Showing posts with label հայ-թրքական յարաբերութիւններ. Show all posts
Showing posts with label հայ-թրքական յարաբերութիւններ. Show all posts

19.12.14

Պիտի սթափի՞նք, թէ՞...

ԱՆԱՐԺԱՆ ԴՊԻՐ

Հասան Ճէմալի «1915. Հայոց Ցեղասպանութիւն» հատորին հայերէն թարգմանութեան երեւանեան շնորհահանդէսով ծնունդ առած բանավէճը իրականութեան մէջ եզակի առիթ մը հանդիսացաւ անգամ մը եւս հաստատելու, որ «խակ» հաւաքականութիւն ենք։ Ու անգամ մը եւս ի յայտ եկաւ, որ նոյնիսկ երբ այսինչ կամ այնինչ նախաձեռնութիւնը դատապարտելի է եւ կամ դատապարտելի կէտեր կը բովանդակէ, կամ առնուազն այդպէս կը գնահատենք, չենք գիտեր ձեւակերպել մեր դատապարտումն իսկ, ամէն ինչ կը շփոթենք։

Հայեւթուրք երկխօսութեան կնճիռն ու Հասան Ճէմալի «հանգոյցը»

Վերջին քանի մը օրերուն հայ մամուլի եւ համացանցի լուսարձակները իր վրայ կեդրոնացուցած է Հասան Ճէմալ անունով թուրք մտաւորական մը, որ շաբաթ մը առաջ Երեւան այցելած էր եւ հրապարակային երկու ելոյթներ ունեցած էր, որոնք առիթ ծառայեցին բողոքի ու բանավէճի բուռն ալիքի մը շղթայազերծման։
Հասան Ճէմալի անցեալ շաբթուան Երեւան այցելութեան շարժառիթը հիւրաբար անոր մասնակցութիւնն էր հայեւթուրք երկխօսութիւնը քաջալերող ու Եւրոպական Միութեան կողմէ հովանաւորուած հասարակական կեդրոնի մը կազմակերպած զոյգ հանդիպումներուն։

29.7.14

Հայերը՝ թուրք գրականութեան մէջ

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

Մուրատ Պել­կէի «Հա­յերը գրա­կանու­թեան մէջ» (“Edebiyatta Ermeniler”, İletişim, 2013, 252 էջ) հա­տորը կ՚ամ­փո­փէ յայտնի մտա­ւորա­կանին այս նիւ­թին շուրջ նա­խապէս գրած ծաւալուն յօ­դուած­նե­րը (2006-2007 թուական­նե­րու մի­ջեւ հրա­տարա­կուած «Պի­րիքիմ» հան­դէ­սին մէջ), որոնց աւել­ցուած են նո­րերը։ Պել­կէին մա­սին խօ­սելու առի­թը դեռ պի­տի ներ­կա­յանայ, սա­կայն այժմէն կա­րելի է ըսել, թէ հա­յերու (եւ առ­հա­սարակ երկրի փոքրամաս­նութեանց) հան­դէպ իր մշտա­կան հե­տաքրքրու­թեան ցո­լացումն է այս գիր­քը, իբր այդ՝ ոչ պա­տահա­կան հրա­տարա­կու­թիւն մը։

15.6.14

«Երազ» մը՝ անդին

ԱՐԱՄ ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Ուշադրու­թեամբ կար­դա­ցի «Մենք երա­զում ենք, միասին» բնա­բանով գրու­թիւնը մա­մու­լի մէջ։ Նոյ­նը չէ՛ իմ «երազս»։ Պի­տի ըսէի՝ իմ «երազս» կը սկսի այնտեղ, ուր կը վեր­ջա­նայ ներ­կա­յացուած երա­զը։ Որով­հե­տեւ, եթէ իմ «երազս» վեր­ջա­նար նո՛յնպէս՝ գրու­թեան հետ միասին, ազ­գիս ապա­գային հա­մար գէշ երազ մը պի­տի ըլ­լար ան։

«Մենք երազում ենք, միասին»

Ֆրանսացի, հայ եւ թուրք խումբ մը արուեստագէտներ եւ մտաւորականներ ստորագրած են հայեւթրքական հաշտութեան նիւթին շուրջ վերոնշեալ խորագրով գրութիւն մը, որ հրապարակուած է երեք լեզուներով՝ հայերէն, թրքերէն եւ ֆրանսերէն: Գրութիւնը լոյս կը տեսնէր Ուրբաթ, Մայիս 30ին, ֆրանսական «Լիպէրասիոն» եւ թրքական «Ռատիքալ» թերթերուն մէջ: Ստորեւ կու տանք հայերէն տարբերակը.

27.11.13

Թուրքիան 100ամեակի նախօրեակին. հարցազրոյց Պոլսոյ «Ժամանակ» թերթի խմբագրապետ Արա Գօչունեանի հետ

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ


Հարցում - Կարելի՞ է պարզաբանել ընդհանրապէս թրքահայութեան եւ մասնաւորաբար Պոլսոյ հայերու ապրած ներկայ վիճակը Թուրքիոյ կառավարութեան հետ փոխ-յարաբերութիւններու առումով։ Ինչպէս գիտենք, կան քանի մը բնագաւառներ ինչպէս՝ կալուածներու վերադարձի հարցը, Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով թուրք հասարակութեան եւ ի մասնաւորի նոր մտաւորականութեան նոր մօտեցումները, գաւառներու մէջ քիւրտերու հետ զարգացումները՝ յատկապէս Տիգրանակերտի շրջանի պարագան, եւայլն։ Կ՚ուզէինք նշեալ նիւթերու շուրջ այժմու իրավիճակին յստակ պատկերը ունենալ։
Արա Գօչունեան - Այո, հարցադրումները շատ են։ Կալուածներու խնդիրը աւելի քան տասը տարուան գործընթացի անցեալ ունի, գիտէք, իրադարձութիւնները երբեմն գետի նման կը վարարին եւ յետոյ կը հանդարտին, սակայն կը մնայ շարունակականութիւնը, իսկ ներկայ հանգրուանի մեկնակէտը պայմանաւորուած է Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործընթացով։ Երբ Թուրքիա Եւրոմիութեան անդամակցելու թեկնածու ճանչցուեցաւ, երկրին մէջ սկսաւ բազմակողմանի բարեփոխումներու գործընթաց մը, որ իր հետ բերաւ նաեւ զանազան օրէնսդրական կարգադրութիւններ՝ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններուն համար, որոնք ունէին տասնեակ տարիներու ընթացքին կուտակուած խնդիրներ։

19.6.13

Պայքարը ներսէն. «Նոր Զարթօնք»ը կը խօսի Սփիւռքին

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
 

Պոլսոյ «Կեզի» զբօսայգիին պարփակած ուժը հանդէս եկաւ որպէս հաւաքականութիւնը միացնող գործօն` շնորհիւ իր ընծայած հանրային տարածքին, ուր Թուրքիոյ տարբեր գաղափարախօսութիւններու պատկանող քաղաքացիները միացան նախ որպէս բնութիւնը պահպանող գործիչներ եւ ապա, լայնցնելով կարկինը, որպէս Էրտողանին քաղաքականութեան դէմ բողոքող ժողովուրդ: Այս հաւաքականութեան մաս կազմող Պոլսոյ հայ  «Նոր Զարթօնք»(1) շարժումին գործունէութիւնը ընկերային ցանցերուն շնորհիւ ա՛լ աւելի հասանելի դարձաւ մեզի` սփիւռքահայերուս:

24.9.12

Ինքնութիւն եւ պայքար (դժուարին վերանայումներ, վերասահմանումներ)

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ
 
Որոշ յապաղումով կ՚անդրադառնամ «Ազդակ»-ի Յունիս 8-ի թիւին մէջ լոյս տեսած «Զաւարեանական էջ»-ի մէկ հարցազրոյցին, որ երկխօսութեան մը մէջ կը համատեղէ երկու երիտասարդուհիներ` լիբանանահայ Արազ Գոճայեանը եւ թրքահայ Ասլը Թիւրքէրը:
Չեմ գիտեր` բաւարար խորքով ըմբռնեցի՞նք տարողութիւնը երկխօսութեան այս երեւոյթին – եւ սկսելու համար` տարողութիւնը անոր մեկնակէտ «Ասլը-երեւոյթին»: Տարողութենէ աւելի, պէտք էր խօսիլ տակաւին` պարզ կարողականութեան մասին. երեւոյթները, իմ արժեւորումով որքան ալ աննախընթաց, իրենց իրացումը, իրականացումը պիտի կրնան գտնել միմիայն շնորհիւ մեր հաւաքական ատակութեան` զիրենք ընկալելու եւ գնահատելու…

Մեր խօսքը

Յարգելի ընթերցող, «Զաւարեանական Էջ»-ով (1) այսօր լոյս կ՛ընծայենք հարցազրոյց մը` կատարուած Ասլը Թիւրքերի հետ: Ասլը Թիւրքեր օրինակ մըն է Թուրքիոյ մէջ գտնուող, հայկական ծագումը թաքցուցած, մեզի համար տակաւին անյայտ թիւ մը ներկայացնող, ցիրուցան եղած հաւաքականութենէն: Նկատած ենք բոլորս, որ այս վերջին տարիներուն հետզհետէ մէջտեղ կու գան «թուրքեր», որոնք կը յայտարարեն, թէ իրենք ծագումով հայեր են, թէ` տարիներով գաղտնի պահած են իրենց ինքնութիւնը, նոյնիսկ երբեմն իրենք ալ բաւական յառաջացած տարիքէ ետք է միայն, որ բացայայտած են այդ մէկը: Անոնց շարքին է նաեւ մեր զրուցակից Ասլըն: Ասլըն պատանի հասակին անձնապէս բացայայտած է,  թէ իր հօրենական կողմէն մեծ հայրը մշեցի հայ եղած է` Թորգոմ անունով: Ջարդերու շրջանին անոր հայկական մականունը փոխած են «Թիւրքեր»-ի, որ կը նշանակէ թուրք զինուոր: Յաւելեալ մանրամասնութիւններ կարելի է գտնել հարցազրոյցին մէջ, սակայն յարմար կը գտնենք նախապէս կատարել քանի մը խորհրդածութիւններ:

7.11.11

Երեք միտք Մուսա լերան 40 անմոռանալի օրուան շուրջ

ԱՒԵՏԻՍ ՀԱՃԵԱՆ

Եղեռնի բազմաթիւ պատմական դէպքերէն, Մուսա Լերան հերոսամարտը անմահացած է տիեզերական յիշողութեան մէջ, ի տարբերութիւն, օրինակ, Վանի ապստամբութեան: Բոլորս գիտենք ինչո՞ւ այդպէս է: Ֆրանց Վերֆէլի «Մուսա Լերան 40 օրը» մեր ժողովուրդի ճակատագրական այդ պահը անմահացուց: Ռաֆայէլ Լեմքինի պէս, որ «ցեղասպանութիւն» եզրի սահմանումը 1915-ի հայոց բնաջնջումի պարագային վրայ հիմնեց, Վերֆէլ ո՛չ միայն օտարազգի էր: Ինչպէս Լեմքինը, որ Ողջկիզման ընթացքին 49 ընտանեկան հարազատ կորսնցուց, Վերֆէլը հրեայ էր: Հայասէր հրեաներ էին: Ինչպէս «սէր» վերջածանցով աւարտող որեւէ բառ, «հայասէր» կը նշանակէ նաեւ կեանքը սիրող:

11.10.11

Օսմանեան արխիւները բաց չեն անգամ թուրք հետազօտողներու համար

Թէեւ թուրք հետազօտողներ (օրինակ՝ Թանէր Աքչամ) հրատարակած են ուսումնասիրութիւններ, որոնք հիմնուած են թրքական արխիւներու մատուցած տուեալներուն վրայ, եւ անոնց մէջ ի յայտ եկած են վաւերական արժէք ունեցող բազմաթիւ նիւթեր, անհերքելի է, որ այդ արխիւներուն «բաց»ի ու «գոց»ի հարցը ցոյց կու տայ փաստաթուղթերու մշակումէն ու ցուցակագրումէն աւելի անդին անցնող պետական քաղաքականութիւն մը, որուն փաստը վերջերս մատնանշուած էր Պոլսոյ Սապանճը համալսարանի դասախօս Խալիլ Պերքթայի՝ "Wikileaks"ի բացայայտումներուն մաս կազմող իր յայտարարութեան մէջ։ Այս առիթով, հետաքրքրական մանրամասնութիւններ կը փոխանցէ հետեւեալ անստորագիր ակնարկը, որ լոյս տեսած է "Armweeklynews.am'' կայքէջին մէջ։

27.5.11

Հին բաներ, որոնք նոր պիտի սորվինք

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Սպասումներ կան, որոնք բարեբախտաբար ամէն տարի կարճ կը տեւեն։ Անոնցմէ մէկն է ամերիկեան նախագահի մը հերթական յայտարարութիւնը Ապրիլ 24ի առիթով։ Ահա նախագահ Պարաք Օպամայի Ապրիլ 23 թուակիր ուղերձին գլխաւոր մասը.

17.5.11

Ես ո՛չ խճանկար, ո՛չ էպրու եւ ո՛չ ալ Անատոլիոյ գոյն եմ

ԹԱԼԻՆ ՍՈՒՃԵԱՆ
Հայացուց՝ ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Ապրիլ 24, 2011ին, 25ամեայ թրքահայ զինուոր մը՝ Սեւակ Շահին Պալըքճը, սպաննուեցաւ թուրք զինակիցի մը՝ Քըվանչ Աղաօղլուի կողմէ, իր ծառայութիւնը աւարտելէ երեք շաբաթ առաջ։ Պաշտօնապէս «արկած» որակուած այս սպանութիւնը կասկածելի ու հակասական բազմաթիւ կէտեր ունի՝ խորհրդանշական թուականէն սկսեալ։ «Ակօս» շաբաթաթերթը տեղեկագրած է իր Մայիս 6ի թիւով.

18.3.10

Անհանգստացնող ընտրութիւն մը

Սխալ պիտի չըլլար ըսել, թէ այս տարի ականատես եղանք Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ շարք մը քաղաքական անակնկալ զարգացումներու, որոնք աշխարհասփիւռ հայութեան վրայ ներգործեցին եւ քաղաքական ու ընկերային անկանխատեսելի երեւոյթներու ճանապարհ հարթեցին։

10.12.09

Անշուք ու արատաւոր երեւոյթներ՝ Արարատի շուքին տակ

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Ստորեւ կու տանք գրութիւն մը, որ լոյս տեսած էր “ֆութպոլային դիւանագիտութեան” սկզբնական օրերուն՝ Սեպտեմբեր 2008ին։ Այնուհետեւ, դէպքերը թաւալեցան չտեսնուած արագութեամբ։ Ապրիլ 2009ին հրապարակուեցաւ «ճանապարհային քարտէսը», իսկ Հոկտեմբեր 10ին տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Հայաստան վիճայարոյց արձանագրութիւններուն ստորագրութիւնը Զուիցերիոյ մէջ։ Քանի մը օր ետք, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան կ՚այցելէր Թուրքիա՝ երկու երկիրներու հաւաքականներուն խաղը դիտելու համար իր պաշտօնակից Ապտւլլահ Կիւլի հետ (խաղը վերջացաւ 2-0 յաղթանակով յօգուտ Թուրքիոյ)։ Այցելութիւնը տեղի ունեցաւ հակառակ այն իրողութեան, որ նախագահ Սարգսեան իբրեւ նախապայման դրած էր սահմաններու բացումը՝ խաղին ներկայ ըլլալու համար։ Ըստ երեւոյթին, անորոշ ժամանակի մը սահմաններուն բացումը խոստացող թուղթի մը ստորագրութիւնը բաւարար էր՝ նման նախապայման մոռնալու համար։ Տեսնենք, եթէ Թուրքիա նոյնքան դիւրութեամբ պիտի մոռնայ ղարաբաղեան խնդրի լուծումը որպէս նախապայման՝ սահմանները բանալու համար։