Showing posts with label Ռէճէփ Թայիփ Էրտողան. Show all posts
Showing posts with label Ռէճէփ Թայիփ Էրտողան. Show all posts

4.11.16

Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման... հետեւանքները

ԱՆԱՀԻՏ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ 
 
Բեռլինի Թիեգարթեն վարչական շրջանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը դրամական տուգանք է սահմանել ԳԴՀ [Գերմանիայի Դաշնակցային Հանրապետութեան] երկու քաղաքացիների նկատմամբ, որոնք ֆէյսբուք սոցիալական ցանցում վիրաւորական, ատելութիւն հրահրող գրառումներ էին արել Բունդեսթագի ազգութեամբ թուրք պատգամաւորներ Ջեմ Էօզդեմիրի եւ Սեւիմ Դագդելենի հասցէին: «Ազգ»-ի ընթերցողները տեղեակ են, որ Բունդեսթագի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի՝ վերոնշեալ ջերմ պաշտպանների հասցէին մինչ Յունիսի 2-ը ու դրանից յետոյ սպառնալից, ատելավառ, վիրաւորական ու հայհոյալից բառամթերքով բանաւոր կոչեր էին արւում, նամակներ էին ուղարկւում նրանց էլեկտրոնային փոստին, նոյնատիպ վերաբերմունք արձանագրելով նաեւ սոցիալական ցանցում: Բանաձեւի ընդունումից յետոյ Բունդեսթագի թուրք պատգամաւորների հանդէպ ատելութեան կրակը Գերմանիայում էլ աւելի բորբոքեց Թուրքիայի իշխանական վերնախաւը, յատկապէս նախագահ Էրդողանն՝ իր հրահրող արտայայտութիւններով:

9.9.16

Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման փուլերը Թուրքիայում

ԼԻԼԻԹ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ
 

Հերքումը ցեղասպանութեան վերջին փուլն1 է եւ քանի դեռ այն շարունակւում է, ցեղասպանութիւնն էլ է շարունակւում: Հետեւաբար ցեղասպանութիւնը սկիզբ է առել Օսմանեան կայսրութիւնում եւ որքան էլ Թուրքիան իրեն պատասխանատու չհամարի տեղի ունեցածների համար, ժխտողական կեցուածքով շարունակում է իր իսկ նախահայրերի սկսած գործը:
Հարիւր տարի անց, երբ յետադարձ հայացք ենք նետում Թուրքիայի ցեղասպանութեան հարցում վարած քաղաքականութիւններին, ակնյայտ է դառնում, որ հիմքում որեւէ էական փոփոխութիւն չի գրանցուել: Ժխտողական քաղաքականութիւնը ձեւաչափ, լեզուական ոճ եւ երանգ է փոխել, բայց երբեք՝ բովանդակութիւն: Երբեմն բացէ ի բաց, երբեմն քօղարկուած ժխտողականութիւնը ներկայ է եղել: Հերքելու, սովորական իրադարձութեան նման ներկայացնելու, հայերին դաւաճանութեան մէջ մեղադրելու եւ իրենց զոհի կարգավիճակում ներկայացնելու ակտիւ ժխտողականութեան կողքին իր ուրոյն տեղն է գրաւել նաեւ պասիւ ժխտողականութիւնը` լռելու, չլսելու եւ չիմանալու տալը:

4.12.14

Աշոտ Մելքոնեանը բացառում է Էրդողանի Հայաստան գալը

ՀԵՆՐԻԽ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
 
«Արմէնպրէս» լրատու գործակալութիւնը հարցազրոյց մը կատարած է Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան Հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեանի հետ, որ խօսած է հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ` Թուրքիայէն հայերու պահանջատիրութեան խնդիրին, Թուրքիոյ մէջ հայերը տարբեր պաշտօններու վրայ նշանակելու եւ 2015ին Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակին նուիրուած պատմագիտական ծրագիրներու  մասին:  

30.11.14

Փրանկիսկոս Պապը եւ ցեղասպանութիւնը՝ Թուրքիա այցելութենէն ետք

Թուրքիա տուած Նոյեմբեր 28-30ի եռօրեայ այցելութենէն ետք, Փրանկիսկոս Պապը մամլոյ ասուլիս մը տուած է Պոլիսէն դէպի Հռոմ վերադարձի թռիչքին մէջ։ Արժանթինեան «Լա Նասիոն» օրաթերթին թղթակիցը գրած է Նոյեմբեր 30ի թիւին մէջ.

11.8.14

Լիրբ քաղաքականութիւնը կամ՝ քաղաքականութեան լրբութիւնը

ԱՆԱՐԺԱՆ ԴՊԻՐ
 
Մեր խորագիրը հաստատող օրինակներ չեն պակսած քաղաքականութեան ստեղծման առաջին օրէն իսկ եւ այսօր ալ չեն պակսիր: Ընդհակառակն: Այդ առումով, նորութիւն մը չենք հրամցներ այս գրութեամբ: Բայց, երբեմն  անընդունելի արտայայտութիւնները այնքան գայթակղեցուցիչ կը դառնան, որ անկարելի կ՚ըլլայ սանձել մարդկային բնազդը, կը պայթի նոյնիսկ հայու համբերութեան հաստամաշկ «տոպրակ»ը: 
Հոս, թէեւ մեր լուսարձակը պիտի չբանանք միջազգային անթիւ, անհամար լրջագոյն իրադարձութիւններու վրայ, բայց եւ այնպէս, անոնցմէ ոմանց անմիջական ընդմէջէն պիտի ակնարկենք ուղղակի մեզի՛, հայ ազգին վերաբերող հարցին՝ իր հարիւրամեակը թեւակոխելու պատրաստուող ողբերգութեան նկատմամբ ցուցաբերուող անարգ կեցուածքին, անարդարութեան: 

11.6.14

Պերլին-Անգարա քաղաքական կամուրջը ճաքեր է տալիս

ԱԶԱՏ ՕՐԴՈՒԽԱՆԵԱՆ
Գերմանական Die Welt (Աշխարհ, 30.05.2014թ.), թերթը տեղեկացնում է, որ երկրի Արտաքին գործերի նախարարութիւնը (ԱԳՆ) Մայիսի 28ին դիմել է դիւանագիտական սուր քայլի` իր մօտ է հրաւիրել Թուրքիայի դեսպան Հիւսէյին-Աւնի Քարսլըօղլուն: ԱԳՆ-ի քաղաքական ղեկավար Հանս-Տիթէր Լուքասը նրան զայրացած յայտնել է իր կառավարութեան վրդովմունքը` վերջերս Էրտողանի կողմից Գերմանիայի Կանաչների կուսակցութեան համանախագահ` ծագումով Թուրքիայից Ճեմ Էօզտէմիրի հասցէին հնչեցրած վիրաւորանքների ու սպառնալիքների համար: Քրիստոնեայ-դեմոկրատների փոխնախագահ Արմին Լաշերթի միջոցով քաղաքական Պերլինն արդէն յայտարարել էր, որ «օտար պետութեան ղեկավարի սպառնալիքը Պունտեսթակում ներկայացուած կուսակցութեան ղեկավարի` Էօզտէմիրի հասցէին, ով պաշտպանել է իր կանցլերի տեսակէտը, հարուած է բոլոր ժողովրդավար ստանդարտներին եւ Էրտողանի յարձակումը նրա վրայ, միաժամանակ դիտւում է որպէս յարձակում գերմանական պետութեան եւ ժողովրդավարութեան վրայ: Էրտողանեան թեման մայիսեան տաք քննարկումների նիւթ է դարձել նաեւ Գերմանիայի նախագահական Պէլվիւ ամրոց-նստավայրի եւ կանցլեր Անկելա Մերքէլի գերատեսչութեան գրասենեակներում: Երեւոյթի նախապատմութիւնն ու սրընթաց զարգացումները, արդէն 10 օրից աւելի է ինչ իրենց են գամել քաղաքական եւ լրատուական Գերմանիայի խօսափողներն ու գրիչները եւ սերտօրէն առնչւում են 2014թ. Օգոստոսին Թուրքիայի նախագահական ընտրութիւնների եւ դրա առաջին թեկնածուի` սկանդալային Էրտողանի հետ:

1.6.14

Թուրքիա պէտք է առերեսուի իր պատմութեան

ՌՈՆԱԼՏ ՍԻՒՆԻ
 
Պատմութիւնը խուսափողական է, բայց անխուսափելի: Հերքուած ու խեղաթիւրուած ըլլալով, այնուամենայնիւ, ան իր վրէժը կը լուծէ: Փաստերը պէտք է ի վերջոյ առերեսուին, իսկ հետեւանքները՝ ընդունուին: Երբ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը փորձեց Գերմանիոյ վարչապետ Անժելա Մերքելը համոզել, որ չաջակցէր Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915 թուականին հայերու նկատմամբ իրականացուած ցեղասպանութեան պնդումներուն, Մերքելը անոր խորհուրդ տուաւ «հաշտուիլ» սեփական երկրի պատմութեան հետ:

3.5.14

Էրտողանի «քաջ քայլը»


ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
 
Երեքշաբթի, Ապրիլ 29ին, Թուրքիոյ վարչապետ Ռէճէփ Թայիփ Էրտողան ելոյթ ունեցած է իր կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան առջեւ։ Անդրադառնալով Ապրիլ 23ին իր յայտարարութեան, ան յայտնած է. «Կը յուսամ, որ թէ՛ Հայաստանի պետութիւնը, թէ՛ հայկական Սփիւռքը կը տեսնէ մեր այս քաջ քայլը։ Նոյն քաջ ու համարձակ վարմունքը յուսանք կը տեսնենք նաեւ իրենցմէ։ Մենք կ՚ուզենք ապագայ մը ստեղծել ոչ թէ անցեալի ցաւերուն, ցաւալի յիշատակներուն վրայ, այլ՝ յոյսի, խաղաղութեան, բարեկամութեան ու զօրակցութեան հիման վրայ։ (...) Առերեսուեցանք եւ պիտի առերեսուինք բոլոր դէպքերուն հետ։ Ահաւասիկ, առերեսուեցանք Տէրսիմի դէպքին հետ» («Ժամանակ», 30 Ապրիլ 2014)։

24.12.13

Նախնիք

ԱՀՄԷՏ ԱԼԹԱՆ
Թարգմանութիւն՝ «ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»
Ընդունինք, որ թուրքերս բան «հնարել»ու շատ կարողութիւն չունինք, բայց լաւ կը «յարմարցնենք»:
Թերեւս ալ այդ պատճառով է, որ ամենէն կոկոզաբանները ամենէն բարձր դիրքերու վրայ կը զետեղենք. թերեւս նոյնիսկ կը կարծենք, որ քաղաքականութիւնը «յարմարցնելու» մրցում է:
Մեր ամենէն լաւ «յարմարցուցած»ներուն մէջ Պատմութիւնը անկասկած առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ:

21.6.13

«Մեծ անարգանք՝ հայոց գերեզմանատան հանդէպ»

Թուրք մա­մու­լի որոշ անուններ այս խո­րագի­րով կու տա­յին լու­րը, անդրա­դառ­նա­լով շաբաթա­վեր­ջին Պոլ­սոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած խռո­վու­թիւննե­րուն դրուագ­նե­րէն մէ­կուն:
Ընդդիմադիր ճա­կատի վերոնշեալ թեր­թե­րը կը գրէին, թէ ցու­ցա­րար­նե­րը ցրուելու հա­մար, թրքա­կան ապա­հովու­թեան ու­ժե­րը «ֆութպո­լի դաշ­տի մը նման, անար­գե­լով՝ մտան Շիշլիի Հա­յոց գե­րեզ­մա­նատու­նը, ծու­ղակ լա­րեցին եւ ժո­ղովուրդին վրայ ար­տա­սուա­բեր ռումբեր ար­ձա­կեցին»։