Showing posts with label Արամ արք. Աթէշեան. Show all posts
Showing posts with label Արամ արք. Աթէշեան. Show all posts

17.2.18

Թէ ինչպէս եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ Արամ Աթէշեան

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆ
 
Թուրքիոյ հայոց պատրիարքութենէ ներս չեն խաղաղիր կիրքերը: Արամ Աթէշեան, իր ետին ունենալով պետական իշխանութիւնները, անգամ մը եւս պարտադրուեցաւ տեղւոյն հայ համայնքին ու եկեղեցականութեան, որ մօտաւորապէս վեց ամիս առաջ պաշտօնապէս պաշտօնանկ ըրած էր զայն՝ հեռացնելով պատրիարքական փոխանորդի պաշտօնէն եւ առհասարակ վերացնելով նման պաշտօն մը պատրիարքարանի երդիքին տակ: Կուսակալութենէն անցեալ շաբաթ հասած պաշտօնաթուղթը սակայն կը յայտարարէր, թէ տակաւին կը շարունակէ որպէս փոխանորդ ճանչնալ Աթէշեանը: Կրօնական Ժողովը, որ կրնար հաստատուն մնալ իր դիրքորոշման մէջ, ինչ որ պատահած էր 1998-ին՝ Մեսրոպ Բ պատրիարքի ընտրութեան նախորդող շրջանին, հապճեպ որոշումով մը զիջեց իր դիրքերը եւ Աթէշեանը դարձեալ հռչակեց պատրիարքական փոխանորդ:

5.10.17

Ինքնագլուխ ձեռնարկ մը


ՎՌԱՄՇԱՊՈՒՀ ՆԱՐԵԿԵԱՆ
 
Պետրոս Դուրեանի շիրիմը, որ կը գտնուի Պոլսոյ Սկիւտարի գերեզմանատան մէջ, կատարուած նորոգութեան աշխատանքներէ ետք պիտի բացուի Շաբաթ կատարելի ոգեկոչման հանդիսութեամբ մը։ 1898-ին մեծ բանաստեղծի եղբօր՝ Եղիշէ Դուրեան պատրիարքի միջոցներով իր վերջին տեսքին բերուած շիրիմը, որ 1950-ական թուականներուն կատարուած ճանապարհաշինական աշխատանքներուն հետեւանքով փոխադրուած էր իր այսօրուան տեղը, վերստին կը զբաղեցնէ հայ մտաւորականներուն օրակարգը։

14.5.17

Շարունակել աւանդութիւնը...

Պոլսոյ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին արք. Պեք­ճեան, որ կը գտնուի Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ, Հա­յաս­տա­նի զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն մէջ հան­դէս կու գայ զա­նա­զան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով՝ Պոլ­սոյ աթո­ռի առ­կայ հար­ցե­րուն շուրջ։ 11 Մայիսի երեկոյեան, ան հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ «Շանթ» հե­ռուս­տա­կա­յա­նի «Հե­ռան­կար» հա­ղոր­դա­շա­րի ըն­թաց­քին՝ պա­տաս­խա­նե­լով յայտ­նի լրագ­րող-հրա­պա­րա­կա­գիր Ա­րամ Աբ­րա­հա­մեա­նի հար­ցում­նե­րուն։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Նորին Սրբազնութեան յայտարարութիւնները՝ «Ժամանակ»ի Երեւա­նի աշ­խա­տա­կից Ա­նուշ Թրուան­ցի կող­մէ կա­տա­րուած սղագ­րու­թեան հի­մամբ։ Սղագրութիւնը պահած է խօսակցական ոճն ու շեշտադրումները, Ա. Աբրահամեանի հարցումները արեւմտահայերէնի վերածելով։ 

21.4.17

Կախակայումի պատմութիւն մը. 60 տարի անց՝ Երուսաղէմէն Պոլիս

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆ
 
Հետզհետէ աւելի բարձր կը լսուին ձայները այն մար­դոց, Պո­լիսէն, Հա­յաս­տա­նէն թէ Սփիւռքէն, որոնք տես­նե­լով պատ­րիար­քա­կան պե­տական փո­խանորդ Արամ Աթէ­շեանին չափն ու սահ­մա­նը ան­ցած քայ­լե­րը, կը պա­հան­ջեն, որ կա­թողի­կոսը պատ­ժա­միջոց մը սահ­մա­նէ՝ կար­գազրկէ, փի­լոնազրկէ կամ կա­խակա­յէ զին­քը, վեր­ջա­պէս բա­նեց­նէ հո­գեւոր վե­րին իշ­խա­նու­թեան իրեն ըն­ձե­ռած իրա­ւասու­թիւնը։ Մա­նաւանդ որ կա­թողի­կոսը ան­նա­խադէ­պօրէն շատ ան­գամներ դի­մած է այդ մի­ջոցին՝ յա­ճախ կար­գազրկե­լով կամ կա­խակա­յելով քա­հանա­ներ, վե­ղարա­ւոր­ներ, նոյ­նիսկ եպիս­կո­պոս մը։

31.10.16

Ի վերջոյ յստակութիւն


 ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մար ժո­ղո­վին ըն­դու­նած վեր­ջին ո­րոշ­ման ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Ար­դա­րեւ, Թուր­քիոյ հա­յոց 84-րդ պատ­րիար­քը՝ Տ. Մես­րոպ Արք. Մու­թա­ֆեան կո­չուե­ցաւ հանգստեան ու գա­հը պաշ­տօ­նա­պէս հռչա­կուե­ցաւ թա­փուր։ Նո­րին Ա­մե­նա­պա­տուու­թեան ան­բու­ժե­լի հի­ւան­դու­թեամբ պայ­մա­նա­ւո­րուած ա­ւե­լի քան ութ տա­րուան գոր­ծըն­թա­ցի ներ­կայ փու­լին՝ ա­ռա­ջին ան­գամ ընտ­րու­թեան հե­ռան­կա­րը, նո՛ր պատ­րիարք մը ընտ­րե­լու հո­րի­զո­նը այս­քան յստա­կօ­րէն ու­րուագ­ծուե­ցաւ մեր հա­մայն­քին առ­ջեւ։ Թրքա­հա­յու­թեան օ­րա­կար­գը յե­ղաշր­ջուած է, նաեւ հա­մայն հա­յու­թեան ու­շադ­րու­թիւնն ալ ո­րոշ չա­փով թե­քուած՝ ա­նոր վրայ։ Յայտ­նի է, որ այս պատ­մա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը պի­տի շա­րու­նա­կէ եր­կար ժա­մա­նակ լրջօ­րէն զբա­ղեց­նել օ­րա­կար­գը։ Ա­մեն. Ս. Պատ­րիարք Հօր ող­բեր­գա­կան հի­ւան­դու­թեամբ պայ­մա­նա­ւո­րուած այս գոր­ծըն­թա­ցին մէջ իւ­րա­քան­չիւր փուլ ուղ­ղոր­դուած է բա­զում հար­ցա­կան­նե­րով։ Այս ան­գամ ալ նոյնն է պա­րա­գան։ Հա­սա­րա­կու­թեան մտքին մէջ ծա­գած են բազ­մա­թիւ հար­ցա­կան­ներ։ Մեր համայնքը, ակնյայտ է, որ երկար ժամանակ կորսնցուցած է, նոյնիսկ մսխած՝ այս խնդրի լուծման համար։ Յամենայնդէպս, ըստ երեւոյթին, գտնուած է բարւոք լուծում մը սկզբունքօրէն՝ եթէ անշուշտ գործադրութիւնն ալ ըլլայ համահունչ։

9.3.15

Բագրատ Էսդուքեան. «Թուրքիան կը շահագործի, յետոյ թաշկինակի նման կը շպրտի հայերին»



Պոլսոյ «Ակօս» թերթի հայերէն բաժնի խմբագիր Բագրատ Էսդուքեանը «Սիվիլնեթ»ի խմբագիրներէն Ալին Օզինեանի հետ զրոյցի մը ընթացքին, խօսած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութեան համար Թուրքիոյ հայ համայնքի պայքարին մասին:

18.12.14

«Վէպի նման կեանք», որ դաժան իրականութիւն Է Թուրքիայում

 ՄԵԼԻՆԷ ԱՆՈՒՄԵԱՆ

Թուրքական լրատուամիջոցները «Վէպի նման կեանք» վերնագրի ներքոյ հրապարակել են մի լուր, որը, սակայն, ցաւալի եւ դաժան իրականութիւն է Թուրքիայի հայերի կեանքում: Վերջերս վախճանուած Թուրքիայի հայ քաղաքացի Ֆերման Գեզի ընտանիքը բաժանուել է երկու ճամբարի, քանի որ նրա 11 զաւակներից 4ը քրիստոնեայ են, 7ը՝ մահմեդական, ու նրա երեխաների միջեւ վէճ է ծագել թաղումը քրիստոնէակա՞ն, թէ մուսուլմանական աւանդոյթներով կազմակերպելու հարցում:

29.3.14

Սուրիոյ դէմ պատերազմի սկսելու մասին թրքական զրոյցին գաղտնալսումը

ՈՉԽԱՐԸ՝ ԳԱՅԼԻ ԿԵՐՊԱՐԱՆՔՈՎ...
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու անդրադարձած է Թուրքիան ցնցած գաղտնալսման հրապարակումին, ուր ինք եւ ուժային կառոյցներու ներկայացուցիչները գաղտնի կը խօսին Սուրիոյ ընդդիմութիւնը զինելու, սուրիական կողմէն Թուրքիոյ դէմ սադրանք իրականացնելու եւ Սուրիոյ դէմ պատերազմի սկսելու մասին: