Showing posts with label Աղուան Վարդանեան. Show all posts
Showing posts with label Աղուան Վարդանեան. Show all posts

1.5.18

ՀՀԿ կը ձախողեցնէ Նիկոլ Փաշինեանի ընտրութիւնը. ընդհանուր գործադուլի կոչ

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ) որոշեց անտեսել ժողովուրդին կամքը, ու շարունակելով իր ազգավնաս վարքագիծը, Մայիս 1-ին դէմ քուէարկեց Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութեան Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնին:
Վարչապետ ընտրելու համար գումարուած Ազգային Ժողովի արտակարգ նիստին վերջաւորութեան, ՀՀԿ կուսակցութեան պատգամաւորական խումբի ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեան յայտարարեց, որ իր կուսակցութիւնը միաձայնութեամբ դէմ պիտի քուէարկէ Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութեան:

5.8.16

Իրօք՝ Դաշնակցութիւնը այլեւս ընելիք չունի

ՅԱՐՈՒԹ ԷՔՄԱՆԵԱՆ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը շատոնց է ընելիք չունի: Նորութիւն չէ:
126 տարեկան այս կուսակցութիւնը դեռ «Տաճկահայաստանի» ազատագրման համար հռչակած մանիֆեստով կ'առաջնորդուի: Այդպէս է՝ գոնէ տեսականօրէն: Իսկ գործնականօրէն այսօր ինչով կ'առաջնորդուի, աւելի լայն անդրադարձի կը կարօտի:
Այս յօդուածին նպատակը Դաշնակցութիւնը քարկոծելը չէ, ոչ ալ բարեփոխման առաջարկներ ներկայացնելը: Նման քայլերը անհեթեթութիւններ են: Այս յօդուածին նպատակը Հայաստանի քաղաքացիներուն համար 2017-ի ընտրութիւններէն առաջ բացառապէս յուլիսեան 14-օրեայ դէպքերու առնչուող փաստերու սեւով սպիտակի վրայ արձանագրութիւնն է: Միաժամանակ սփիւռքահայ ընթերցողն ալ կրնայ անկէ բխած հետեւութիւնները վերլուծել՝ իր համայնքին, գաղութին ու միջավայրին համապատասխան:

19.2.15

Սերժ Սարգսեանի եւ Գագիկ Ծառուկեանի հակամարտութիւնը

Փետրուար 12ին տե­ղի ու­նե­ցած Հան­րա­պետա­կան կու­սակցու­թեան խոր­հուրդի նիս­տին, կու­սակցու­թեան նա­խագահ եւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան խստօ­րէն քննա­դատած է հա­մախո­հու­թեան կա­ռավա­րու­թեան իր եր­բեմնի գոր­ծընկե­րը, ըսե­լով թէ «Գա­գիկ Ծա­ռու­կեան քա­ղաքա­կան դե­րակա­տարը երկրի հա­մար դար­ձել է չա­րիք»։ Սարգսեան յայ­տա­րարած է, որ իր հրամանագ­րով նոյն օրն իսկ Ծա­ռու­կեան կը զրկուի Ազ­գա­յին Անվտան­գութեան Խորհուրդի ան­դա­մի կար­գա­վիճա­կէն: «Երկրի անվտան­գութեան բարձ­րա­գոյն մար­մի­նը կի­նոթատ­րոն չէ, որ ով երբ ցան­կա­նայ գայ, երբ չցան­կա­նայ՝ չգայ», ըսած է Սարգսեան, միաժա­մանակ նշե­լով, որ Ծա­ռու­կեան 2013-2014ին Ազ­գա­յին Ժողովի գու­մա­րած 145 նիստե­րէն մասնակցած է միայն 4ին: «Եթէ նա այդ աս­տի­ճանի ար­հա­մար­հում է իր ընտրող­նե­րին եւ Ազ­գա­յին Ժո­ղովի դե­րը, մենք դրա իրա­ւունքը չու­նենք. մենք պատասխանատու ենք Հայաստանի Հանրապետութեան իւ­րա­քան­չիւր քա­ղաքա­ցու իրաւունքնե­րի հա­մար։ Մեր պատ­գա­մաւոր­նե­րը վա­ղուա­նից կը նա­խաձեռ­նեն նման անհե­թեթ վի­ճակին վերջ տա­լու հա­մար անհրա­ժեշտ քայ­լե­րը», աւել­ցուցած է ան: