Showing posts with label Ս. Էջմիածին. Show all posts
Showing posts with label Ս. Էջմիածին. Show all posts

2.3.18

Գէորգ Զ.-էն Ճելալ Պայարին՝ «Բողոքելով բողոքում ենք…»

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը անցեալ շաբաթ գումարած իր հերթական նիստի աւարտին հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մանրամասնութիւննե­րը կա­րելի է ըն­թերցել առ­ցանց կամ տպա­գիր մամ­լոյ մի­ջոց­նե­րէն։ Հոն կար հե­տեւեալ ար­տա­յայ­տութիւ­նը. «Մեր ակնկա­լու­թիւնն է Թուրքիայի իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րից, որ ըն­­դա­­­ռաջեն Հա­­յոց Պատ­­րիար­­քի ընտրու­­թիւննե­­րի կազ­­մա­­­կերպման հայ հա­­մայնքի ար­­դար պա­­հան­­ջին»։
Ար­­դեօք Մայր Աթո­­ռը իր այս ակնկա­­լու­­թիւնը պաշ­­տօ­­­նապէս փո­­խան­­ցա՞ծ է Թուրքիոյ իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րուն, թէ ան ըն­­թա­­­ցիկ յայ­­տա­­­րարու­­թեան մը տո­­ղերուն մէջ ան­­տե­­­սու­­մի դա­­տապար­­տուած պարզ մաղ­­թանք մըն է. չե՛նք գի­­տեր, քա­­նի որ այդ ուղղու­­թեամբ որե­­ւէ այլ տե­­ղեկու­­թիւն տրուած չէ հան­­րութեան։

9.7.15

Հայաստանի Ազգային Արխիւը պիտի հրատարակէ «Հայ Եկեղեցւոյ կալուածները Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ» երկլեզու աշխատութիւնը

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Ար­խի­ւը յա­ռա­ջի­կայ աշ­նան պի­տի հրա­տա­րա­կէ «Հայ Եկե­ղեց­ւոյ կա­լուած­նե­րը Օս­մա­նեան Թուր­քիոյ մէջ» օս­մա­նե­րէն եւ հա­յե­րէն աշ­խա­տու­թիւ­նը։ Յուլիս 7ին Երե­ւա­նի մէջ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը սար­քեց Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Ար­խի­ւի տնօ­րէն Ամա­տու­նի Վի­րա­բեան, որ իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ անդ­րա­դար­ձաւ այս երկ­լե­զու ծրագ­րին։ Ա­. Վի­րա­բեա­նի բա­ցատ­րու­թեամբ, սոյն աշ­խա­տու­թեան մէջ ամ­փո­փուած են Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի, Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան, Ե­րու­սա­ղէ­մի Պատ­րիար­քու­թեան եւ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քու­թեան պատ­կա­նող ու Թուր­քիոյ տա­րած­քէն ներս գտնուող կա­լուած­նե­րու ի­րա­ւա­կան փաս­տա­թուղ­թե­րը։ Ար­խի­ւի տնօ­րէ­նը նշեց, թէ աշ­խա­տու­թիւ­նը ապա­գա­յին պի­տի թարգ­մա­նուի նաեւ անգ­լե­րէ­նի։ «Կան նաեւ սեփականու­թեան վկա­յա­կան­ներ, ո­րոնք ժա­մա­նա­կին տրուած են Օս­մա­նեան Թուր­քիոյ մէջ ե­կե­ղե­ցա­կան հո­ղե­րու եւ կա­լուած­նե­րու հա­մար», ը­սաւ Ա­մա­տու­նի Վի­րա­բեան։
Այս բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րուն զու­գա­հեռ, Վի­րա­բեան ընդգծեց փաս­տա­թուղ­թե­րու հրատարակ­ման ար­դիա­կա­նու­թիւ­նը՝ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան առաջնորդութեամբ Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան Ատեան ներ­կա­յա­ցուած դի­մու­մի համագրին մէջ։ Ծա­նօթ է, որ այդ դա­տա­կան դի­մու­մով կը պա­հան­ջուի Սի­սի եր­բեմ­նի կաթողիկո­սա­րա­նի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քին վե­րա­դար­ձը։
Ա­մա­տու­նի Վի­րա­բեան մամ­լոյ ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին տե­ղե­կա­ցուց, որ կը շա­րու­նա­կուի արխի­ւա­յին փաս­տա­թուղ­թե­րու թուայ­նաց­ման գոր­ծըն­թա­ցը։ 2010 թուա­կա­նէն ի վեր կը տա­րուի այս աշ­խա­տան­քը, իսկ այս տա­րի թուայ­նա­ցուած է շուրջ 100 հա­զար փաստաթուղթ։ Ընդ­հա­նուր առ­մամբ՝ ցայ­սօր 1 մի­լիոն փաս­տա­թուղթ թուայ­նա­ցուած է։ Իսկ Հա­յաս­տա­նի ար­խի­ւին մօտ ի պահ դրուած նիւ­թե­րուն քա­նա­կու­թիւ­նը կը հաս­նի շուրջ 350 մի­լիո­նի։ Վի­րա­բեան դի­տել տուաւ, որ ա­ռաջ­նա­հերթ ու­շադ­րու­թիւն կ՚ըն­ծա­յուի այն փաս­տա­թուղ­թե­րուն նկատ­մամբ, ո­րոնք մեծ հե­տաքրքրու­թեան ա­ռար­կայ կը դառ­նան։ Անոնց շար­քին կը գտնուին մար­դա­հա­մար­նե­րու տուեալ­նե­րը, մար­դոց ծագ­ման, տոհմածառե­րու մա­սին նիւ­թե­րը, ե­կե­ղեց­ւոյ չա­փա­բե­րա­կան մա­տեան­նե­րը՝ ծնունդ, կնունք։
Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ յա­ռա­ջի­կայ Սեպ­տեմ­բե­րին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նի օրհ­նու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը՝ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Ար­խի­ւը նոյն շար­ժա­ռի­թով պի­տի հրա­պա­րա­կէ նաեւ իր մօտ գտնուող բո­լոր փաստաթուղ­թե­րը, ո­րոնք կը վե­րա­բե­րին հա­յոց ե­կե­ղեց­ւոյ այդ գլխա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան։
ԱՎի­րա­բեան մատ­նան­շեց, որ այ­սօր ա­ռա­ւել հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կայ դարձած նիւթերը ո՛չ քա­ղա­քա­կան բնոյթ ու­նին, ո՛չ ալ մի­ջազ­գա­յին փաս­տա­թուղ­թեր են։ Ըստ ի­րեն, Ազ­գա­յին Ար­խի­ւէն մար­դիկ այ­սօր ա­մե­նէն շատ կը հե­տաքրք­րուին ի­րենց տոհմա­ծա­ռին հետ։ «Ա­նոնք մար­դոց ծագ­ման, տոհ­մա­ծա­ռի վե­րա­բե­րեալ փաստաթուղթերն են։ Այ­սինքն, ե­թէ կը հե­տաքրքրուի, թէ ո՛վ ե­ղած է իր մեծ մեծ մեծ­ հայ­րը, փաս­տա­թուղ­թե­րու մի­ջո­ցաւ կրնայ ճշդել», ը­սաւ ան եւ ա­ւել­ցուց, թէ այս ուղ­ղու­թեամբ ապա­ցոյց կը դառ­նան մարդահա­մար­նե­րու տուեալ­նե­րը, ո­րոնք 1817 թուա­կա­նէն սկսեալ Հա­յաս­տա­նի մէջ պարբե­րա­բար ի­րա­կա­նացուած են ռու­սա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կողմէ, յե­տոյ՝ խորհրդա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու տա­րի­նե­րուն եւ ներ­կա­յա­ցուած են երկ­րի տա­րած­քին, նաեւ Ար­ցա­խի մէջ ապ­րած մար­դոց տուեալ­նե­րը։ Ա­մա­տու­նի Վի­րա­բեան աւել­ցուց, թէ տուեալ­նե­րը դուրս կը բե­րուին նաեւ ե­կե­ղեց­ւոյ չա­փա­բե­րա­կան մա­տեան­ներէն, ուր արձանագ­րուած են մար­դոց կե­ցու­թեան մա­սին փաս­տեր՝ ծնունդ, կնունք, ամուս­նու­թիւն, մահ ե­ւայլն։ Ի դէպ, տնօ­րէ­նը մատ­նան­շեց, թէ ըստ էու­թեան կնուն­քը արձա­նագրուած է, այն ժա­մա­նակ, երբ ե­րա­խան կնքած են՝ մին­չեւ քա­ռա­սուն օ­րուան դառ­նա­լը։


Ա­մա­տու­նի Վի­րա­բեան ընդգծեց, որ վերջ ի վեր­ջոյ քա­ղա­քա­կան պատ­մու­թիւն­նե­րը կը փոխուին, իշ­խա­նու­թիւն­ներ կու գան կ՚անց­նին, բայց մար­դոց պատ­մու­թիւ­նը կը մնայ նոյ­նը, թե­րեւս միայն կը կորսնց­նեն տոհ­մա­կան տիտ­ղոս­նե­րը։ «Հի­մա կը դի­մեն, որ­պէս­զի վերա­կանգ­նեն, օ­րի­նակ, Տէր կամ Մե­լիք տիտ­ղոս­նե­րը», ը­սաւ ան։

«Ժամանակ», 9 Յուլիս 2015

14.2.15

Որո՞ւն հաշիւ կու տայ Կաթողիկոսը

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆ
 
1915, 100-ամեակ, սրբադասումի «դպրոցական» հանդէս եւ իւր սարօքն գրեթէ անտեսումի հող մը թերեւս պատրաստեն դրամատան մը զուիցերական մասնաճիւղին մէջ «ննջող» կաթողիկոսական հաշիւներուն համար։

Եկեղեցին օրինակելիօրէն թափանցիկ պէտք է գործի

ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ
 
Իրաւ կամ շինծու սկանդալնե՞ր էին պէտք, որպէսզի Հայ Առաքելական Եկեղեցու Մայր Աթոռը մի փոքր բաց անէր վարագույրը իր ֆինանսական գործառնութիւնների վրայից, աջից-ձախից ցեխարձակումնե՞ր՝ որպէսզի Մայր Աթոռի ներկայացուցիչները հանրութեանը բացատրութիւններ տային սոցիալական-կրթական-առողջապահական այն հսկայածաւալ գործունէութեան վերաբերեալ, որը տարւում է Հայ Եկեղեցու կողմից կամ հովանու ներքոյ: Աստուածաշնչեան պատգամը՝ «ձախ ձեռքդ թող չիմանայ աջն ինչ է անում», այս պարագայում եւ այս օրերին կիրառելի չէ, յատկապէս մեր՝ յետսովետական պայմաններում, յատկապես մեր՝ զրպարտող-բամբասող լրատուամիջոցների միջավայրում, եւ մանաւանդ՝ ամէն բանի նկատմամբ հաւատը կորցրած մեր հասարակութեան մէջ:

16.12.14

Հարցազրոյց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի նորընտիր առաջնորդ Վահան եպիսկ. Յովհաննէսեանի հետ

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

«Նոր Յա­ռաջ» - Դեկ­տեմբեր 2ին իբ­րեւ Ֆրան­սա­յի թե­մի առաջ­նորդ ձեր պաշ­տօ­նը ստանձնե­լու՝ գա­հակա­լու­թեան արա­րողու­թիւնն էր։ Կա­րելի՞ է, որ ներ­կա­յաց­նէիք ձեր առա­ջին տպա­ւորու­թիւննե­րը։
Վա­հան Եպիսկ. Յով­հաննէ­սեան - Շատ ու­րախ եմ որ յա­ւարտ Հրա­շափա­ռի արարողութեան առիթ ու­նե­ցայ քիչ մը մօ­տէն շփուելու, խօ­սելու եւ ծա­նօթա­նալու եկեղեցւոյ մէջ ներ­կայ Ֆրան­սա­հայ Առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ շուրջ 200 ան­դամնե­րու հետ։ Զիս կ՚ու­րա­խաց­նէ այն երե­ւոյ­թը որ Ֆրան­սա­յի պէս երկրի մը մէջ ժո­ղովուրդը հետաքրքրուած է եկե­ղեցա­կան կեան­քով եւ ասի­կա պատ­ճառ եղաւ որ ան­մի­ջապէս ինքզինքս զգամ ըն­տա­նիքիս մէջ։ Ժո­ղովրդա­յին ըն­դունե­լու­թիւնը ջերմ էր։

12.12.14

Սերոբ Սահակեան. «Մեր նպատակը Իսրայէլի պետութեան ճանաչումը ապահովելը չէ եղած»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
 
Միջին Արեւելքի մէջ քաղաքական կարեւոր կշիռ ունեցող իսրայէլեան Քնէսէթը (խորհրդարանը) ցայսօր չէ ընդունած հայոց ցեղասպանութեան փաստը: Ամիսներ առաջ, երբ Ռուվէն Ռիվլին Իսրայէլի նախագահ կ'ընտրուէր, դարձեալ խօսակցութեան թեմա կը դառնար ցեղասպանութեան ճանաչման օրակարգը, տրուած ըլլալով, որ Ռիվլին նախքան Իսրայէլի նախագահ դառնալը միշտ դրական խօսած է հայութեան եւ ցեղասպանութեան օրակարգին մասին: Այսօր սակայն պատկերը այլ է: Ռիվլին նոյնիսկ մերժած է ցեղասպանութեան ճանաչման խնդրագիրը քննարկել: Իսրայէլի մէջ հայկական միութիւններու գործունէութեան, երկրի բաւական բարդ քաղաքական իրավիճակին, Երուասղէմի պատրիարքին վերջերս ունեցած սուր կեցուածքներուն եւ այս ծիրին մէջ եղող տարբեր թեմաներու մասին զրուցեցի Երուսաղէմի գաղութի ազգայիններէն պրն. Սերոբ Սահակեանին հետ: Ահա հարցազրոյցը:

21.3.14

Հայ Առաքելական Եկեղեցին ուղղագրական աղէտին դիմաց

Ժ. Չ.

Մարսիլիոյ մայր եկեղեցին Փետրուարէն ի վեր ամէն Հինգշաբթի օր «Սրբոց Թարգմանչաց լսարան» անուան տակ կը կազմակերպէ հոգեւոր զրոյցներ՝ Տէր Արամ քահանայ Ղազարեանի տնօրինութեամբ։
Այս առթիւ հրատարակուած տեղեկատուական թերթիկը գրուած է սովետական ուղղագրութեամբ … Երեւոյթ մը որ ծանրակշիռ է ու խիստ վրդովեցուցիչ։ Թեմական եւ ծխական խորհուրդի կարգ մը անդամներ եւ ընթերցողներ «Նոր Յառաջ»ի խմբագրատուն դիմեցին երեւոյթը հանրային կերպով արծարծելու համար։

29.9.13

Եպիսկոպոսաց Ժողովը եզրափակեց իր աշխատանքները

Մայր Աթոռ Ս. Էջիմածինի մէջ գումարուած Եպիսկոպոսաց Ժողովի դիւանը Սեպտեմբեր 27ին տարածած հաղորդագրութեան մէջ ամփոփած է ժողովի աշխատանքները:

24.9.13

Այսօր կը սկսուի Եպիսկոպոսաց Ժողովը

ՇԱՀԷ ՎՐԴ. ԱՆԱՆԵԱՆ
Հայաստանեայց Եկեղեցում առկայ հիմնախնդիրների, բարեկարգութեան ու դրանց լուծման եւ իրականացման ճանապարհների մասին խօսւում է արդէն մէկ հարիւրամեակից աւելի: Այդ հարցին ընդառաջ դեռեւս 20-րդ դարասկզբից գումարուել են բազմաթիւ մեծ ու փոքր ազգային եկեղեցական ժողովներ, հաւաքներ, տրուել են որոշակի լուծումներ, բարձրացուել են հիմնահարցեր... Բաւական է յիշել Մկրտիչ Ա. Խրիմեան կաթողիկոսի օրօք 1906 թ. գումարուած ժողովի առաջացրած խանդավառութիւնը, հակասական զգացումները, քննադատութիւններն ու երբեմն էլ հիասթափութիւնները: Այնուամենայնիւ, հակառակ կիրառուած ու կիրառուող բոլոր ջանքերին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կրկին կարիք ունի նմանատիպ ժողովի, որի գումարման աւանդոյթն ու ակունքները հասնում են ընդհուպ Ա. դարի կէս, երբ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալներն իրենք էլ, զգալով եկեղեցում առկայ հիմնահարցերի լուծման անհրաժեշտութիւնը, համատեղ որոշում կայացնելու նպատակով ժողով գումարեցին:

Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ պատմական Եպիսկոպոսաց Ժողովին ընդառաջ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 24էն մինչեւ Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 27, Ս. Էջմիածնի մէջ Հայ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողովը պիտի գումարուի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսներու նախագահութեամբ։ Օրակարգի իբր նիւթ կը նշուէր Եղեռնի նահատակներու սրբադասման հարցը եւ մկրտութեան արարողութիւնը համակերպելու խնդիրը։ Ինչպէս երեւան կու գայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Միջեկեղեցական Յարաբերութիւններու վարիչ եւ Անթիլիասի Դպրեվանքի տեսուչ Նարեկ Արք. Ալեէմեզեանի հետ «Ազդակ»ի կատարած հարցազրոյցէն, Եպիսկոպոսաց ժողովին օրակարգին կ՚աւելնայ նաեւ երրորդ կէտ մը՝ այժմէական մարտահրաւէրներուն վերաբերեալ, որ հետեւանք է վերջին շրջանին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ծոցին մէջ ծնունդ առած տագնապներուն։

17.9.13

Ռուբէն Սեւակի ժառանգութիւնը եւ սերունդներու դաստիարակութիւնը

Ժ. Չ.

Ցեղասպանուած նահատակ բանաստեղծ մը ի՞նչ ժառանգութիւն կրնայ ունենալ, բացի իր գրական երկերէն։ Եւ ահա առեղծուածը։ Շնորհիւ բանաստեղծին եղբօրորդւոյն՝ Յովհաննէս Չիլինկիրեանի տքնաջան աշխատանքին ու բծախնդիր հետազօտութիւններուն, այսօր Ռուբէն Սեւակը ունի հսկայական արխիւային նիւթ եւ Ցեղասպանութենէն վերապրած ու Սփիւռքի մէջ հասակ նետած նկարիչներու գործերու հսկայական հաւաքածոյ մը։ Այս երկու կալուածներու միացումէն ծնած է Ռուբէն Սեւակի յիշողութեան կեդրոն-թանգարանը, 1986ին, Նիսի մէջ։

1.9.13

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. կը պատասխանէ իր քննադատներուն

Օգոստոս 17ին nyut.am կայքէջը հրապարակած է տեսանիւթ մը, որ քաղուած է Հայաստանի առաջին ալիքի («Հ1») «Հայլուր» յայտագրի կատարած հարցազրոյցէ մը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի հետ։ Արտագրումը, որ լոյս տեսած է «Նոր Յառաջ» երկօրեայի Օգոստոս 31ի թիւին մէջ, մեր կողմէ վերստին համեմատուած ու մանր ճշգրտումներու ենթարկուած է։
Կաթողիկոսը իւրօրինակ պատասխան կու տայ վերջին երկու ամիսներուն Իր հասցէին ուղղուած քննադատութիւններուն, որոնց ետին կը տեսնէ «առան­ձին ան­ձեր, քա­ղաքա­կան նպա­տակ­նե­րից առաջ­նորդուած կամ պա­տուէր­ներ ու­նե­նալով տար­բեր ու­ժե­րից, տար­բեր կա­ռոյցնե­րից՝ յա­տուկ առա­ջադ­րանք, պա­տուէր ու­նե­նալով», որոնք «իրենց գործն են իրա­կանաց­նում»։

15.8.13

Եկեղեցական նոր տագնապի մը դէմ յանդիման

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
 
Ազգային խնդիրներով քիչ թէ շատ մտահոգ  հայ մարդ կ’ենթադրուի, թէ կարդացած պէտք է  ըլլայ  համացանցի  ճամբով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին «խոտորումներուն» մասին շրջանառութեան դրուող գրութիւնները, որոնք յաւելեալ շեշտ ու ծաւալ եւ յաճախականութիւն ստացան՝ յատկապէս ֆրանսահայոց առաջնորդին հրաժարականէն ետք,  հրաժարագրին ու անոր դրդապատճառին հրապարակումով, բացայայտումով:
Ստորագրուածները ընդհանրապէս կողմնորոշեալ յայտարարութիւններ են՝ ըստ պատշաճի մտահոգութիւն արտայայտող բանաձեւումներով: Միւսները ՝ անհասցէ ու հեղինակ(ներ)ի ինքնութիւնը անյայտ՝ «քահանաներու միութիւն», «Թորոնթոյի հաւատացեալներ» եւ այս կարգի տարտամ ստորագրութիւններով գրութիւններ,  որոնց «լրջութիւնը» կը կայանայ հետաքրքրութիւն յարուցող իրենց բովանդակութեան մէջ, Ամենայն Հայոց Կաթղ.ին  մասին ըլլալուն  համար:

8.8.13

Երուսաղէմի Պատրիարքը սխալ կը գտնէ Ս. Էջմիածինի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի որոշումը

Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանը 3 Օգոստոսին նամակ յղած է Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ին: Նամակին մէջ ան «ճակատագրական սխալ քայլ» նկատած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեանի հրաժարականի ընդունման վերաբերեալ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդին որոշումը:

3.8.13

Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի նիստը

Ինչպէս յայտարարուած էր, Յուլիս 30-31ին գումարուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի (ԳՀԽ) հերթական ժողովը, «ընդլայնուած կազմով»։ Օրակարգի վրայ էր Նորվան արք. Զաքարեանի հրաժարականի քննարկումը։ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդը ի պաշտօնէ անդամ ըլլալով հանդերձ, մասնաւոր կերպով հրաւիրուած էր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ՝ ներկայացնելու այն փաստարկումները, որով պիտի հիմնաւորէր իր հրաժարականին մէջ արծարծած սուր քննադատութիւնները՝ ուղղուած Կաթողիկոսին անձին եւ տարած գործունէութեան։

26.7.13

Ո՞վ տարածած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին պատասխանը

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»
Յուլիս 20ի մեր թիւին («ՆՅ»-533) մէջ հրապարակած էինք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին՝ Ֆրանսայի Թեմի Առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեանին ուղղած Յուլիս 3 թուակիր պատասխան-նամակը։
Ստորեւ կը հրապարակենք Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի քարտուղարութենէն «Նոր Յառաջ»ին՝ «հրատարակութեան խնդրանքով» ուղղուած նամակը, ուր Վահրամ քհնյ. Մելիքեան կը յայտնէ, թէ Մայր Աթոռին կողմէ չէ կազմակերպուած այդ պատասխան-նամակին տարածումը, այլ՝ Ֆրանսայի թեմէն Նորվան Սրբազանի կամ Թեմական Խորհուրդի ատենապետին շրջանակէն։

18.7.13

Եկեղեցւոյ բարձրագոյն ծառան ընդդէմ ամենայն հայոց գերագոյն ծառային

Ժ.Չ.

Հրաժարական մըն է, որ տակնուվրայ կ՚ընէ եկեղեցական աւանդական նուիրակարգը։ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ հազուադէպ երեւոյթ մը։ Ապշեցուցիչ։ Ցնցիչ։ Գայթակղեցուցիչ։ Առաջին նախադասութենէն սկսեալ՝ «Ատենէ մը ի վեր նկատած եմ որ զիս վիրաւորելն ու վարկաբեկելը Ձեր հաճոյքը դարձած է»։ Կը շարունակէ նոյն թափով՝ «Ձեր որակումներն ու մեղադրանքները ուղղուած՝ անձիս դէմ, պարզապէս զարմանք կը պատճառեն ինծի։ Դուք չէք անդրադառնար գուցէ թէ մարդոց արժանապատւութիւնը կը ճզմէք ձեր ոտքին տակ»։ Այս խօսքերը Նորվան Սրբազանինն են ուղղուած Կաթողիկոսին. կը մէջբերենք ընդգծելու համար ըսուածին ծանրակշռութիւնը։ Շարունակական վարկաբեկումներ ու յարձակումներ որոնք խորին վէրքի վերածուած՝ անհանդուրժելի դարձած են։

14.7.13

Մարդկային արժանապատուութիւնը եւ Նորվան արք. Զաքարեանի հրաժարականը


Ինչպէս նախապէս յայտնած էինք, Ֆրանսայի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեան, որ 2007էն ի վեր այդ պաշտօնը կը վարէր, Յուլիս 1ին իր հրաժարականը ներկայացուցած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ին։ Յուլիս 13ի թիւով, «Նոր Յառաջ» հրատարակած է հրաժարականին բնագիրը, որուն լուսանկարչական պատճէնը արդէն սկսած էր շրջան ընել համացանցին մէջ։ Նոյնութեամբ կը վերարտադրենք բնագիրը՝ առ ի խորհրդածութիւն (բոլոր ընդգծումները մերն են).

9.10.12

Նամակ՝ «Ազգ» օրաթերթի խմբագրութեան

Յարգելի՛ պրն խմբագիր,
Անձնապէս «Ազգ»ի ընթերցող մը չեմ: Ե-նամակի ճամբով բարեկամէ մը ստացայ 3/10/2012ի թիւը եւ զարմանքի ու արգահատանքի խառնուրդ զգացումով կարդացի յունահայ գաղութին նուիրուած գրութիւն մը` ապշեցուցիչ խորագրով.- Հայի «պատերազմ» հայի դէմ:

3.10.12

Յունահայ համայնք. հայի «պատերազմ» հայի դէմ

ՅԱՍՄԻԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ
 
Պառակտուածութիւն, թշնամանք եւ ատելութիւն, սակայն միեւնոյն ժամանակ հայկականը պահպանելու, նոր սերնդին հայեցի դաստիարակելու ու կրթելու մեծ ցանկութիւն ու գործողութիւնների հսկայական շարք: Առաջին ու հիմնական տպաւորութիւնը, որ ստանում ես յունահայ համայնքից, հէնց այսպիսին է: Օտար հողում, երկու մտածելակերպ, երկու գաղափարախօսութիւն ու տասնամեակներով կուտակուած թշնամանքն այսօր էլ կապանքի պէս խեղդում է կողմերին` արգելելով յանուն մէկ նպատակի շարժուել նոյն ճանապարհով ու միմեանց օգնել: Աւանդական երկու կուսակցութիւնների` ռամկավարների ու դաշնակցականների պայքարը Յունաստանում տասնամեակների պատմութիւն ունի: Երկու կուսակցութիւնները Յունաստանի հայաշատ երկու քաղաքներում` Աթէնքում եւ Սալոնիկում ունեն առանձին դպրոցնէր, միութիւններ ու... եկեղեցիներ: Պատմութիւնը, կատարուածն ու ներկան ներկայացնում են առաքելական, սակայն երկու տարբեր թեմերի ներկայացուցիչների` յունահայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Հայր Խորէն [աբեղայ] Առաքելեանն ու Աթէնքի Նէոսկոզմօ եւ շրջակայ արուարձանների հոգեւոր հովիւ Նարեկ քահանայ Շահինեանը: