ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
«Նոր Յառաջ» - Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները զօրաւոր լուսարձակի տակ են։ Հայաստանի նոր կառավարութիւնը կը դիմէ սփիւռքահայ մեծ կազմակերպութիւններուն՝ Բարեգործականին, IdeA-ին, Ամերիկայի Հայկական Համագումարին, մեծահարուստներու... անոնց նեցուկը ապահովելու համար։ Տնտեսականէն անդին դուք ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները կրթական ու մշակութային բնագաւառներուն մէջ։
Յակոբ Կիւլլիւճեան - Տալիքս միայն տպաւորութիւններ են, որոնք չեն հիմնաւորուած ցանկագրուած տուեալներով։ Տպաւորութիւն մը սակայն ընդհանրապէս ցուցանիշ է առկայ իրականութեան մը։ Հայաստան-Սփիւռք կրթական ու մշակութային յարաբերութիւններու գաղափարն իսկ մտքիս մէջ կը յառաջացնէ ապշութիւն՝ գրեթէ չնաշխարհիկ բանի մը յիշատակման պէս։ Խօսքս կը վերաբերի պաշտօնական յարաբերութիւններու, որոնք սահմանափակուած կը թուին ըլլալ արժանաւորներու թէ այլոց տրուող առատ շքանշաններու։ Մնացեալ կապերը ընդհանրապէս ոչ-պետական մակարդակի վրայ են ու հետզհետէ աւելի աշխոյժ կը թուին ըլլալ։ Մէկ կողմէ կան Հայաստանի աւանդական գիտական ու կրթական հաստատութիւններու նախաձեռնութիւնները, ուր դեռ կը յամենայ հին սովորութիւնը, օրինակ՝ գիտաժողովներու մասնակցութեան միջազգային հրաւէր ուղարկելու ձեռնարկի թուականէն երկու շաբաթ առաջ։ Միւս կողմէ, սակայն, մեծ կենսունակութիւն կ՚ապրին մասնաւոր խմբաւորումներու եւ անհատներու կողմէ յառաջ մղուած ձեռնարկները։