"Carnegie Endowment for International Peace"ի Պէյրութ գտնուող Միջին Արեւելքի կեդրոնին մէջ, 10 Մարտին տեղի ունեցաւ
«Հայկական աշխարհը` ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք» խորագիրով կլոր սեղան
մը, որուն զեկուցաբերներն էին «Քառնըկի»ի աւագ գործակից, Հարաւային
Կովկասի եւ Սեւ Ծովու շրջաններու մասնագէտ Թոմաս Տը Վաալ եւ Պէյրութի
Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան։ Զրուցավարն էր
«Քառնըկի»ի Միջին Արեւելքի կեդրոնի աւագ գործակից Մահա Եահիա: Կլոր սեղանը
կազմակերպուած էր Հայկազեան համալսարանի եւ «Քառնըկի»ի
համագործակցութեամբ:
Կլոր սեղանը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Տը Վաալի նոր հրատարակուած «Մեծ Եղեռն` հայերն ու թուրքերը ցեղասպանութեան շուքին տակ» (*) խորագիրով գիրքին,
որուն հպանցիկ կերպով անդրադարձաւ զրուցավարը եւ նշեց, որ 1915-1916-ին
տեղի ունեցածը տակաւին իր արձագանգը կը գտնէ ներկայ իրականութեան եւ այն
իրադարձութեանց վրայ, որոնք ներկայիս կ՚արձանագրուին: Այնուհետեւ ան խօսքը
փոխանցեց գիրքի հեղինակին, որ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց իր գիրքին մէջ
ներառուած նիւթերը: Տը Վաալ ըսաւ, թէ Թուրքիա ներկայիս կը փոխուի,
մանաւանդ անոր քրտական հատուածը, եւ Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ
վերաշինութիւնը նկատեց Թուրքիոյ մէջ յոյսի նշան մը: