Showing posts with label Մեսրոպ արք. Մութաֆեան. Show all posts
Showing posts with label Մեսրոպ արք. Մութաֆեան. Show all posts

17.2.18

Թէ ինչպէս եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ Արամ Աթէշեան

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆ
 
Թուրքիոյ հայոց պատրիարքութենէ ներս չեն խաղաղիր կիրքերը: Արամ Աթէշեան, իր ետին ունենալով պետական իշխանութիւնները, անգամ մը եւս պարտադրուեցաւ տեղւոյն հայ համայնքին ու եկեղեցականութեան, որ մօտաւորապէս վեց ամիս առաջ պաշտօնապէս պաշտօնանկ ըրած էր զայն՝ հեռացնելով պատրիարքական փոխանորդի պաշտօնէն եւ առհասարակ վերացնելով նման պաշտօն մը պատրիարքարանի երդիքին տակ: Կուսակալութենէն անցեալ շաբաթ հասած պաշտօնաթուղթը սակայն կը յայտարարէր, թէ տակաւին կը շարունակէ որպէս փոխանորդ ճանչնալ Աթէշեանը: Կրօնական Ժողովը, որ կրնար հաստատուն մնալ իր դիրքորոշման մէջ, ինչ որ պատահած էր 1998-ին՝ Մեսրոպ Բ պատրիարքի ընտրութեան նախորդող շրջանին, հապճեպ որոշումով մը զիջեց իր դիրքերը եւ Աթէշեանը դարձեալ հռչակեց պատրիարքական փոխանորդ:

9.3.15

Բագրատ Էսդուքեան. «Թուրքիան կը շահագործի, յետոյ թաշկինակի նման կը շպրտի հայերին»



Պոլսոյ «Ակօս» թերթի հայերէն բաժնի խմբագիր Բագրատ Էսդուքեանը «Սիվիլնեթ»ի խմբագիրներէն Ալին Օզինեանի հետ զրոյցի մը ընթացքին, խօսած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութեան համար Թուրքիոյ հայ համայնքի պայքարին մասին:

30.11.14

Փրանկիսկոս Պապը եւ ցեղասպանութիւնը՝ Թուրքիա այցելութենէն ետք

Թուրքիա տուած Նոյեմբեր 28-30ի եռօրեայ այցելութենէն ետք, Փրանկիսկոս Պապը մամլոյ ասուլիս մը տուած է Պոլիսէն դէպի Հռոմ վերադարձի թռիչքին մէջ։ Արժանթինեան «Լա Նասիոն» օրաթերթին թղթակիցը գրած է Նոյեմբեր 30ի թիւին մէջ.