"Armenian Mirror Spectator"ը կը հաղորդէ, որ Մեծ Եղեռնի
100ամեակին առթիւ նախատեսուած բազմաթիւ նախաձեռնութիւններու շարքին է
հայկական գրական երկերու ընթերցման նախաձեռնութիւն մը, որ կազմակերպուած է
Գերմանիոյ մէջ երկու մշակութային հիմնարկներու կողմէ: Նախաձեռնութիւնը
1915ին ձերբակալուած եւ սպաննուած հայ մտաւորականներու յիշատակը պիտի
յարգէ՝ անոնց գրական գործերուն եւ յետագայ գրողներու երկերու հրապարակային
ընթերցումներ կատարելով: Նոյեմբեր 20ին, Պերլինի «Պունտըսփրեսքոնֆերենց»ի
մէջ Լեփսիուսի տան տնօրէն դոկտ. Ռոլֆ Հոսֆելտ եւ Պերլինի գրական
միջազգային փառատօնէն Ուլրիխ Շրայպըր նախաձեռնութիւնը ներկայացուցին
միջազգային մամուլի ներկայացուցիչներուն: