Showing posts with label Լիլիթ Աւագեան. Show all posts
Showing posts with label Լիլիթ Աւագեան. Show all posts

13.4.17

Նոր Իսահակեան մը...


ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Որ­քան որ ար­հես­տա­գիու­թեան մի­ջոց­նե­րը մեզ կը հե­ռաց­նեն շատ սի­րե­լի ժան­րէ մը՝ նա­մա­կա­նիէն, այն­քան հա­րա­զատ ու փայ­փա­յուած կը դառ­նայ գրա­կան այդ ժան­րը, որ դա­րեր շա­րու­նակ ե­ղած է կեն­սու­նակ. մե­ծե­րուն եւ պարզ մար­դոց նա­մակ­նե­րուն մի­ջո­ցաւ մենք կրցած ենք տես­նել ա­նոնց ապ­րած ժա­մա­նա­կը: Որ­քան յոյ­զեր, ապ­րում­ներ, սպա­սում եւ խորհր­դա­ւո­րու­թիւն կայ թուղ­թին վրայ գրուած, պա­հա­րա­նին մէջ դրուած եւ թղթա­տա­րու­թեամբ ա­ռա­քուած նա­մակ­նե­րուն մէջ: Նա­մակ­նե­րը, մա­նա­ւա՛նդ գրո­ղի մը ժա­ռան­գու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն մա­սը կը կազ­մեն եւ յա­ճախ կը նե­րա­ռուին ա­նոր հա­տոր­նե­րուն մէջ:
Ա­հա­ւա­սիկ, օ­րերս Ե­րե­ւա­նի մէջ նման հա­տո­րի մը շնոր­հան­դէ­սին ներ­կայ ե­ղանք: Լոյս տե­սած է «Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեա­նի նա­մակ­նե­րը» խո­րագ­րով գիր­քը, զոր կազ­մած է լրագ­րող, հրա­պա­րա­կա­խօս Լի­լիթ Ա­ւա­գեան: Գիր­քը լոյս տե­սած է «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեա­ն» հիմ­նադ­րա­մի ա­ջակ­ցու­թեամբ, իսկ հրա­տա­րա­կու­թեան պատ­րաս­տած է Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի հրա­տա­րակ­չու­թիւ­նը: