Showing posts with label Յովհաննէս Քաջազնունի. Show all posts
Showing posts with label Յովհաննէս Քաջազնունի. Show all posts

11.6.18

Արամ Մանուկեանի յուշակոթողը եւ այլ ազգային պարտամուրհակներ

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ
 
Նախորդ վարչապետի շտապ հրաժարականէն ետք հարց տուինք, թէ ի՞նչ էր աշխատանքային կարգավիճակը Արամ Մանուկեանի յուշակոթողին. մեզի ըսուեցաւ, որ Ժողովրդային շարժման ցոյցերու ալիքին մէջ աշխատանքները կասած էին եւ արձանի տեղադրումը յետաձգուած՝ Յունիսի երկրորդ կիսուն:

24.12.15

Յովհաննէս Քաջազնունի՝ Փէրինչէքներու մատուցուած մեր «նուէրը»



ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Դէմքեր չեն պակսիր Ի. դարու մեր պատմութեան մէջ, որոնք յաճախ միայն անուն մը, լուսանկար մը կամ դիպուածական նշումի առարկայ մըն են սերունդներու յիշողութեան մէջ։
Արդեօք չափազանցութի՞ւն մըն է ըսել, թէ Յովհաննէս Քաջազնունի, դժբախտաբար, այդ դէմքերուն շարքին կը պատկանի։
Դժբախտաբար կ՚ըսենք, որովհետեւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան առաջին վարչապետին անունը պէտք է հաւաքական գիտակցութեան մէջ աւելի վառ տեղ մը գրաւէր, համարժէք՝ օրինակ, Միացեալ Նահանգներու կամ Ֆրանսայի արդի պետականութեան հիմնադիրներուն։ Ներկայ ժամանակներուն, երբ վարչապետներու անկերպարան գործունէութիւնը խնամիական կապերով եւ վիթխարածաւալ մահարձաններով «կ՚անմահանայ», Քաջազնունի քաղաքական գործիչի ու մտաւորականի կերպարը արժանի է աւելի մնայուն տեղ մը ունենալու։

24.8.15

Հինգ երեւելի ՀՅԴ-ականներ մէկ հատորում

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
 
Հայկական ուսումնասիրութիւնների «Անի» կենտրոնը հրատարակութեան է պատրաստում հինգ նշանավոր դաշնակցական գործիչների գրութիւնները մէկ հատորում։
Դա գրեթէ հարիւր տարի առաջ հրապարայանօրէն ծաւալուած հեռակայ բանավէճ է մի կողմից Յովհաննէս Քաջազնունու, միւս կողմից՝ Սիմոն Վրացեանի, Վահան Նաւասարդեանի, Ռուբէն Դարբինեանի եւ Արշակ Ջամալեանի միջեւ։