Showing posts with label Սեւան Նշանեան. Show all posts
Showing posts with label Սեւան Նշանեան. Show all posts

26.7.17

Սեւան Նշանեանէն նոր բացատրութիւններ. “Զգացուցին, որ պիտի շարունակեն հոգիս ցաւցնել”

Անցեալ շաբաթ բանտէն փախած պոլսահայ մտաւորական Սեւան Նշանեան թրքական եւ հայկական զանազան լրասփիւռներու հետ զրոյցներուն՝ նոր բացատրութիւններ կու տայ բանտային պայմաններուն, փախուստի դրդապատճառներուն մասին:
Այսպէս, «Ակօս»-ի հետ զրոյցին՝ Նշանեան սապէս բացատրած է իր փախուստին պատճառները. «Մէկ-երկու տարի բանտը պառկիլը աչքի առած էի։ Երեք ու կէս տարի արգելափակումը քիչ մը յոգնեցուց։ Դեռ կը մնար երեք տարի եւ պարզ դարձաւ, որ անկէ ետք ալ զիս ազատ արձակելու նպատակ չունին»։

20.12.13

Սեւան Նշանեան. «Այս երկրին մէջ հայերէն կը սպասուի, որ հեզ եւ հլու ըլլան»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
 
«Սխալ Հանրապետութիւնը կամ  51 հարց  քեմալիզմին եւ Աթաթուրքին» գիրքի եւ տասնեակ այլ աշխատութիւններու հեղինակ,  պոլսահայ  լրագրող  եւ բառարանագիր  Սեւան Նշանեան 2004-ին  ստացած է մարդկային իրաւանց  «Այշէ Նուր Զարաքօլու» անուան  մրցանակը: