀԻՏ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Անկախութիւնը հէնց այնպէս չեկաւ: Բառը հասկանալի էր, գաղափարը՝ հեռու: Դեռ Պարոյր Հայրիկեանի անունն ու գործը մեզ անյայտ էին: Դպրոցում անգիր էինք սովորել Միքայէլ Նալբանդեանի «Ազատութիւն»-ը, Ռափայէլ Պատկանեան էլ էինք կարդացել՝ մակերեսը միայն, բայց թէ ի՞նչ էր անկախութիւնը, ազատութիւնը, կասկածում եմ, թէ գաղափար ունէինք: Երբեմն թւում էր, թէ երբ վզկապ չենք կապել, կոմերիտական կրծքանշանը՝ մերժել, աւելի ուշ՝ կոմունիստական կուսակցութեան շարքերն անցնելու գայթակղութեանն ընդդիմացել, հէնց այդ սաղմը՝ ազատութիւն, անկախութիւն ունենալու՝ ծնունդից մարդուն շնորհուած մեր բնական իրաւունքն է շինծու պարտադրանքի առջեւ ծառս եղել: Միայն համալսարանում, օրըստօրէ ըմբռնեցի, թէ ինչ լուսաւոր կապ կայ անկախութեան, ազատութեան, հայոց լեզուով դրանք զգալու ու արտաբերելու միջեւ:

27.8.15

Վտարանդի` մահից յետոյ ու ի՛ր կերտած հայրենիքում

ՏԻԳՐԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆՑ

Փողը մի ովկիանոս է, որի մէջ խեղդւում են վախը, սէրը եւ պատիւը:
ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ

Կարո՞ղ էք պատկերացնել, որ Փարիզի քաղաքապետը բիզնես-կառոյցներին վաճառի ֆրանսիական թագաւորների Լուվրի պալատը, կամ Լոնդոնի քաղաքապետը վաճառի Ուինսթոն Չերչիլի տունը, իսկ Հաւանայի քաղաքապետը՝ աճուրդի հանի Ֆիդել Կաստրոյի տունը: Պատկերացրեցի՞ք: Դժուա՛ր: Նման բան անհնար է պատկերացնելն անգամ: Բայց վերադառնանք հայկական իրականութիւն: