Showing posts with label արեւելահայերէն. Show all posts
Showing posts with label արեւելահայերէն. Show all posts

14.8.22

Արեւմտահայերի անունների տառադարձութիւն

 ՍԵԴԱ ՍՏԱՄԲՈԼՑԵԱՆ

Արեւմտահայերի լատինատառ անունները արեւելահայերի մեծ մասը սխալ է հայերէնացնում, այսինքն՝ արտայայտում հայերէն տառերով։ Ցաւօք, այս առումով տգէտ են նաեւ պետական այն մարմինների աշխատողները, որոնք գրանցում են Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացող արեւմտահայերին։ Այս տգիտութեան հետեւանքով աղաւաղւում են արեւմտահայերի հայատառ անունները։ Բացարձակապէս անընդունելի են Վասկեն, Կեւորկ, Անահիդ եւ այլ այսպիսի տառադարձումները։ Ոչ մի արեւմտահայ իր հայատառ անունն այսպէս չի գրում, ուստի արեւելահայն էլ չպիտի գրի եւ չպիտի աղաւաղի այս անունները։ Խորհրդային շրջանում բազմահազար արեւմտահայեր հայրենադարձուեցին ու եկան Հայաստան իրենց օտարագիր փաստաթղթերով։ Բայց նրանց նոր փաստաթղթերում հայատառ անունները չէին աղաւաղւում․ Խորհրդային Հայաստանի համապատասխան մարմիններում գիտէին ինչպէս ճիշդ տառադարձել արեւմտահայերի անունները։ Իսկ այժմեան Հայաստանում համատարած անգրագիտութիւն է այս առումով, եւ սա ամօթալի է։

23.5.20

140ամեայ ագեվազը

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
 
Ամենէն գեղեցիկ ու հետաքրքրական երեւոյթներէն մէկն է՝ որոշ բան մը փնտռելու ատեն, բոլորովին ուրիշ աշխարհ բացող մանրուք մը գտնել։ Ինչպէս յայտնի է, «հայերէն» անհրաժարելի բառերու շարքին կը պատկանի կենգուրու բառը, որ անշուշտ պէտք է մեր բառապաշարին մաս կազմէ քանի որ... «միջազգային» բառ է, իմա՛՝ ռուսերէնէ  кенгуруի (kenguru) ընդօրինակութիւնը, եւ եթէ բոլոր լեզուներուն մէջ այդ բառը կը գործածուի իր տարբերակներով (օր. անգլ. kangaroo, սպ. canguro), մենք ո՞ր արտի ցորենն ենք, որ սեփական բառ ստեղծենք։ 

17.9.17

Մի քանի առաջարկութիւն-հիմնաւորումներ ի նպաստ դասական ուղղագրութեան կանոնակարգման

ԼՈՒՍԻՆԷ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ
Ամէն ազգ, ինչպէս ամէն ոք, եթէ չի կորցրել ինքնապաշտպանութեան առողջ բնազդը, ազատութիւն է տենչում եւ խորշում է կապանքներից։ Սահմանափակումները տրտմեցնում են, ճնշում ինքնութիւնը... Հէնց դրա համար ազգն ինքնութեան պահպանութեան եղանակներ է փնտռում իր ծագման պահից, եւ արտաքին ու ներքին բոլոր ճնշումներին նա կարողանում է դիմակայել միայն ազգային արժէքներով։ Հայոց ազգային գիրը հէնց դրա համար ծնուեց-վերածնուեց, եւ սեփական լեզուամտածողութիւնը հնարաւոր եղաւ պահպանել հէնց ազգային գրով հաստատուած ուղղագրական համակարգով... Իւրաքանչիւր նշան լսելի հնչիւնական միաւորի տեսանելի կաղապարն է, եւ ձայնագրութեան համակարգով անցած իւրաքանչիւր բառ տեսանելի խորհրդանշան-կաղապարն է որեւէ գաղափարի. հէնց այդ համակարգով էլ անխախտ ու կառուցիկ է բոլոր ժամանակների միջով սուրացող ազգային լեզուամտածողութիւնը։
Միայն ա՛յս նպատակով գործող սահմանափակումներն ու կաշկանդող շրջանակներն են արդարացուած. նրանք հնարաւորութիւն են տալիս ազատ եւ անկախ լինել...

12.5.17

Փակենք, որ բիւջէ լցնենք

ՆԱՅԻՐ ԵԱՆ
 
Մեր մտաւորականները վրդովուած են ու հիասթափուած. կառավարութեան շրջանակներում խօսակցութիւններ են պտտւում, թէ նոյն հայրենի կառաւորութեանն առընթեր Լեզուի պետական տեսչութիւնը փակուելու է: Պատճառների մասին միայն ենթադրութիւններ կանՙ անիմաստ կառոյց է, ոչ մի գործառոյթ չի իրականացնում, պետբիւջէից իզուր փող է յատկացւում տեսչութիւնը պահելու համար եւ այլն, եւ այլն: Հիմքերն, ամէն դէպքում, փող խնայելուն են միտուած:

30.1.17

Նամակ «Պայքար» շաբաթաթերթին



Ֆորթ Լի (Նիւ Ճըրզի), 17 Յունուար 2017

Յարգարժան խմբագրութիւն
«Պայքար» շաբաթաթերթի
Պոստըն

Յարգելի հայրենակիցներ,
Կ՚ուզեմ գնահատանքս յայտնել «Պայքար»ի վերհրատարակութեան առիթով, որ կու գայ դարմանելու 90-ական թուականներու անոր շիջումով յառաջացած բացը, ու նաեւ հանդիսանալու վերջին տարիներուն յեղյեղուող արեւմտահայերէնի տագնապին հանդէպ լռելեայն հակազդեցութիւն մը։
Լաւ է, որ թերթի երկրորդ թիւին՝ 8 Յունուարի խմբագրականը, տրամադրուած է արեւմտահայերէնի ճակատագրի աւելի քան փշոտ հարցին, որ անքակտելի է արեւելահայերէնի ճակատագրէն։ Հոն, սակայն, կարգ մը վիճելի հաստատումներ կատարուած են, որոնց մասին կ՚արժէ խօսիլ։

15.1.17

«Արեւմտահայերէնը՝ արեւելահայերէնին դէմ: Ա՛լ կը բաւէ». հարցազրոյց հայոց լեզուի վիճակին մասին ահազանգող լեզուագէտ Զաւէն Եկաւեանի հետ

ՎԱՐՈՒԺԱՆ ՄԱՐՏԻԿԵԱՆ
 
Հայախօսութեան մտահոգիչ նահանջը մատնանշելով՝ հայոց լեզուի մասնագէտը կոչ կ՛ուղղէ հայերէնի բոլոր ուսուցիչներուն՝ վերջ դնելու երկու կողմերը բաժնող վէճերուն եւ մնայուն համագործակցութեան ձեռնարկելու Հայաստանի հետ:

ՎԱՐՈՒԺԱՆ ՄԱՐՏԻԿԵԱՆ.- Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ վերջին կէս դարու քաղաքական եւ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւնները իրենց ժխտական ազդեցութիւնը ունեցան հայախօսութեան վրայ աշխարհի տարածքին, մանաւանդ հաւասարակշռութիւնը խախտեցին արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի միջեւ: Այս փոփոխութիւններու հետեւանքները ի՞նչ կացութիւն կը պարզեն:
ԶԱՒԷՆ ԵԿԱՒԵԱՆ.- Վերջին 50 տարիներուն հայերու ժողովրդագրական ուղղութիւնը կ՛երթայ Արեւելքէն դէպի Եւրոպա եւ Միացեալ Նահանգներ: Մեծ թիւով հայրենակիցներ լքեցին իրենց երկրորդ հայրենիքները, ինչպէս՝ Սեւ ծովը եզերող երկիրները, Յունաստանը, Կիպրոսը եւ Միջին Արեւելքը, ներառեալ Իրանը: Մեծ թիւով հայեր այս երկիրներէն գաղթեցին Արեւմուտք՝ պատճառ դառնալով այդ երկիրներուն մէջ հայերէնի ուսուցումը ապահովող հայկական դպրոցներու փակումին: Այս կացութեան վրայ աւելցաւ հայերու արտագաղթը Հայաստանէն, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք եւ անկախութեան տարիներուն:

12.1.17

Արեւմտահայերէն-արեւելահայերէն. մերձեցման հարցեր

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
 
ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ
Հայերէնը մէկ եւ անտրոհելի հասկացութիւն է բոլոր հայերուս համար, անկախ անկէ՝ թէ որակապէս իրարմէ որքանով կը տարբերին մեր խօսուածքները, բարբառ ըլլան անոնք, խօսակցական լեզու, թէ գրական հայերէնի ճիւղերէն մէկը:
Գրական հայերէնի երկու ճիւղերը՝ արեւելահայերէնը եւ արեւմտահայերէնը, երբեք չեն դիտուած իբրեւ երկու լեզուներ, որովհետեւ զանոնք կրողները դաւանած են մէկ հայրենիքի ու մէկ ազգի գաղափարը, հետեւաբար զանոնք նկատած են իբրեւ միեւնոյն ազգային լեզուի գրական տարբերակները, որոնք կազմաւորուած են պատմաքաղաքական  եւ աշխարհագրական տարբեր միջավայրերու մէջ, ծառայած՝ ազգային ինքնութեան պահպանման, նպաստած մեր մշակոյթի զարգացման  ու ժառանգաբար հասած մինչեւ մեր օրերը՝ իւրաքանչիւրը իր տարածաշրջանին մէջ կամ խառն ի խուռն, ինչպէս է պարագան մերօրեայ քանի մը գաղութներուն:

9.12.16

Մայրենիին նահատակութիւնը՝ 100ամեակէն ետք ալ

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
 
Ցեղասպանութեան 100ամեակէն տարի մը ետք ալ, Մայրենիին դէմ բարբարոսութիւնը, մեր լեզուին նահատակութիւնը կը շարունակուին բազմերես ու բազմայարկ «իրագործումներով», առանց փողի ու թմբուկի։
Հայաստանի սահմաններէն դուրս, սփիւռքեան երկինքներու տակ, հայերէնի նահանջը ունի մէկ գլխաւոր խորագիր՝ օտարում հարազատ լեզուէն, եւ կը դրսեւորուի բազմաթիւ գիծերու վրայ։ Յաճախ գրուած է ու խօսուած՝ այս մասին, վաղն ալ պիտի կրկնուին ախտաճանաչումներն ու դարմանումի առաջարկները, սակայն լսող ականջները եղած են ու պիտի մնան փոքրաթիւ, դատապարտուած՝ անզօրութեան. ասոր ալ պատճառները բազմաթիւ են։ Մեր նպատակը անոնց վերաքաղը ընել չէ։

3.9.16

Ի խնդիր հայերէններու մերձեցման

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

«Ազդակ»-ի 22 օգոստոս 2016-ի թիւով, էջ 5, կը գտնենք ընդարձակ յօդուած մը` «Դարձեալ արեւմտահայերէնի համակարգում «ու» ձայնաւորը տառի կարգավիճակին արժանացնելու մասին» յօդուածը, զոր  ստորագրած է հայրենի տաղանդաւոր լեզուաբան  Անժել Ներսէսի Քիւրքճեանը: Քիւրքճեանի` հարցին նուիրուած առաջին յօդուածը չէ այս, թող որ այս յօդուածը ինքնին նոր չէ: Ան տարբեր առիթներով ալ արտայայտուած է նոյն իրողութեան  մասին:

Դարձեալ արեւմտահայերէնի այբուբենի համակարգում «ու» ձայնաւորը տառի կարգավիճակի արժանացնելու մասին

ԱՆԺԷԼ ՆԵՐՍԷՍԻ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ

Դարձեալ, քանզի ու ձայնաւորին նաեւ արեւմտահայերէնի այբուբենի համակարգում տառի կարգավիճակ շնորհելու հարցը մենք քննարկել ենք ինչպէս «Գրաբարի եւ արդի գրական հայերէնի ձայնաւորների համեմատական քննութիւն» յօդուածում (տե՛ս «Զարթօնք» օրաթերթ, 28 Նոյեմբեր 2001), այլեւ` «Գրաբարի ու արդի գրական հայերէնի հնչիւնական համակարգի եւ երկճիւղ հայերէնների մերձեցման համառօտ քննութիւն» զեկուցման մէջ կարդացուած 2015 թուականի նոյեմբերին «Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրներ» թեմայով գիտաժողովում (տե՛ս «Հորիզոն գրական», Նոյեմբեր, 2015, էջ 10-15):

23.12.15

Արեւմտահայերէնը ապրող, բազմասնուող եւ կենսատու լեզու

ԼՈՒՍԻՆԷ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ

Գրական երկու լեզուների շուրջ մտորումները օրինաչափօրէն ուղեկցւում են ուղղագրութեան խնդրին դէմառդիմումով, ասես ամէն անգամ յիշեցնելով, որ լեզուի ձայնագրութեան կերպը նոյնքան կարեւոր հանգամանք է՝ մասնաւորապէս երկուորեակ հայերէնները համազուգակցող իր նշանակութեամբ, եւ յատկապէս Սփիւռք-հայրենիք յարաբերութիւնները կիզակէտող դերով։

16.9.15

«Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրները» գիտաժողովը

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ


Յուլիս 29-30ին, Երե­ւանի մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ «Արեւմտա­հայե­րէնի եւ արե­ւելա­հայե­րէնի մերձեցման խնդիր­նե­րը» խո­րագ­րեալ գի­տաժո­ղովը, Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւննե­րու Ազ­գա­յին Ակա­դեմիայի նա­խագա­հու­թեան նիս­տե­րու դահ­լի­ճին մէջ, կազ­մա­կեր­պութեամբ՝ Սփիւռքի նա­խարա­րու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Ակա­դեմիա­յի «Հրա­չեայ Աճա­ռեան» լե­զուի հիմ­նարկի։

4.2.15

Հայը եւ եղբայրը

ԱՐՄԷՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
 
Ընդ աստեղօք ի՞նչ կայ սիրուն
Քան զանձկալի Եղբայր անուն

Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան

Մեր հասարակութեան արխայիկ` վաղնջական-աւանդական բնոյթի մասին է խօսում այն, որ աշխարհը մենք փորձում ենք տարբերակել, օգտագործելով ընտանեկան ազգակցութեան տերմիններ:
Սովետական իշխանութիւնն արգելեց իրար դիմելու կիրթ ձեւերը` օրիորդ, տիկին, պարոն, տէր, դրա փոխարէն շրջանառութեան մէջ դրուեց ընկերը: Դա սոցիալիստական կուսակցութիւնների անդամների դիմելաձեւն էր` կապիտալիստների դէմ պայքարում նրանք իրար ընկերներ էին: Բայց սոցիլալիզմի յաղթանակից յետոյ բառը աճեց, եւ երեխաների համար մանկապարտէզի դաստիարակչուհին, դպրոցական ուսուցիչն ու համալսարանի պրոֆեսորը դարձան «ընկեր»: Սովետական տարբեր ազգեր փորձելով դուրս գալ այս, մի տեսակ չափազանց պաշտօնական դարձած, բայց, միւս կողմից, չափազանց տնավարի «ընկեր»ից, ինչ-որ ձեւէր էին օգտագործում, ելնելով իրենց ունեցածից:

12.1.15

Մէկ ազգ, քանի՞ մշակութային ոլորտ. հայկական բազմազանութիւն

ՆԱՐԵԿ ՍԷՖԷՐԵԱՆ

Վերջերս «ել-փոստային կռիւ» ունեցայ մի անծանօթի հետ:
Դրան «կռի­ւ» կո­չելը չա­փազան­ցութիւն կը լի­նի: Աւե­լի ճիշտ, բուռն քննար­կում ու­նե­ցանք ել-փոս­տեր ստա­նալով ու ու­ղարկե­լով: Իրար գտել էինք ընդհա­նուր ծա­նօթի մի­ջոցով, ով խո­հեմ գտնուեց ու խօ­սակ­ցութիւ­նից զերծ մնաց:
Խնդի­րը արե­ւելա­հայե­րէնի ու արեւմտա­հայե­րէնի շուրջ էր, մաս­նա­ւորա­պէս` եթէ կան երկու առան­ձին հա­յերէն լե­զու­ներ, կամ եթէ եր­կուսն էլ մի լե­զուի մաս­նիկներն են: Ու­րիշ տար­բե­րակ­ներ էլ կան, եւ նաեւ կա­րելի է, որ մարդ արե­ւելա­հայե­րէնին ու արեւմտահայերէնին միառ­ժա­մանակ տար­բեր բնո­րոշումներ տայ: Նա­մակա­կիցս ինքնավստա­հօրէն պնդում էր, որ կայ միայն մէկ հա­յոց լե­զու: Իմ դիր­քո­րոշումն այն է, որ դրանք «քոյր լե­զու­նե­ր» են: