ԱՆԱՐԺԱՆ ԴՊԻՐ
Ասպարէզիս բերմամբ՝ ամէն օր եւ ամբողջ օրը կը կարդամ անվերջ լուրեր ու
յօդուածներ, գլխաւորաբար Հայութեան եւ Հայաստանին վերաբերող: Կը պատահի,
որ անոնց մէջ հանդիպիմ ծուռ բաներու, զորս բանականութեան կշիռին վրայ դնելէ
եւ ներողամտութեան բովէն անցընելէ ետք՝ կը դասեմ յետաձգումով
դատապարտելիներու շարքին, այն յոյսով, որ մինչեւ յաջորդ հանդիպում՝
սրբագրուած կ՚ըլլան: Խոստովանիմ, որ անվերջ ալիքներու մաշեցուցած ժայռերուն
պէս՝ լուրերու առօրեայ հոսքն ալ ժամանակի ընթացքին կամաց-կամաց մտքիս մէջ
կը մաշեցնէ անոնց ցանկը եւ ես ինծի կը մտմտամ, թէ՝ այդքան ալ յիշարժան,
լուրջ բաներ չէին ուրեմն:
Բայց երբեմն դէմդ կ՚ելլէ այնպիսի «խոշոր պատառ» մը, որ անկարելի է կլլել ու մարսել, այնքա՛ն որ մեծ կ՚ըլլայ անհեթեթութիւնը:
Այդ եղաւ պարագան հայաստանեան վերջին լուրերէն մէկուն եւ այն ալ, դժբախտաբար, հայերէնի հետ աղերս ունեցող:
Հայաստանի Լեզուի ԿՈՄԻՏԷ-ի նախագահ Դաւիթ Գիւրջինեան վերջերս տուած
մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին խստօրէն դատապարտելով օտար տառեր, օտար բառեր
գործածողները, ըսեր է. "Մարդը մի փոքրիկ խցիկ է բացում, վրան դնում է օտար
տառերով, օտար անուն: Դա զբօսաշրջիկի համար չէ, դա տուեալ մարդու մէջ նստած
օտարամոլութեան, հայերէն տառերը չսիրելու, հայերէն խօսքը չգնահատելու,
չկարեւորելու հետեւանք է: Այստեղ պետութիւնը պէտք է ոչ միայն խօսի պատժի
մասին, այլեւ իր վերաբերմունքը ցոյց տայ":
Շատ բարի: Ինչպէ՞ս չհամաձայնիլ այս ազնիւ մօտեցումին:
Բայց, անհաւատալին այն է, որ այս խօսքերուն հեղինակը քիչ ետք,
ներկայացնելով իրենց ծրագրերը՝ նշեր է, որ Լեզուի ԿՈՄԻՏԷ-ն կ՚առաջարկէ
ստեղծել հայերէնի ընդհանուր ելեկտրոնային «ՏԵՐՄԻՆԱՐԱՆ» մը:
Այո՛, ՏԵՐ-ՄԻ-ՆԱ-ՐԱՆ:
Մինչ այդ, Լեզուի ԿՈՄԻՏԷ-ն,– որուն սովետական փոշին առնուած պէտք է
ըլլար 27 տարի առաջ կամ գոնէ ատկէ ի վեր,– ինչպէս կ՚ըսուի՝ արդէն թել-թել
տնկեր էին մազերս, բոլորովին անգիտանալով՝ որ քանի մը տող վար, հանճարեղ
ՏԵՐՄԻՆԱՐԱՆ-ը դէմս պիտի ցցուէր:
Հարցը հետեւեալն է. եթէ Լեզուի ԿՈՄԻՏԷ-ի նախագահը ՏԵՐՄԻՆԱՐԱՆ ստեղծէ,
ինչո՞ւ փոքր խցիկ բացող մարդն ալ «օտար տառերով, օտար անուն» չդնէ վրան:
Մեր «սիրելի» դրացիները ասացուածք մը ունին՝ «Ձուկը կը սկսի հոտիլ
գլուխէն»: Կամ մեր Ֆրանսացի բարեկամները կ՚ըսեն՝ «իւրաքանչիւրը պէտք է աւլէ
նա՛խ իր դրան առջեւը»:
Յամենայն դէպս, պարոն Գիւրջինեան իրաւունք ունի. «Այստեղ պետութիւնը
պէտք է ոչ միայն խօսի պատժի մասին, այլեւ իր վերաբերմունքը ցոյց տայ»:
Յ.Գ.- Խօսքը մեր մէջ, դատելով Հայաստանի պետական դէմքերու խօսած
«հայերէն»-էն, կը դժուարանամ նաեւ պատկերացնելու, թէ այսօր պետութեան ո՞ր
խաւը ի վիճակի է հայերէնի անաղարտութեան սրբազան դատը յանձն առնելու: Ատոր
համար, նախ եւ առաջ անհրաժեշտ է ունենալ հարցին գիտակցութիւնը եւ ըմբռնել՝
կարեւորութիւնը: Անձնապէս, ներկայի բոլոր տուեալները զիս կը մղեն յոռետես
ըլլալու:
(Յատուկ «Հայկականք»ի համար)
No comments:
Post a Comment