ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Աւետիս Հաճեանի կոթողային՝ «Գաղտնի ազգ. Թուրքիոյ թաքուն Հայերը»
անգլերէն հատորը («Secret Nation, The Hidden Armenians of Turkey», 2018,
«I.B. Tauris» հրատարակչատուն) կու գայ ամբողջացնելու հայոց պատմութեան
նորագոյն էջերէն գրեթէ բացակայող հատուածը՝ յետ-եղեռնեան շրջանին իսլամացած
եւ իսլամացուած, ինչպէս նաեւ քրտացած, թրքացած, արաբացած հայերուն, կամ,
թուրքերուն բնութագրումով՝ «սուրի մնացորդներ»ուն մասին: Ասոնց վրայ
վերջերս սկսած են աւելնալ նաեւ քրիստոնէութեան վերադարձողները՝
քաջալերուած մօտաւորապէս տասնամեակ մը առաջ Անգարայի կարծր դիրքին
ժամանակաւոր մեղմացումով:
Լրագրող Հաճեան, որ զաւակն է յայտնի հալէպահայ հանգուցեալ ուսուցիչ,
գրող եւ մտաւորական Պետրոս Հաճեանի, կանուխ տարիքէն Արժանթին հաստատուած է
իր ընտանիքին հետ եւ ուսումը ստացած է Արժանթինի ու Մեծն Բրիտանիոյ մէջ: Այս
հատորին մղիչ ուժերէն մէկը եղած է համշէնահայութեան նուիրուած Էօզճան
Ալփերի «Աշուն» ֆիլմը, որ եկած է կուտակուելու պատանի տարիքէն իր լսած
գաղտնի հայերուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ գտնելու մարմաջին վրան: