ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆ
Թուրքիոյ մէջ աւելի քան 30 լեզու կը խօսուի։ Այս 30-ի
շարքին կան լեզուներ, որոնց անունն իսկ թերեւս
անծանօթ է մեզի, օրինակ՝
կապարտայերէնը կամ, ըսենք,
ադիկերէնը, որոնք
չերքեզական լեզուներ են։
Ի՞նչ տարբերութիւն, օրինակ,
ապազերէնի կամ
աբխազերէնի միջեւ։ Կան դեռ
ռոմանական լեզուները՝
տոմարին ու ռոմանին։
Չկարծուի
որ քանի մը հոգի կը խօսի այս
լեզուները. օրինակ,
ադիկերէն կը խօսին 316 հազար, իսկ
կապարտայերէն՝ միլիոն մը
քաղաքացիներ, տոմարին ու ռոմանին շուրջ 100 հազար
քաղաքացիի մայրենին է։
Ապազերէն կը խօսին 12 հազար,
աբխազերէն՝ 150 հազար մարդ։
Կայքէջը, ուրկէ կը քաղեմ այս
տուեալները, կու տայ նաեւ այս եւ
միւս լեզուներուն Թուրքիայէ
դուրս ունեցած տարածումին
մասին գիտելիքներ ալ։
Հայերէնը,
արեւմտահայերէն ու վերջին տարիներուն
արեւելահայերէն իր
ճիւղերով, մէկն է այդ աւելի քան
30 լեզուներու շարքին։
Առաւելաբար լսելի է Պոլսոյ մէջ, ինչպէս նաեւ,
հազուադէպ իսկ ըլլայ, գաւառի քանի մը նախկին
հայաշատ քաղաքներուն կամ
գիւղերուն մէջ։ Կայ նաեւ
հայերէնի Համշէնի
բարբառը, որ այսօր
համշէներէն անուան տակ
առանձին լեզու մըն է գրեթէ։ Ոմանք գիշերուզօր,
անդադար, եղերամօր
սեւազգեստ հագած լեզուի նահանջին կամ
մահուան մասին իսկ խօսին, Պոլսոյ մէջ
հայերէնով գիրքեր ու
պարբերականներ կը
հրատարակուին, մարդիկ կ՚աղօթեն այդ լեզուով (կան
աղօթատեղիներ), կ՚երգեն (համոյթներ, երգչախումբեր
կան), կը խօսին։