Թուրքիոյ մէջ «Փանտորա» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է պատմութեան քանի մը թուրք զեղծարարներու հեղինակած յօդուածներու ժողովածուն` թրքական պաշտօնական
պատմագրութեան ներկայացուցիչներէն Ֆերուտուն Աթայի խմբագրութեամբ: Այդ
մասին կը հաղորդէ «Ակունք»-ը` հիմնուելով յիշեալ հրատակչութեան պաշտօնական կայքէջին մէջ հրապարակուած տեղեկութեան վրայ:
Blog for informed opinions / Կայքագիր իրազեկ կարծիքներու համար / Blog para opiniones informadas
Showing posts with label ժխտում. Show all posts
Showing posts with label ժխտում. Show all posts
7.12.17
9.9.16
Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման փուլերը Թուրքիայում
ԼԻԼԻԹ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ
Հերքումը ցեղասպանութեան վերջին
փուլն1 է եւ քանի
դեռ
այն
շարունակւում է,
ցեղասպանութիւնն էլ
է
շարունակւում: Հետեւաբար ցեղասպանութիւնը սկիզբ
է
առել
Օսմանեան կայսրութիւնում եւ
որքան
էլ
Թուրքիան իրեն
պատասխանատու չհամարի տեղի
ունեցածների համար,
ժխտողական կեցուածքով շարունակում է
իր
իսկ
նախահայրերի սկսած
գործը:
Հարիւր
տարի անց, երբ յետադարձ հայացք ենք նետում Թուրքիայի ցեղասպանութեան հարցում
վարած քաղաքականութիւններին, ակնյայտ է դառնում, որ հիմքում որեւէ
էական փոփոխութիւն չի գրանցուել: Ժխտողական քաղաքականութիւնը
ձեւաչափ, լեզուական ոճ եւ երանգ է փոխել, բայց երբեք՝ բովանդակութիւն: Երբեմն
բացէ ի բաց, երբեմն քօղարկուած
ժխտողականութիւնը ներկայ է եղել: Հերքելու, սովորական
իրադարձութեան նման ներկայացնելու, հայերին դաւաճանութեան մէջ
մեղադրելու եւ իրենց զոհի կարգավիճակում ներկայացնելու ակտիւ ժխտողականութեան կողքին իր ուրոյն
տեղն է գրաւել նաեւ պասիւ ժխտողականութիւնը`
լռելու, չլսելու եւ չիմանալու տալը:
6.7.16
Ֆրանսական Ազգային Ժողովի ցեղասպանութեան մասին օրէնքը կամ... լեռը մուկ մը ծնաւ
Ֆրանսայի Ազգային ժողովը, Ուրբաթ, Յուլիս 1-ին, անակնկալ արագութեամբ եւ
միաձայնութեամբ քուէարկեց «Հաւասարութեան եւ քաղաքացիութեան» օրէնքին մէջ
ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներու ժխտումի պատժելիութեան
առընչուող «բարեփոխումներ» (Հայոց ցեղասպանութեան տեսանկիւնէն. չակերտները
մերն են) նախատեսող բանաձեւը:
Հայ հասարակութիւնը տարիներէ ի վեր անհամբերութեամբ կը սպասէր այս բանաձեւին:
Մինչդեռ… քուէարկուածը, որ շեփորով յայտարարուեցաւ, իրականութեան մէջ շա՜տ հեռու է հայութեան սպասումներէն:
Հայ հասարակութիւնը տարիներէ ի վեր անհամբերութեամբ կը սպասէր այս բանաձեւին:
Մինչդեռ… քուէարկուածը, որ շեփորով յայտարարուեցաւ, իրականութեան մէջ շա՜տ հեռու է հայութեան սպասումներէն:
10.6.16
Խոստովանողն ու ուրացողը
ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆ
«Գերմանիա՛, նախ Ողջակիզումին հաշիւը տուր»։
«Հիթլերին թոռները Թուրքիան ցեղասպանութեամբ կ՚ամբաստանեն»։
«Գերմանիա՛, նախ քու կեղտոտ պատմութիւնդ դիտէ»։
«Գերմանացիները կ՚ուզեն Ողջակիզումը տարածել աշխարհով մէկ, կ՚ուզեն այլ
ազգերուն ցոյց տալ, որ ինչ որ հրեաներուն պատահած է, սովորական է՝ եւ այս
ձեւով յանցակից մը կը փնտռեն»։
Քանի մը նմոյշ այն արտայայտութիւններէն, զորս յաճախ կը լսենք վերջին
օրերուն՝ բաւական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կամ նոյնքան բաւական մասնագէտ
պատմաբաններու բերնէն։
Ժամանակի կորուստ պիտի ըլլար անշուշտ պատասխանել ամբոխավարական այս յայտարարութիւններուն։
7.2.14
Ի՞նչ պիտի ըլլայ Թուրքիոյ 2015ի մարտավարութիւնը
Անգլերէնով լոյս տեսնող թրքական «Today’s Zaman» օրաթերթի սիւնակագիր եւ հրապարակախօս Օրհան Քեմալ Ճէնկիզ, որ յաճախ կ՚անդրադառնայ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին, իր վերջին յօդուածին մէջ գրած է Թուրքիոյ` հայոց ցեղասպանութեան առընչուող ժխտողական քաղաքականութեան եւ պաշտօնական դիրքորոշման անփոփոխ մնալուն մասին:
21.12.13
Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանը կ՚արդարացնէ ժխտող մը
Թուրքիոյ Բանուորական Կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար, ծանօթ ազգայնամոլ եւ ժխտող Տողու Փէրինչէք 2005ին ժխտողական արտայայտութիւններ ունեցած էր Զուիցերիոյ մէջ, ուր Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցուած է եւ ժխտումն ալ պատժելի արարք է: Որպէս հետեւանք, զուիցերական արդարադատութիւնը 2007ին զայն դատապարտած էր 90 օր բանտարկութեան: Պատիժը կրելէ խուսափած ըլլալուն պատճառով ալ, Փէրինչէք իւրաքանչիւր օրուան համար 100 զուիցերական ֆրանքի հաշուով՝ ընդհանուր 9 հազար զուիցերական ֆրանք տուգանքի դատապարտուած էր:
10.12.13
Իշխան Չիֆթճեան. «Իրականութեան մէջ, որքանով որ Ցեղասպանութիւնը "մեր" նիւթն է, նոյնքան ալ "իրենց" նիւթն է»
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Իշխան Չիֆթճեան ծնած է Պէյրութ: Յաճախած է Ազգ. Աքսոր Գասարճեան վարժարանն ու Ազգային Սուրէն Խանամիրեան երկրորդական վարժարանը: Աւարտած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը: Խմբագրած է կաթողիկոսարանի «Հասկ» հայագիտական տարեգիրքը: Աւարտած է Լայփցիկի համալսարանի աստուածաբանական բաժանմունքը (Գերմանիա): Տոքթորական աւարտաճառը կը պատրաստէ նոյն համալսարանի փիլիսոփայական բաժանմունքին մէջ` Հայոց ցեղասպանութեան մասին ու կը դասաւանդէ Համպուրկի համալսարանէն ներս: Չիֆթճեան «Հրանդ Տինք հիմնարկ»-ի կազմակերպած «Իսլամաց(ու)ած հայեր» խորհրդաժողովին մասնակցեցաւ «Իսլամացումը իբրեւ վերապրումի եւ/կամ անհետացման միջոց» խորագիրը կրող զեկուցումով մը:
5.9.13
Պատմաբաններ եւ հիստերիկներ
ՎԱՐԴԳԵՍ ԱՐԾՐՈՒՆԻ
ՎԼԱԴԻՄԻՐ ԶԱԽԱՐՈՎ
ՎԼԱԴԻՄԻՐ ԶԱԽԱՐՈՎ
Հետեւեալ յօդուածը լոյս տեսած է մոսկովեան «Լիտերատունայա գազետա» շաբաթաթերթի Յուլիս 24ի թիւին մէջ, իսկ ամբողջական թարգմանութիւնը (Պ. Ք.ի կողմէ)՝ «Ազգ»ի մէջ։ Ան կ՚ընդդիմախօսէ ռուսաստանեան նորֆաշական շրջանակներուն, որոնց համար Հիթլէրի վայրագութիւնները եւ Երիտասարդ Թուրքերու ու Քեմալ Աթաթիւրքի ցեղասպանական արարքները դատապարտելի չեն։ Կու տանք գլխաւոր հատուածները, յապաւելով հայ ընթերցողին արդէն յայտնի պատմական փաստերը։
4.8.13
Թրքական ժխտողականութիւն եւ միակողմանի պատասխաններ
ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
ԻՒԹԱՅԻ
ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ԹՐՔԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ
Յունիս 5-8ին, Թիֆլիսի մէջ գումարուած է «Կովկասը կայսերական վերջալոյսին. ազգայնականութիւն, ազգութիւն եւ ազգակերտում (1870ականներ-1920ականներ)» գիտաժողովը, որուն գլխաւոր հովանաւորներն էին ԱՄՆի
Իւթայի համալսարանի (University
of Utah) թրքական ուսմանց ծրագիրը եւ Ամերիկայի Թրքական Համախմբումը (Turkish Coalition of America)։ Այլ հովանաւորներ էին Թրքական Համագործակցութեան եւ Զարգացման Գործակալութիւնը, թրքական «Հասան Գալիոնճը» համալսարանը, Թիֆլիսի Պետական համալսարանը, Ատրպէյճանի Գիտութիւններու Ակադեմիան եւ թուրք անհատ գիտնական մը՝ Մեհմէտ Արիսան։
25.12.11
Հնդկահաւերը՝ գայլի տեսքով
ՆԱՅԻՐԻ ՀՈԽԻԿԵԱՆ
Այսուհետեւ,Ֆըանսայի մէջ հայոց ցեղասպանութեան իւրաքանչիւր ժխտում մէկ տարի ազատութենէ զրկուելու եւ 45 հազար եւրօ տուգանք վճարելու գինը պիտի արժէ։ Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի օրինագիծի թեման արդեն քանի մը օր է որ ո։՛չ միայն հայկական ու թրքական, այլեւ եւրոպական լրատուամիջոցներու առաջին գիծին վրայ կը գտնուի:
Օրինագիծը ընդունուելէ ետք թուրքերը սկսան հերթով իրականութիւն դարձնել իրենց վարչապետին առաջ քաշած
պատժամիջոցներու կէտերը: Ահասարսուռ գիրքին առաջին հարուածը Փարիզոի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Թահսին Պուրճուօղլուի յետկանչն էր: Անոր հետեւեցաւ նաեւ Անգարայէն Ֆրանսայի դեսպանին վերադարձը: Ըսել է, թէ երկու
երկիրներուն դիւանագիտական ճակատները փոխադարձաբար մատ ցոյց տուին իրարու, թէ ո՞ր մատը, հասկնալի է, ի հարկէ:
Subscribe to:
Posts (Atom)