Showing posts with label Ռուբէն Հախվերդեան. Show all posts
Showing posts with label Ռուբէն Հախվերդեան. Show all posts

23.11.16

Ռուսերէնը՝ երկրորդ պետական լեզո՞ւ

Հայաստանի անկախութենէն ետք, ռուսերէնի ազդեցութիւնը աստիճանական նուազում արձանագրեց՝ տեղ տալով անգլերէնի, գլխաւորաբար, եւ բազմաթիւ այլ լեզուներու ուսուցումին։ Վերջին տարիներու քաղաքական զարգացումներու լոյսին տակ, սկսած են տարբեր մօտեցումներ խմորուիլ։ Անհրաժե՞շտ է ռուսերէնը նկատել իբրեւ աշխարհի հետ հաղորդակցութեան լեզու ու պատճառաբանել՝ անոր օրինականացումը, որուն հետեւանքները բացայայտ էին ու պարտադիր՝ Խորհրդային Հայաստանի ժամանակաշրջանին։ Իսկ եթէ այդպիսի հարցեր կը կարգաւորուին Հայաստանի օրէնքով ու օրէնսդրութեամբ, որքա՞ն դժուար է օրէնք մը փոխել, երբ օրէնսդրական մարմնին մէջ բացարձակ մեծամասնութիւն կայ։