30.9.16

Տօնական ցնծութիւն

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

Քանի մը օր առաջ՝ Սեպտեմբերի 26-ին, հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Թրքերէնի տօնը։ Հանրապետութեան նախագահը, վարչապետը հրապարակեցին պատգամներ, կայացան զա­նազան ձեռ­նարկներ։ Ին­չո՞ւ սա­կայն Սեպ­տեմբե­րի 26-ը։ Որով­հե­տեւ 1932-ին, այդ օր բա­ցուած էր թրքե­րէնի առա­ջին հա­մագու­մա­րը, Տոլ­մա­պախ­չէի պա­լատին մէջ (մասնակիցնե­րու կար­գին էին քա­նի մը հայ մտա­ւորա­կան­ներ եւս՝ Յա­կոբ Մար­թա­եան, Ստե­փան Կուրտի­կեան, Գէորգ Սիմ­քե­շեան)։

Եր­կի­րը ազ­գայնաց­նե­լու ուղղու­թեամբ առ­նուած քայլ մըն էր ասի­կա. լե­զուա­կան միաս­նութեան մը ստեղ­ծումը այդ ձեռ­նարկին կա­րեւոր փու­լե­րէն մէկն էր ան­կասկած։ Գե­րիշ­խող տար­րին լե­զուն, այս պա­րագա­յին թրքե­րէնը, որ­պէս ազ­գա­յին լե­զու այլ ժողովուրդներուն պար­տադրե­լը դիւ­րին պի­տի չըլ­լար։ 1928-ին իրա­ւաբա­նու­թեան ուսանող­նե­րը ար­դէն իսկ ձեռ­նարկած էին ար­շա­ւի մը՝ «Քա­ղաքա­ցի՛, թրքե­րէն խօ­սէ» անու­նով, որ պի­տի շարունա­կուէր 1930-ական­նե­րուն եւս՝ ու­նե­նալով կա­ռավա­րու­թեան նե­ցու­կը։ Այդ տարինե­րուն նիւ­թա­կան տու­գանք կը վճա­րէին անոնք, որոնք կը խօ­­սէին ուրիշ լե­­զու­­ներ, բա­­ցի թրքե­­րէնէ։ Երկրի ազ­­գայնա­­ցու­­մի այս հանգրուանը կը յա­­ջոր­­դէր 1915-ի Հա­­յոց ցեղաս­­պա­­­նու­­թեան, երբ իր պատ­­մա­­­կան հայ­­րե­­­նիքին վրայ իսկ բնաջնջուեր էր ժո­­ղովուրդ մը, որու լե­­զուով՝ հա­­յերէ­­նով, այդ թուակա­­նէն սանկ 100 տա­­րի մը առաջ դեռ կը տպագ­­րուէր օս­­մա­­­նեան կա­­ռավա­­րու­­թեան պաշ­­տօ­­­նաթեր­­թը՝ «Թաք­­վիմ-ի վե­­քայի»ն («Լրոյ գիր մե­­ծի տէ­­րու­­թեանն օս­­մա­­­նեան», 1832-ին)։ Որու լե­­զուն՝ հա­­յերէ­­նը, նո­­րէն այդ թուակա­­նէն սանկ 15-20 տա­­րի մը առաջ մին­­չեւ կը դա­­սաւան­­դուէր երկրի բարձրա­­գոյն վար­­ժա­­­րանին՝ Մեք­­թե­­­պի Միւլքի­­յէին մէջ եւս։
Թուրքիա որ­­դեգրած է Օս­­մա­­­նեան կայսրու­­թեան վեր­­ջին տա­­րինե­­րու իթ­­թի­­­հատա­­կան մօտեցու­­մը եւ 1924-ի սահ­­մա­­­նադ­­րութեամբ թրքե­­րէնը հռչա­­կած է պաշ­­տօ­­­նական լե­­զու։ Կան եր­­կիրներ, ուր պե­­տական լե­­զու մը գո­­յու­­թիւն չու­­նի պաշ­­տօ­­­նապէս (ինչպէս Գերմանիան, Անգլիան կամ Միացեալ Նա­­հանգնե­­րը)։ Կան եր­­կիրներ ալ ուր գո­­յու­­թիւն ունին քա­­նի մը պաշ­­տօ­­­նական լե­­զու­­ներ։ Իտա­­լիոյ մէջ, զոր օրի­­նակ, ալ­­պա­­­ներէ­­նը, քաթալա­­ներէ­­նը, խրվա­­թերէ­­նը, ֆրան­­սե­­­րէնը, գեր­­մա­­­ներէնն ու յու­­նա­­­րէնը տե­­ղական պաշտօ­­­նական լե­­զու­­ներ են (*)։ Հնդկաս­­տա­­­նը ու­­նի 35, Հա­­րաւա­­յին Ափ­­րի­­­կէն՝ 11, Սպա­­նիան՝ 5, Զուիցե­­րիան ու Լիւքսեմ­­պուրկը՝ 4, Պել­­ճի­­­քան, Իրա­­քը ու Պոս­­նիան՝ 3, Կիպ­­րո­­­սը, Իռլանտան, Քա­­նատան, Ֆի­­լիփին­­ներն ու Ֆին­­լանտիան 2 պաշ­­տօ­­­նական լե­­զու։
Ի գործ դրուած ճնշումնե­­րու ար­­դիւնքին, Թուրքիոյ լե­­զու­­նե­­­րը, զի­­րենք խօ­­սող ժողովուրդներուն հետ, յայտնուած են ան­­դունդի եզ­­րին։ Այ­­սօր բա­­ցի թրքե­­րէնէ (88.54%), որ­­պէս մայ­­րե­­­նի լե­­զու կը խօ­­սուի քրդե­­րէն (8.97%), արա­­բերէն (2.38%), զա­­զայե­­րէն (1.01%), պալ­­կա­­­նեան լե­­զու­­ներ (0.23%), լա­­զերէն (0.17%), չեր­­քե­­­զերէն (0.10%), հա­­յերէն (0.10%), յունա­­­րէն (0.03%), լա­­տինօ (0.01%), ղպտե­­րէն (0.11%) եւլն.:
Սահ­­մա­­­նադ­­րութեան 42-րդ յօ­­դուա­­ծը կը հրա­­մայէ. «Բա­­ցի թրքե­­րէնէ ո՛չ մէկ լե­­զու որ­­պէս մայ­­րե­­­նի լե­­զու կա­­րելի է ու­­սուցա­­նել թուրք քա­­ղաքա­­ցինե­­րուն, կրթա­­կան հաստատութիւննե­­րու մէջ։ Մի­­ջազ­­գա­­­յին պայ­­մա­­­նագիր­­նե­­­րուն որո­­շումնե­­րը կը յար­­գուին»։ Այ­­սինքն՝ մենք հայ­­կա­­­կան 16 վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րուն մէջ եթէ այ­­սօր գէշ-աղէկ մեր մայ­­րե­­­նին կ՚ուսուցանենք եւ այս ձե­­ւով գո­­նէ դոյզն դի­­մադ­­րութիւն մը կրնանք ցու­­ցա­­­բերել կատարուած ճնշումնե­­րուն՝ ապա պար­­տա­­­կան ենք ո՛չ թէ մեր բա­­րեխ­­նամ պե­­տու­­թեան հոգածու­­թեան ու գուրգու­­րանքին, այլ մի­­ջազ­­գա­­­յին պայ­­մա­­­նագիր­­նե­­­րուն (այ­­սինքն՝ Լօզանին)։ Այ­­լա­­­պէս մեր վի­­ճակն ալ պի­­տի նմա­­նէր, օրի­­նակ, քիւրտե­­րուն, որոնք հակառակ թուային ստուար ներ­­կա­­­յու­­թեան մը, իրա­­ւունք իսկ չու­­նին իրենց մայ­­րե­­­նին դասաւան­­դե­­­լու վարժարաններու մէջ։
Մարդկա­­յին իրա­­ւանց պաշտպան­­ներ կը նշեն, որ Թուրքիոյ ազ­­գաբնակ­­չութեան 20-25 առ հա­­րիւր տո­­կոսը ու­­նի այլ մայ­­րե­­­նի լե­­զու մը եւ եթէ ատոնք գրա­­ւոր լե­­զուի մը չվե­­րածուին, չդառ­­նան ու­­սուցա­­նելի՝ ապա վաղ թէ ուշ պի­­տի ան­­հե­­­տանան, ինչպէս ու­­պը­­­խերէ­­նը։
Ի գին այլ լե­­զու­­նե­­­րու ոչնչաց­­ման ու ձուլման՝ թրքե­­րէնը պե­­տական լե­­զու դար­­ձուցած մտայ­­նութեան ար­­ձա­­­գանգնե­­րը տա­­կաւին լսե­­լի են այ­­սօր ալ, նոյ­­նիսկ նա­­խագա­­հի ու վարչա­­­պետի յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րուն մէջ։ «Թրքե­­րէնը մեր ազ­­գի միու­­թեան ու միասնութեան գրա­­ւականն է», յայ­­տա­­­րարեր է մէ­­կը, իսկ միւսն ալ ըսեր է, որ «թրքե­­րէնը ազ­­գա­­­յին մշակոյ­­թի ու ազ­­գա­­­յին ինքնու­­թեան գլխա­­ւոր տարրն է»։ Ըսուած­­ներն ու ըրուած­­նե­­­րը եթէ դնենք քով քո­­վի՝ ապա կը տես­­նենք, որ 30-ական­­նե­­­րու մտայ­­նութե­­նէն շատ հե­­ռու չէ երկրի ներ­­կան։ Դժբախ­­տա­­­բար…
Հար­­ցը ու­­նի այլ հար­­թութիւն մը եւս։ «Մեր լե­­զուի պահ­­պա­­­նու­­թեան հա­­մար յոյժ կա­­րեւոր է շա­­րու­­նա­­­կել մե­­զի յա­­տուկ մտա­­ծու­­մը, գի­­տական ու­­սումնա­­սիրու­­թիւններ կա­­տարե­­լը, մշակու­­թա­­­յին, արուես­­տի ու գրա­­կան ըն­­տիր եր­­կեր ար­­տադրե­­լը», յայ­­տա­­­րարեր է անոնցմէ մէ­­կը, իսկ միւսն ալ ըսեր է, որ լե­­զուի զար­­գացման ուղղու­­թեամբ կա­­րեւոր պարտա­­­կանու­­թիւն կը վի­­ճակի մտա­­ւորա­­կան­­նե­­­րուն, արուես­­տա­­­գէտ­­նե­­­րուն ու ուսուցիչնե­­­րուն։
Պարզ յի­­շեցու­­մով մը եզ­­րա­­­փակեմ։ Թրքե­­րէնի լա­­ւագոյն մաս­­նա­­­գէտ­­նե­­­րէն մէ­­կը՝ 69-ամեայ Նեճ­­մի­­­յէ Ալ­­փայ, ահա­­բեկ­­չա­­­կան կազ­­մա­­­կեր­­պութեան ան­­դամ ըլ­­լա­­­լու մե­­ղադ­­րանքով ամիսէ մը ի վեր բան­­տի մէջ է։ Անուանի ար­­ձա­­­կագիր Աս­­լը Էր­­տո­­­ղան, որու գիր­­քե­­­րը թարգմա­­նուած են 17 լե­­զու­­նե­­­րու, 41 օրէ ի վեր բան­­տի մէջ է՝ ահա­­բեկ­­չա­­­կան կազմակերպութեան ան­­դամ ըլ­­լա­­­լու մե­­ղադ­­րանքով։ Վեր­­ջին ամիս­­նե­­­րու ըն­­թացքին, շուրջ 30 հա­­զար ու­­սուցիչ տար­­բեր ամ­­բաստա­­նու­­թիւննե­­րով պաշ­­տօ­­­նէ հե­­ռացուած է, շուրջ 14 հա­­զարն ալ կ՚են­թարկուի հե­տաքննու­թեան։ Իսկ բան­տարկեալ լրագ­րողնե­րուն թի­ւը հատած է 90-ի սահ­մա­նը։
Թրքե­րէնի տօ­նը շնոր­հա­ւոր թող ըլ­լայ, ու­րեմն…

«Ակօս», 30 Սեպտեմբեր 2016

--------------------------------------------------
(*) Իտալիոյ 1999ի օրէնք թիւ 482ի 2րդ յօդուածը կը հռչակէ, որ իտալական հանրապետութիւնը կը հովանաւորէ վեց փոքրամասնութիւններու եւ վեց լեզուներ խօսողներու լեզուն ու մշակոյթը, որոնց շարքին՝ վերոյիշեալները («Հայկականք»)։ 

No comments:

Post a Comment