Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակին նուիրուած
միջազգային գիտաժողովի ծիրին մէջ, 26 Մայիսին տեղի ունեցաւ «Արամ
Մանուկեան. Նամականի» գիրքին շնորհանդէսը: Ձեռնարկին ներկայ էին
դաշնակցական գործիչներ, գրողներ, պատմաբաններ, գիտնականներ, հիւրեր
Վրաստանէն եւ Սփիւռքէն: Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր, պետական,
հասարակական գործիչ, ՀՅԴի անդամ Արամ Մանուկեանի նամակներու ժողովածուն
կազմած է պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան:
Փամպուքեան գլխաւորաբար ՀՅԴի արխիւներէն օգտուած է ժողովածուն կազմելու ընթացքին: Պատմական այս բացառիկ փաստաթուղթերը լոյս կը սփռեն Ա.
Մանուկեանի 1904-1915 թուականներուն գործունէութեան վրայ:
Ժողովածուին մէջ հրապարակուած են 354 նամակներ, որոնցմէ
325ը ցարդ անտիպ էին։ Նամակներէն 260ը կը վերաբերին հայ ժողովուրդի
ինքնապաշտպանական մարտերու կազմակերպման համար անհրաժեշտ զէնք-զինամթերքի
մատակարարման: