Showing posts with label Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.. Show all posts
Showing posts with label Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.. Show all posts

17.2.18

Թէ ինչպէս եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ Արամ Աթէշեան

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆ
 
Թուրքիոյ հայոց պատրիարքութենէ ներս չեն խաղաղիր կիրքերը: Արամ Աթէշեան, իր ետին ունենալով պետական իշխանութիւնները, անգամ մը եւս պարտադրուեցաւ տեղւոյն հայ համայնքին ու եկեղեցականութեան, որ մօտաւորապէս վեց ամիս առաջ պաշտօնապէս պաշտօնանկ ըրած էր զայն՝ հեռացնելով պատրիարքական փոխանորդի պաշտօնէն եւ առհասարակ վերացնելով նման պաշտօն մը պատրիարքարանի երդիքին տակ: Կուսակալութենէն անցեալ շաբաթ հասած պաշտօնաթուղթը սակայն կը յայտարարէր, թէ տակաւին կը շարունակէ որպէս փոխանորդ ճանչնալ Աթէշեանը: Կրօնական Ժողովը, որ կրնար հաստատուն մնալ իր դիրքորոշման մէջ, ինչ որ պատահած էր 1998-ին՝ Մեսրոպ Բ պատրիարքի ընտրութեան նախորդող շրջանին, հապճեպ որոշումով մը զիջեց իր դիրքերը եւ Աթէշեանը դարձեալ հռչակեց պատրիարքական փոխանորդ:

14.2.15

Որո՞ւն հաշիւ կու տայ Կաթողիկոսը

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆ
 
1915, 100-ամեակ, սրբադասումի «դպրոցական» հանդէս եւ իւր սարօքն գրեթէ անտեսումի հող մը թերեւս պատրաստեն դրամատան մը զուիցերական մասնաճիւղին մէջ «ննջող» կաթողիկոսական հաշիւներուն համար։

Եկեղեցին օրինակելիօրէն թափանցիկ պէտք է գործի

ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ
 
Իրաւ կամ շինծու սկանդալնե՞ր էին պէտք, որպէսզի Հայ Առաքելական Եկեղեցու Մայր Աթոռը մի փոքր բաց անէր վարագույրը իր ֆինանսական գործառնութիւնների վրայից, աջից-ձախից ցեխարձակումնե՞ր՝ որպէսզի Մայր Աթոռի ներկայացուցիչները հանրութեանը բացատրութիւններ տային սոցիալական-կրթական-առողջապահական այն հսկայածաւալ գործունէութեան վերաբերեալ, որը տարւում է Հայ Եկեղեցու կողմից կամ հովանու ներքոյ: Աստուածաշնչեան պատգամը՝ «ձախ ձեռքդ թող չիմանայ աջն ինչ է անում», այս պարագայում եւ այս օրերին կիրառելի չէ, յատկապէս մեր՝ յետսովետական պայմաններում, յատկապես մեր՝ զրպարտող-բամբասող լրատուամիջոցների միջավայրում, եւ մանաւանդ՝ ամէն բանի նկատմամբ հաւատը կորցրած մեր հասարակութեան մէջ:

1.5.14

«Մեր եկեղեցին դարձել է մի հիմնարկ, որտեղ քահանան պաշտօնեայ է, եպիսկոպոսը՝ ֆիլիալի տնօրէն, կաթողիկոսն էլ՝ գլխաւոր տնօրէն»

 ՔՐԻՍՏԻՆԷ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ

Կարգալոյծ է հռչակուել Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմի քահանայ Տ. Մարտիրոս Բէրբէրեանը եկեղեցականին անյարիր ընթացքի համար: Սակայն Տ. Մարտիրոս Բէրբէրեանը «Հետք»ի հետ զրոյցում նշում է, որ իրեն ապօրինի են կարգալոյծ արել, եւ ինքը Տէր Հայր է մնալու մինչեւ վերջ:

-Ի՞նչ «յանցանք» էք գործել, որ համարուել է «եկեղեցականին անյարիր ընթացք» եւ Ձեզ կարգալոյծ են արել:
-Ես 14 տարի է` քահանայ եմ Մոսկուայում եւ ծնունդով Բէյրութից եմ: 1992 թ.  հաստատուեցի Մոսկուայում, բայց դեռ քահանայ չէի: 2000 թ. թեմի նախկին առաջնորդն ինձ կանչեց, ասաց` քահանայի պէտք ունինք  եւ ձեռնադրեց ինձ` ժողովրդի փափաքին ընդառաջելով: Եւ ես 2000 թ.-ից անարծաթ քահանայութիւն եմ անում, այսինքն` ես եկեղեցուց փող չեմ վերցնում, եկեղեցում չեմ ապրում: Եղբօրս հետ ունենք գործ, եւ այդ գործից ես իմ ընտանիքի, տան ապրուստը հոգում եմ, եկեղեցուց ընդհանրապէս ոչ մի կոպեկ փող չեմ վերցնում, ոչ էլ վերցրել եմ. սա իմ սկզբունքը եւ իմ պայմանն է եղել նախկին առաջնորդի հետ:

17.9.13

Ռուբէն Սեւակի ժառանգութիւնը եւ սերունդներու դաստիարակութիւնը

Ժ. Չ.

Ցեղասպանուած նահատակ բանաստեղծ մը ի՞նչ ժառանգութիւն կրնայ ունենալ, բացի իր գրական երկերէն։ Եւ ահա առեղծուածը։ Շնորհիւ բանաստեղծին եղբօրորդւոյն՝ Յովհաննէս Չիլինկիրեանի տքնաջան աշխատանքին ու բծախնդիր հետազօտութիւններուն, այսօր Ռուբէն Սեւակը ունի հսկայական արխիւային նիւթ եւ Ցեղասպանութենէն վերապրած ու Սփիւռքի մէջ հասակ նետած նկարիչներու գործերու հսկայական հաւաքածոյ մը։ Այս երկու կալուածներու միացումէն ծնած է Ռուբէն Սեւակի յիշողութեան կեդրոն-թանգարանը, 1986ին, Նիսի մէջ։

1.9.13

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. կը պատասխանէ իր քննադատներուն

Օգոստոս 17ին nyut.am կայքէջը հրապարակած է տեսանիւթ մը, որ քաղուած է Հայաստանի առաջին ալիքի («Հ1») «Հայլուր» յայտագրի կատարած հարցազրոյցէ մը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի հետ։ Արտագրումը, որ լոյս տեսած է «Նոր Յառաջ» երկօրեայի Օգոստոս 31ի թիւին մէջ, մեր կողմէ վերստին համեմատուած ու մանր ճշգրտումներու ենթարկուած է։
Կաթողիկոսը իւրօրինակ պատասխան կու տայ վերջին երկու ամիսներուն Իր հասցէին ուղղուած քննադատութիւններուն, որոնց ետին կը տեսնէ «առան­ձին ան­ձեր, քա­ղաքա­կան նպա­տակ­նե­րից առաջ­նորդուած կամ պա­տուէր­ներ ու­նե­նալով տար­բեր ու­ժե­րից, տար­բեր կա­ռոյցնե­րից՝ յա­տուկ առա­ջադ­րանք, պա­տուէր ու­նե­նալով», որոնք «իրենց գործն են իրա­կանաց­նում»։

3.8.13

Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի նիստը

Ինչպէս յայտարարուած էր, Յուլիս 30-31ին գումարուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի (ԳՀԽ) հերթական ժողովը, «ընդլայնուած կազմով»։ Օրակարգի վրայ էր Նորվան արք. Զաքարեանի հրաժարականի քննարկումը։ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդը ի պաշտօնէ անդամ ըլլալով հանդերձ, մասնաւոր կերպով հրաւիրուած էր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ՝ ներկայացնելու այն փաստարկումները, որով պիտի հիմնաւորէր իր հրաժարականին մէջ արծարծած սուր քննադատութիւնները՝ ուղղուած Կաթողիկոսին անձին եւ տարած գործունէութեան։

1.8.13

Գերագոյն Հոգեւոր Խորհրդի ժողովը ընդունած է Նորվան արք. Զաքարեանի հրաժարականը

Յուլիս 30-31-ին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, գումարուած է Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի հերթական ժողովը` ընդլայնուած կազմով:
Ժողովի նիստերուն ատենապետած է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանը:

28.7.13

Նորվան արք. Զաքարեանի հրաժարականը յուզել է Սփիւռքին

ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
. . . Նորվան արք. Զաքարեանը հրաժարուեց «Հետք»-ին հարցազրոյց տալ՝ նշելով, որ իր ասելիքները հրապարակուած են:
Թեմական Խորհրդի ատենապետ Պատրիս Ճօլօլեանը, ով համաձայնեց պատասխանել մեր հարցերին, խիստ չէզոք եւ զգոյշ գտնուեց պատասխաններում՝ նշելով, որ Նորվան Սրբազանը կտրականապէս հրաժարւում է յետ վերցնել իր դիմումը, իսկ իրենք՝ որպէս Թեմական Խորհրդի անդամներ, պարտավոր են ապահովել կառոյցի շարունակելիությունը: Այն հարցին, թե Ն. Զաքարեանը խօսում է իրեն «վիրավորելու, վարկաբեկելու, արժանապատուութիւնը ճզմելու» մասին, արդեօք Թեմական Խորհուրդը փակելու է աչքերը ասուածի վրայ, Պ. Ճօլօլեանը նշեց, որ այդ հարցին պաշտօնապէս դեռ չեն արձագանգել, բայց այն անպայման կը քննարկվի Թեմական Ժողովի ընթացքում: Թեմական Խորհրդի ատենապետը ափսոսանքով նշեց նաեւ, որ հարցն այսօր որոշ ուժերի կողմից քաղաքականացւում է եւ շահարկւում:      

27.7.13

Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդին անդամներուն դիմագրաւելիք մարտահրաւէրը

Ժ. Չ.
Քանի մը օրէն, Յուլիս 30-31ին, պիտի քննուի Նորվան արք. Զաքարեանի հրաժարականը։ Առաջին անգամ ըլլալով, արքեպիսկոպոսութեան աստիճան ունեցող առաջնորդի մը հրաժարականը պիտի քննուի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդին կողմէ։ Նախադէպ գոյութիւն չէ ունեցած։ Տիրան արքեպիսկոպոս Կիւրեղեան, որ Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսաստանի Հայոց թեմի նախկին առաջնորդն էր, 2000 թուականին նորընտիր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ պաշտօնազուրկ եղաւ եւ Եզրաս եպս. Ներսիսեան՝ Կաթողիկոսին եղբայրը գրաւեց անոր աթոռը։ Ժամանակին, Տիրան Սրբազան Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդին առջեւ ներկայանալու պատիւը չունեցաւ, հակառակ իր պահանջին։ Յետագային ալ 2001ին, Գարեգին Բ.ի կողմէ կարգալոյծ եղաւ «անհնազանդութեան եւ անկարգապահութեան» պատճառով, երբ փորձեց եկեղեցական նոր միութիւն մը հիմնել։

26.7.13

Ո՞վ տարածած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին պատասխանը

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»
Յուլիս 20ի մեր թիւին («ՆՅ»-533) մէջ հրապարակած էինք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին՝ Ֆրանսայի Թեմի Առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեանին ուղղած Յուլիս 3 թուակիր պատասխան-նամակը։
Ստորեւ կը հրապարակենք Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի քարտուղարութենէն «Նոր Յառաջ»ին՝ «հրատարակութեան խնդրանքով» ուղղուած նամակը, ուր Վահրամ քհնյ. Մելիքեան կը յայտնէ, թէ Մայր Աթոռին կողմէ չէ կազմակերպուած այդ պատասխան-նամակին տարածումը, այլ՝ Ֆրանսայի թեմէն Նորվան Սրբազանի կամ Թեմական Խորհուրդի ատենապետին շրջանակէն։

20.7.13

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին նամակը Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդին

Յուլիս 20ին, «Նոր Յառաջ» հրատարակած է երկու օր առաջ ստացած՝ Ամենայն Հայոց Կաթղիկոս Գարեգին Բ.ի նամակը Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեանին, վերջինիս հրաժարականին առիթով։ Անծանօթ հասցէէ ստացուած իմակը նաեւ կը պարունակէր Ֆրանսական Թեմական Խորհուրդի եւ Պատգամաւորական Խորհուրդի ատենապետներուն նամակը Կաթողիկոսին եւ վերջինիս պատասխանը անոնց (վերջին երկուքը հրատարակուած չեն)։

18.7.13

Նաւասարդ արք. Կճոյեանի դէմ ստորագրահաւաքը՝ անգոյ, հաղորդագրութիւնը՝ կե՞ղծ

Յուլիս 13ի մեր թի­ւով (թիւ 530) հա­յաս­տա­նեան լու­րե­րու բաժ­նին մէջ, գրած էինք, թէ «Մենք ենք մեր երկրի վա­ղուայ տէ­րը» կո­չեցեալ հան­րա­յին կազ­մա­կեր­պութիւն մը ստորագ­րա­հաւաք մը կը կազ­մա­կեր­պէ՝ Ամե­նայն Հա­յոց Կա­թողի­կոսէն պա­հան­ջե­լու համար Արա­րատեան թե­մի հայրապետական փո­խանորդ Նա­ւասարդ արք. Կճո­յեանի կար­գա­լու­ծումը: Այդ առ­թիւ, նշեալ կազ­մա­կեր­պութեան Յու­լիս 11ին «Դի­մագիրք»ի միջոցով հրա­պարա­կած հա­ղոր­դագրու­թեան մէջ ծանր բա­ռամ­թերքով կը պա­խարա­կուէր հո­գեւո­րակա­նին վար­քը, որուն անու­նը վար­չա­պետին օֆ­շո­րային գայ­թակղու­թեան ալ առն­չուած է: Ապա կ՚ըսուէր թէ յա­ջորդ առ­տուընէ իսկ՝ Յու­լիս 12էն, ստո­րագ­րա­հաւա­քը կը սկսէր Հիւ­սի­սային պո­ղոտա­յի եւ Թու­մա­նեան փո­ղոցի խաչ­մե­րու­կին: Հա­ղոր­դագրու­թեան մէջ որ­պէս նա­խաձեռ­նող կազ­մա­կեր­պութեան ղե­կավար, նշուած էր Երե­ւանի Պետական Հա­մալ­սա­րանի շրջա­նաւարտ ոմն Յով­հաննէս Ղահ­րա­մանեանի անու­նը:

Եկեղեցւոյ բարձրագոյն ծառան ընդդէմ ամենայն հայոց գերագոյն ծառային

Ժ.Չ.

Հրաժարական մըն է, որ տակնուվրայ կ՚ընէ եկեղեցական աւանդական նուիրակարգը։ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ հազուադէպ երեւոյթ մը։ Ապշեցուցիչ։ Ցնցիչ։ Գայթակղեցուցիչ։ Առաջին նախադասութենէն սկսեալ՝ «Ատենէ մը ի վեր նկատած եմ որ զիս վիրաւորելն ու վարկաբեկելը Ձեր հաճոյքը դարձած է»։ Կը շարունակէ նոյն թափով՝ «Ձեր որակումներն ու մեղադրանքները ուղղուած՝ անձիս դէմ, պարզապէս զարմանք կը պատճառեն ինծի։ Դուք չէք անդրադառնար գուցէ թէ մարդոց արժանապատւութիւնը կը ճզմէք ձեր ոտքին տակ»։ Այս խօսքերը Նորվան Սրբազանինն են ուղղուած Կաթողիկոսին. կը մէջբերենք ընդգծելու համար ըսուածին ծանրակշռութիւնը։ Շարունակական վարկաբեկումներ ու յարձակումներ որոնք խորին վէրքի վերածուած՝ անհանդուրժելի դարձած են։

14.7.13

Մարդկային արժանապատուութիւնը եւ Նորվան արք. Զաքարեանի հրաժարականը


Ինչպէս նախապէս յայտնած էինք, Ֆրանսայի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեան, որ 2007էն ի վեր այդ պաշտօնը կը վարէր, Յուլիս 1ին իր հրաժարականը ներկայացուցած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ին։ Յուլիս 13ի թիւով, «Նոր Յառաջ» հրատարակած է հրաժարականին բնագիրը, որուն լուսանկարչական պատճէնը արդէն սկսած էր շրջան ընել համացանցին մէջ։ Նոյնութեամբ կը վերարտադրենք բնագիրը՝ առ ի խորհրդածութիւն (բոլոր ընդգծումները մերն են).

Կիպրոսի հեռափնեայ (offshore) ընկերութեան գայթակղութիւնը եւ Նաւասարդ արք. Կճոյեանը

Մայիս 29ին, «Հետք» լրագրական հետաքննութեան ելեկտրոնային թերթը հրապարակած էր զգայացունց լրատուութիւն մը՝ Կիպրոս արձանագրուած հեռափնեայ (*) "Wlispera Holdings Limited" ընկերութեան գոյութեան մասին, որուն բաժնետէրերն են, ըստ վաւերաթուղթերու, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը, Արարատեան թեմի Հայրապետական Փոխանորդ Նաւասարդ արք. Կճոյեանը եւ գործարար Աշոտ Սուքիասեանը, եւ որուն հաշուոյն մեծ գումարներու փոխանցումներ կատարուած են ի վնաս ուրիշ գործարարի մը՝ Փայլակ Հայրապետեանի։