ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Ա. «ՆԻՒԹԵՐ Հ. Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ» ՀԱՏՈՐՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԸ
Քանի մը տասնամեակներէ ի վեր ՀՅԴ Բիւրոյի որոշումով կը հրատարակուի
«Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» հատորներու շարքը, որ
արխիւային նիւթերով կը ներկայացնէ կուսակցութեան անցած ճանապարհը 1890-ական
թուականներէն սկսեալ:
Այս նիւթերը այնքան առնչուած են հայոց պատմութեան վերջին հարիւրամեակի
անցուդարձերուն հետ, որ կարելի չէ զատորոշել բաժանման գիծը` կուսակցութեան
պատմութեան եւ հայոց պատմութեան միջեւ: Ճիշդ այս պատճառով այս
հրատարակութիւնը դարձած է ո՛չ միայն կարեւոր եւ օգտակար Հ. Յ. Դաշնակցութեան
պատմութեան համար, այլ մանաւանդ խիստ այժմէական` մեր պատմութեան վերջին
ժամանակաշրջանի դէպքերը յստակացնելու համար: