Showing posts with label Տիարպեքիր. Show all posts
Showing posts with label Տիարպեքիր. Show all posts

4.11.16

Հայուն երկուութիւնը

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
 
Այս երկրին մէջ ապրիլը երկուութիւններու առջեւ կը դնէ քեզ։
Այդ զգացումն է որ կ՚ապրիս ամենաչնչին պատահարի իսկ առջեւ․ կ՚ունենաս երկրի ղեկավար մը, որ մէկ կողմէ քու ազգային պատկանելիութիւնդ իր ամօթը կը համարի, միւս կողմէ սակայն ունեցած, անցեալէն ժառանգուած քանի մը շէնք ու շինութիւնդ գործածելի ու եկամտաբեր դարձնելու որոշումներ կ՚ընդունի (հոգ չէ թէ ապիկար վարիչներդ ոչինչ կրնան ընել ատոնցմով)։ «Հայու փիճեր» պոռացող ամբոխին առջեւ ծպտուն իսկ չհանող մարդը կը բարձրացնես մինչեւ երկինքի եօթներորդ յարկը՝ ցեղասպանութեան զոհերու սերունդներէն կէս-բերան ներողութիւն խնդրած ըլլալուն համար։ Ապրած երկուութիւնդ ծածկելու տարազն ալ պատրաստ է․ «Սոխին անուշը չ՚ըլլար, թուրք է»։ Չես մտածեր իսկ, որ նոյն վարքը քու վարիչներդ ալ կ՚ունենան․ ինքզինք համայնքին ղեկավարը հռչակած անձը չէ՞ր որ եղբայրասպան կռիւ մը սոսկ կոչած էր 1915-ի պետական յանցագործութիւնը, նոյն անձը չէ՞ որ դպրոցները փակել տալու համար հազար ու մի խաղեր կ՚ընէ, հայերէնի ուսուցիչներ վռնտել կու տայ վարժարաններէն, կամ քու հոգեւոր առաջնորդդ չէ՞ր, ոճրագործին իսկ լեզուով, որպէս կայսերապաշտ ուժերու գործիք բնութագրողը 1915-ի զոհերը (այս պատճառով նոյնիսկ Հայաստանի կէս ճամբայէն ետ դարձուցած էին զինքը)։