Showing posts with label արեւելահայ գրականութիւն. Show all posts
Showing posts with label արեւելահայ գրականութիւն. Show all posts

19.2.22

15-ամեայ Ակսել Բակունցի նորայայտ պատմուածքը

 ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Ակսել Բակունցի հրապարակագրական կեանքի սկիզբը անքակտելիօրէն կապուած է Շուշիի հետ։ Ինչպէս յայտնի է, Յուլիս 1915ին, Գէորգեան ճեմարանի 16ամեայ սանը Արցախի մայրաքաղաքի սոցիալ-դեմոկրատ «Փայլակ» թերթին մէջ կը հրատարակէր Գորիսի քաղաքապետ Մատթէոս Տէր-Գրիգորեանի եւ գաւառական վարչութեան դէմ ուղղուած «Փոքրիկ ֆելիետոն» խորագրուած յօդուածը՝ «Թեզ գնացող» ստորագրութեամբ, որուն հետեւանքով, «ինձ բանտարկեցին, եղաւ “փոթորիկ”, եւ ես բանտարկութեան 34-րդ օրը ազատուեցի, որպէսզի ուսուցիչ գնամ այն հեռու գիւղը` Լորը», պիտի գրէր ինքնակենսագրական ակնարկի մը մէջ, 1932ին[1]։ 

13.4.17

Նոր Իսահակեան մը...


ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Որ­քան որ ար­հես­տա­գիու­թեան մի­ջոց­նե­րը մեզ կը հե­ռաց­նեն շատ սի­րե­լի ժան­րէ մը՝ նա­մա­կա­նիէն, այն­քան հա­րա­զատ ու փայ­փա­յուած կը դառ­նայ գրա­կան այդ ժան­րը, որ դա­րեր շա­րու­նակ ե­ղած է կեն­սու­նակ. մե­ծե­րուն եւ պարզ մար­դոց նա­մակ­նե­րուն մի­ջո­ցաւ մենք կրցած ենք տես­նել ա­նոնց ապ­րած ժա­մա­նա­կը: Որ­քան յոյ­զեր, ապ­րում­ներ, սպա­սում եւ խորհր­դա­ւո­րու­թիւն կայ թուղ­թին վրայ գրուած, պա­հա­րա­նին մէջ դրուած եւ թղթա­տա­րու­թեամբ ա­ռա­քուած նա­մակ­նե­րուն մէջ: Նա­մակ­նե­րը, մա­նա­ւա՛նդ գրո­ղի մը ժա­ռան­գու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն մա­սը կը կազ­մեն եւ յա­ճախ կը նե­րա­ռուին ա­նոր հա­տոր­նե­րուն մէջ:
Ա­հա­ւա­սիկ, օ­րերս Ե­րե­ւա­նի մէջ նման հա­տո­րի մը շնոր­հան­դէ­սին ներ­կայ ե­ղանք: Լոյս տե­սած է «Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեա­նի նա­մակ­նե­րը» խո­րագ­րով գիր­քը, զոր կազ­մած է լրագ­րող, հրա­պա­րա­կա­խօս Լի­լիթ Ա­ւա­գեան: Գիր­քը լոյս տե­սած է «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեա­ն» հիմ­նադ­րա­մի ա­ջակ­ցու­թեամբ, իսկ հրա­տա­րա­կու­թեան պատ­րաս­տած է Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի հրա­տա­րակ­չու­թիւ­նը:

9.6.15

Վերագնահատել ու վերարժեւորել

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
 
Այս տարի լրացաւ հայ մեծ բանաստեղծ քնարերգու, հասարակական-քաղաքական գործիչ Վահան Տէրեանի ծննդեան 130-ամեակը: Այս յոբելեանին ընդառաջ, բանաստեղծին ծոռը՝ հայագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Գէորգ Էմին-Տէրեան, հեղինակած եւ հրատարակած է «Վահան Տէրեան. անտիպ եւ անյայտ էջեր» հատորը, որ, ինչպէս հեղինակը կը նկատէ, ի յայտ կը բերէ նոր Տէրեանը: Տասնամեակներ շարունակ Վահան Տէրեանի քնարերգութիւնը, անոր ապրած կեանքը եւ ծաւալած հասարակական-քաղաքական գործունէութիւնը այլ լոյսի մը ներքեւ ճանաչելի եղած են հայ ընթերցողին, զանազան դրդապատճառներու բերումով թաքնուած են որոշ հանգամանքներ կամ աղաւաղուած են իրական փաստեր: Գէորգ Էմին-Տէրեան տէրեանասէրներու համար բացայայտած է Վահան Տէրեանը՝ այլ տեսանկիւնէ, ի յայտ բերելով հայ մեծ գրողին կեանքի անյայտ էջերը եւ զանոնք ամփոփած է գիրքին մէջ: