ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
Քանի մը օր
առաջ՝ Սեպտեմբերի 26-ին, հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Թրքերէնի տօնը։
Հանրապետութեան նախագահը, վարչապետը հրապարակեցին պատգամներ, կայացան
զանազան ձեռնարկներ։ Ինչո՞ւ սակայն Սեպտեմբերի 26-ը։ Որովհետեւ
1932-ին, այդ օր բացուած էր թրքերէնի առաջին համագումարը,
Տոլմապախչէի պալատին մէջ (մասնակիցներու կարգին էին քանի մը հայ
մտաւորականներ եւս՝ Յակոբ Մարթաեան, Ստեփան Կուրտիկեան, Գէորգ
Սիմքեշեան)։