Showing posts with label Երուանդ Փամպուքեան. Show all posts
Showing posts with label Երուանդ Փամպուքեան. Show all posts

7.12.18

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արեւմտահայերէնի յանձնախումբի հանդիպումը Անթիլիասի մէջ

29 Նոյեմբեր 2018-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ ատենապետութեամբ Երուանդ Փամպուքեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արեւմտահայերէնի յանձնաժողովի հանդիպումը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ:
Աշխատանքային հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան կատարուած աշխատանքները, ի մասնաւորի ուղղագրութեան առնչուած ուղեցոյցը: Որոշ փոփոխութիւններէ ետք, յիշեալ ուղեցոյցը պիտի ղրկուի յանձնաժողովի արտասահմանի անդամներուն՝ ստանալու համար անոնց տեսակէտը։ Նոյն ուղեցոյցը նաեւ պիտի տեղադրուի Կաթողիկոսարանի կայքէջին վրայ, որպէսզի լեզուագէտներ, ուսուցիչներ, մտաւորականներ եւ արեւմտահայերէնի մասնագէտներ կարենան յանձնաժողովին հաղորդել իրենց տեսակէտները։
Ժողովը նաեւ քննեց սոյն աշխատանքը արհեստագիտութեան ճամբով հանրութեան տրամադրելու կարելիութիւնները: 
Ժողովի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան այս աշխատանքը պիտի շարունակուի, որովհետեւ արեւմտահայերէնը Սփիւռքին մէջ հայապահպանման կարեւոր կռուաններէն մէկն է:

31.5.18

Արամ Մանուկեանի նամակներու հրատարակութիւն

Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողովի ծիրին մէջ, 26 Մայիսին տեղի ունեցաւ «Արամ Մանուկեան. Նամականի» գիրքին շնորհանդէսը: Ձեռնարկին ներկայ էին դաշնակցական գործիչներ, գրողներ, պատմաբաններ, գիտնականներ, հիւրեր Վրաստանէն եւ Սփիւռքէն: Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր, պետական, հասարակական գործիչ, ՀՅԴի անդամ Արամ Մանուկեանի նամակներու ժողովածուն կազմած է պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան:
Փամպուքեան գլխաւորաբար ՀՅԴի արխիւներէն օգտուած է ժողովածուն կազմելու ընթացքին: Պատմական այս բացառիկ փաստաթուղթերը լոյս կը սփռեն Ա. Մանուկեանի 1904-1915 թուականներուն գործունէութեան վրայ: Ժողովածուին մէջ հրապարակուած են 354 նամակներ, որոնցմէ 325ը ցարդ անտիպ էին։ Նամակներէն 260ը կը վերաբերին հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանական մարտերու կազմակերպման համար անհրաժեշտ զէնք-զինամթերքի մատակարարման:

16.6.17

Թիւրիմացութիւններու առաջքը առնելու համար. նիւթը Հ.Յ.Դ. արխիւն Է

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Օրեր առաջ, Երեքշաբթի, 6 Յունիսին, Հայաստանի պետական արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան մամլոյ ասուլիս մը տուած է, որուն մէկ հատուածը տեղադրուած է «Հայելի» լրատու կայքին մէջ:
Ամատունի Վիրաբեան անդրադարձած է արխիւային խնդիրներու, Սփիւռքի զանազան վայրերու կամ հաստատութիւններու մէջ պահ դրուած արխիւներուն, ներառեալ` Հ.Յ.Դ. արխիւին, Պոսթըն:
Ան կ’ըսէ, թէ «տխուր իրավիճակ» կայ Սփիւռքի մէջ գոյութիւն ունեցող արխիւներուն պարագային, որովհետեւ հոն աշխատողներ չկան: «Օրինակ, Պոսթընի (այսինքն Հ.Յ.Դ.-ի- Վ.Բ.) արխիւը, իրենց բառով ըսած` փակ է, գոցուած է, բանալիով փակ է. աշխատող չունեն: Երուանդ Փամպուքեանն էր վերջին աշխատողը, որ արդէն 84 տարեկան է… տարին երկու ամիս գնում է էնտեղ, իրեն ինչ-որ պատրաստում է, ընտրում է հրատարակելու, նորից…», ապա կ’անցնի Երուսաղէմի (պատրիարքարանի) ու այլ վայրերու արխիւներուն:

16.8.16

Բացուած է վարագոյրը Հայկական Ցեղասպանութեան առնչուող ՀՅԴ-ի արխիւներուն վրայ

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Ա. «ՆԻՒԹԵՐ Հ. Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ» ՀԱՏՈՐՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԸ
Քանի մը տասնամեակներէ ի վեր ՀՅԴ  Բիւրոյի որոշումով կը հրատարակուի «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» հատորներու շարքը, որ արխիւային նիւթերով կը ներկայացնէ կուսակցութեան անցած ճանապարհը 1890-ական թուականներէն սկսեալ:
Այս նիւթերը այնքան առնչուած են հայոց պատմութեան վերջին հարիւրամեակի անցուդարձերուն հետ, որ կարելի չէ զատորոշել բաժանման գիծը` կուսակցութեան պատմութեան եւ հայոց պատմութեան միջեւ: Ճիշդ այս պատճառով այս հրատարակութիւնը դարձած է ո՛չ միայն կարեւոր եւ օգտակար Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմութեան համար, այլ մանաւանդ խիստ այժմէական` մեր պատմութեան վերջին ժամանակաշրջանի դէպքերը յստակացնելու համար:

18.11.14

Դաշնակցութեան արխիւներում՝ Երուանդ Փամպուքեանի հետ

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Փոքրամարմին, կեանքով լի այս մարդը աշխատում է առաւօտից կէս գիշերն անց: Նա աշխատում է Բէյրութի հայկական նշանաւոր Ճեմարանի գրադարանում, երեկոյեան ժամերին, դէպի Միջերկրական նայող Մզհերի իր տան պատշգամում, ժամանակ առ ժամանակ՝ ամերիկեան Բոստոն քաղաքի Հ.Յ.Դ. արխիւներում: 81ամեայ պատմաբան եւ մեր ժամանակների լաւագոյն հայագէտներից Երուանդ Փամպուքեանը ոչ միայն լաւ պատմաբան է, այլ նախ եւ առաջ՝ լաւ մարդ, ընկեր ու բարեկամ: Հայոց պատմութեան եւ հայագիտութեան վերաբերեալ շուրջ երեք տասնեակ գրքեր է կազմել ու խմբագրել: Այսօր նա վեր է հանում Դաշնակցութեան արխիւները, որոնք հատորների շարքով հրատարակում է Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչութիւնը՝ «Նիւթեր Հ. Յ.  Դաշնակցութեան պատմութեան համար» խորագրով: