Showing posts with label Միջին Արեւելք. Show all posts
Showing posts with label Միջին Արեւելք. Show all posts

24.2.14

Միջին Արեւելքի հայկական արխիւները ցեղասպանութեան մասին

Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ, Յունուար 19ին, Քրեսենթա հովիտի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբի այս տարուան անդրանիկ դասախօսութիւնը նուիրուած էր վաւերագրական խիստ կարեւոր նիւթի մը՝ «Միջին Արեւելքի հայկական արխիւները՝ հայկական ցեղասպանութեան մասին»: Դասախօսն էր պատմաբան Վահրամ Շէմմասեանը: 

1.11.13

Հայկական Սփիւռքի փոխակերպումը. մարտահրաւէրներ եւ հնարաւորութիւններ

ՎԱՀՐԱՄ ՀՈՎԵԱՆ
Ցեղասպանութեան հետեւանք հանդիսացող հայկական սփիւռքը տասնամեակների ընթացքում ենթարկուել է որոշակի փոխակերպման` կապուած նրա ներսում տեղի ունեցող «ժողովրդագրական» տեղաշարժերի հետ: Այդ փոխակերպման ըմբռնումը կարեւոր նշանակութիւն ունի ինչպէս մարտահրաւէրներին դիմագրաւելու, այնպէս էլ ընձեռուած հնարաւորութիւններից առաւելագոյնս օգտուելու տեսանկիւնից:

17.8.13

«Սայքս-Փիքօ III», «Սեւր II», «Լօզան II».- Միջին Արեւելքի ու Կովկասի նոր քարտէ՞ս…


ՆՈՐ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄԱՑ... 
ԴՈԿՏ. ԿԱՐԱՊԵՏ ՄՈՄՃԵԱՆ
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Ա- ՄՈՒՏՔ
Շատ հաւանաբար, ընթերցողը որոշ զարմանք ու շուարում պիտի զգայ կարդալով մեր յօդուածին խորագիրը: Խնդիրը այն է, որ սոյն յօդուածով արծարծուող պատմա-քաղաքական հարցերը ծայր աստիճան խրթին են ու անոնց վերլուծական պարզացումը հատորներու կը կարօտի: Չունենալով նման լայնածաւալ հարթակ՝ պիտի փորձենք այս խիտ տողերով կատարել որոշ ընդգծումներ: Հետեւաբար, եթէ որոշ պարագաներու մանրազնին վերլուծման կարօտող հարցերը ներկայացնենք քանի մը նախադասութեամբ՝ այդ պարագային կ’ապաւինինք հարցերուն տեղեակ ընթերցողին՝ անոնց նկատմամբ որոշ ծանօթութեան: