ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Միջին Արեւելքի մէջ քաղաքական կարեւոր կշիռ ունեցող իսրայէլեան Քնէսէթը
(խորհրդարանը) ցայսօր չէ ընդունած հայոց ցեղասպանութեան փաստը: Ամիսներ
առաջ, երբ Ռուվէն Ռիվլին Իսրայէլի նախագահ կ'ընտրուէր, դարձեալ
խօսակցութեան թեմա կը դառնար ցեղասպանութեան ճանաչման օրակարգը, տրուած
ըլլալով, որ Ռիվլին նախքան Իսրայէլի նախագահ դառնալը միշտ դրական խօսած է
հայութեան եւ ցեղասպանութեան օրակարգին մասին: Այսօր սակայն պատկերը այլ է:
Ռիվլին նոյնիսկ մերժած է ցեղասպանութեան ճանաչման խնդրագիրը քննարկել:
Իսրայէլի մէջ հայկական միութիւններու գործունէութեան, երկրի բաւական բարդ
քաղաքական իրավիճակին, Երուասղէմի պատրիարքին վերջերս ունեցած սուր
կեցուածքներուն եւ այս ծիրին մէջ եղող տարբեր թեմաներու մասին զրուցեցի
Երուսաղէմի գաղութի ազգայիններէն պրն. Սերոբ Սահակեանին հետ: Ահա հարցազրոյցը: