Showing posts with label թեւաւոր խօսք. Show all posts
Showing posts with label թեւաւոր խօսք. Show all posts

11.12.17

Թեւաւոր խօսքեր եւ դարձուածքներ



 ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
 Դարձուածք կը կոչենք սովորաբար երկու, երբրեմն՝ երեք, հազուագիւտ՝ աւելի, բառերէ կազմուած այն կապակցութիւնը,  ուր  զայն կազմող բառերը կը կորսնցնեն իրենց բուն նշանակութիւնը, որով ամբողջ բառակապակցութիւնը կը վերիմաստաւորուի՝ ստանալով բոլորովին նոր`«դարձուածքային» բովանդակութիւն մը: Օրինակ՝ դարձուածք մըն է «երես տալ»  բառակապակցութիւնը, որ կը նշանակէ  «շփացնել», որուն մէջ չկայ ո՛չ երեսի, ո՛չ ալ տալու նշանակութիւնը: Ըստ այսմ՝ դարձուածքներ են՝ աչքը մտնել, գլուխը տանիլ,  կրակի հետ խաղալ, քունը կորսնցնել եւ այլն[1]: