ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆ
Հետզհետէ աւելի բարձր կը լսուին ձայները այն մարդոց, Պոլիսէն,
Հայաստանէն թէ Սփիւռքէն, որոնք տեսնելով պատրիարքական պետական
փոխանորդ Արամ Աթէշեանին չափն ու սահմանը անցած քայլերը, կը
պահանջեն, որ կաթողիկոսը պատժամիջոց մը սահմանէ՝ կարգազրկէ,
փիլոնազրկէ կամ կախակայէ զինքը, վերջապէս բանեցնէ հոգեւոր վերին
իշխանութեան իրեն ընձեռած իրաւասութիւնը։ Մանաւանդ որ կաթողիկոսը
աննախադէպօրէն շատ անգամներ դիմած է այդ միջոցին՝ յաճախ
կարգազրկելով կամ կախակայելով քահանաներ, վեղարաւորներ, նոյնիսկ
եպիսկոպոս մը։