11.12.17

Թեւաւոր խօսքեր եւ դարձուածքներ



 ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
 Դարձուածք կը կոչենք սովորաբար երկու, երբրեմն՝ երեք, հազուագիւտ՝ աւելի, բառերէ կազմուած այն կապակցութիւնը,  ուր  զայն կազմող բառերը կը կորսնցնեն իրենց բուն նշանակութիւնը, որով ամբողջ բառակապակցութիւնը կը վերիմաստաւորուի՝ ստանալով բոլորովին նոր`«դարձուածքային» բովանդակութիւն մը: Օրինակ՝ դարձուածք մըն է «երես տալ»  բառակապակցութիւնը, որ կը նշանակէ  «շփացնել», որուն մէջ չկայ ո՛չ երեսի, ո՛չ ալ տալու նշանակութիւնը: Ըստ այսմ՝ դարձուածքներ են՝ աչքը մտնել, գլուխը տանիլ,  կրակի հետ խաղալ, քունը կորսնցնել եւ այլն[1]:
«Դարձուածքները ըստ էութեան ժողովրդական լեզուամտածողութեան արդիւնք են, ձեւաւորւում են հիմնականում խօսակցական տարբերակում, ապա աստիճանաբար թափանցում են  գրական լեզու» (Հ. Պետրոսեան, «Հայերէնագիտական բառարան», էջ 175): Այս ծագումն ալ դարձուածքին կը պարգեւէ էապէս ազգային յատուկ նկարագիր մը: Ուստի ամէն ժողովուրդ ունի իրեն յատուկ դարձուածքներ, որոնք ընդհանրապէս կամ միշտ փոխադրելի չեն այլ լեզուներ, ուր անոնք կը կորսնցնեն իրենց իմաստը: Սակայն ներթափանցումները, թէեւ հազուագիւտ, բոլորովին  բացառուած  եւս  չեն մանաւանդ  խառն կենակցութեան պայմաններու մէջ, ինչպէս եղած է հայ-թրքականը՝ օսմանեան տիրապետութեան  երկար դարերուն: Բերենք օրինակ մը. երես առնել՝ իբրեւ շփանալ,  եւ երես տալ՝ իբրեւ շփացնել,  դարձուածքները, թարգմանուելով ֆրանսերէնի, անգլերէնի, իտալերէնի, արաբերէնի, պիտի դառնային բոլորովին անիմաստ բարախումբեր, որոնք հաւանաբար ծիծաղի առարկայ ալ դառնային համապատասխան ժողովուրդներու կողմէ: Սակայն ասոնք դարձուածքային բոլորովին նոյն իմաստը ունին թրքերէնի ու հայերէնի մէջ: Անշուշտ ճշգրիտ չենք ալ գիտեր, թէ ո՞վ որմէ՛  փոխ առած է,  հա՞յը թուրքէն, թէ՞ թուրքը հայէն:         
Դարձուածքները ընդհանրապէս կը մնան ժողովրդախօսակցական ծիրին  մէջ՝ սակաւ թափանցելով գրական լեզուէն ներս:  Օրինակ՝ դժուար պիտի պատկերացնէիէնք, որ Զոհրապ տեղ մը գրած ըլլար «երես տալ», կամ Թէքէեան գրած ըլլար «գլուխը  տանիլ», կամ Շահնուր   գրէր «քունը կորսնցնել» եւ այլն, քանի որ անոնք պիտի նախընտրէին ասոնց գրական համարժէքները՝ շփացնել, ձանձրացնել, մտահոգուիլ: Այսուհանդերձ բացառուած ալ չէ անոնց կիրարկութիւնը, մասնաւորաբար   յատկաբանութեան  նպատակով:
Հայերէնին կը վերագրուին  աւելի քան 20.000 դարձուածքներ, որոնց պիտի չանդրադառնանք այստեղ, ինչ որ շատ հարուստ  ժառանգ մըն է, որուն հմուտ կիրարկումը կը գեղեցկացնէ  խօսքը, աւելի ազդու ու տպաւորիչ կը դարձնէ զայն:
Հետաքքրուողներուն տրամադրութեան տակ կը գտնուին քանի մը յաջող  աշխատութիւններ, որոնց կարելի է ծանօթանալ «Նայիրի» կայքի բառարաններու ցանկերուն մէջ:
                                                                  *     *
                                                                     *  
 Կարգ մը դարձուածքներ, շնորհիւ իրենց դիցաբանական,  պատմական, բանահիւսական, գրական առանձնայատուկ հէնքին, յաջողած են դուրս գալ իրենց նեղ-ազգային սահմաններէն եւ ստանալ համամարդկային հնչեղութիւն եւ իբրեւ «թեւաւոր խօսքեր»՝ կը զարդարեն աշխարհի գրեթէ բոլոր լեզուները:  Այս գլուխով պիտի տեսնենք այդպիսիներէն փոքրիկ փունջ մը:  
*** Աննիբալ մեր դռներուն է
Քրիստոսէ առաջ՝  218 թուին, կը սկսէր պատմութեան մեծագոյն արշաւանքներէն մէկը, որ տեւեց 17 տարի: Ան ծայր առաւ հզօր Կարթագէնէն, մօտաւորապէս արդի Թունուզէն, հասնելու համար Հռոմ. այս արշաւանքին ձեռնարկողը քսանամեայ երիտասարդ մըն էր՝ Աննիբալ անունով:  Հրաշալի զինուած ու կազմակերպուած, ինքն ալ հրաշալի ու առաքինի հրամանատար մը, ահարկու բանակի մը գլուխը՝ ան  կտրեց ամբողջ  Հիւսիսային Ափրիկէն, մտաւ Սպանիա, ուր ոչնչացուց  հռոմէական  լեգէոնները, շրջանցեց հարաւային Ֆրանսան՝ իր ճամբուն վրայ սրբելով  ամէն դիմադրութիւն, անցաւ Ալպեանները եւս եւ անարգել  կը մօտենար Հռոմին՝ իր ոխերիմ թշնամիին, որ կ’ուզէր իր որջին մէջ իսկ  անակնկալի բերել ու ճզմել: Ոչ մէկ ուժ կը յաջողէր  կասեցնել Անոր բանակներուն յառաջխաղացքը. իսկ այդ բանակներուն  մաս կազմող փիղերու երամակները ահ ու սարսափի կը մատնէին  դիմադրող հռոմէացիները:
Գոռոզ Հռոմը իր պատմութեան մէջ  առաջին անգամ ըլլալով սարսռաց մինչեւ ողն ու ծուծը:
Սարսափի ու յուսալքումի այս մթնոլորտին մէջ  էր, որ ծնունդ առաւ «Աննիբալը մեր դռներուն է» խօսքը, որ հետագային վերածուեցաւ դարձուածքի, որով կը բնորոշուի  բիրտ սպառնալիք մը, գերագոյն վտանգ մը, անդիմադրելի թշնամի մը եւ ակներեւ պարտութիւն մը: Դարեր անց այդ դարձուածքը մնաց  հռոմէացիներու  բերնին մէջ  ու իտալական հողի վրայ. իտալացի մայրեր  մինչեւ այսօր ալ իրենց չար փոքրիկները  սաստելու կամ փողոցէն տուն կանչելու համար  չեն վարանիր ըսելու. «Աննիբալ մեր դռներուն է» (Hannibal ad portas): Իսկ դարձուածքը  ինք արդէն համաշխարհային  ճանաչում ունի եւ կ’ապրի ժողովուրդներու ու սերունդներու բերնին մէջ[2]:
                                                        *      *
                                                            *
Այս արշաւանքի ծիրէն ներս  ծնունդ առած է ուրիշ դարձուածք մըն ալ, որ նուազ ծանօթ է:  Ուրեմն այդ տարիներուն Հռոմի մէջ կ’ապրէր պետական  ազդեցիկ դէմք մը, որ պատմութեան ծանօթ է  Մարկոս Կատոն Երէց անունով. ան իր ժամանակի մեծագոյն հռետորներէն էր, որ կը տագնապէր Հռոմի բոլոր հարցերով, յատկապէս Աննիբալի արշաւանքով, որ դամոկլէսեան սուրի մը պէս կախուած  էր ամէն հռոմայեցիի գլխուն վերեւ եւ որը Կատոնի մղձաւանջն էր դարձած:  Ուստի զարմանալի չէր, որ ծերակոյտի բոլոր նիստերուն եւ քիչ մը ամէն առիթով ան արծարծէր  ընթացքի մէջ եղող աւերիչ  արշաւանքը եւ ամէն անգամ ալ իր ճառը կ’աւարտէր նոյն պատգամով՝ «Պէտք է կործանել Գաղկեթոնը» (Delenda Carthago): Այս ալ իր կարգին դարձաւ պատմական դարձուածք մը, որ կը խորհրդանշէ ընդհանրական չարիք մը, որ պէտք է ամէն գնով ոչնչացնել ու վերացնել:
                                                                      *      *
                                                                          *
Դարձուածքային արժէք ունի նաեւ «աննիբալեան երդում»-ը:
Աննիբալ մանուկ էր տակաւին՝ 8-9 տարեկան, երբ անոր հայրը՝ Ամիլկար Բարկան,  Կարթագէնի մեծ տաճարին մէջ երդմնեցուց զայն՝ ամբողջ կեանքին մէջ ոխերիմ թշնամին  ըլլալու  Հռոմի եւ պայքարելու անոր դէմ: Աննիբալ երդուեցաւ եւ հաւատարմօրէն յարգեց իր խոստումը։
Դարձուածքը կը խորհրդանշէ անզիջումը պայքարի որոշում։
                                                    
          ***Աւգեան ախոռներ
Աւգեաս, որ ճանչցուած է իբրեւ «արեւու որդի», թագաւոր էր Հիւսիսային Յունաստանի մէջ: Ան ունէր 3 000 եզ, որոնք օժտուած էին բացառիկ առողջութ- եամբ եւ ծնելիութեամբ:  Ասոնք տնտեսելու համար Աւգիաս կառուցած էր բազմաթիւ ախոռներ,  որոնք, սակայն, ոչ մէկ մաքրութեան առարկայ դարձած էին:  Գարշահոտութիւնը տարածուած էր ամէն կողմ, իսկ  աղբը, աւելի քան 30 տարի կուտակուած էր  անոր բազմաթիւ ախոռներուն մէջ, ինչպէս նաեւ շրջակայ հանդերուն վրայ, ուր այլեւս  մշակելի հողի ոչ մէկ կտոր մնացած էր: 
Հերակլէս առաջարկեց Աւգիասի՝ մաքրել անոր  ախոռները՝ իբրեւ վարձատրութիւն  պահանջելով եզներուն տասը տոկոսը. համաձայնութիւնը գոյացաւ, եւ Հերակլէս անցաւ գործի: Ան երկու ծակ փացաւ ախոռներու պատերուն վրայ, ապա մօտակայ երկու գետակներու հունը շեղեց  դէպի այդ ծակերը: Յորդահոս ջուրը քանի մը ժամէն մաքրեց ու քշեց-տարաւ լեռնակուտակ ու գարշահոտ աղբերը թէ՛ ախոռներուն մէջէն, թէ՛ շրջակայ տարածքներէն: Յետմիջօրէի կիզիչ արեւը չորցուց ամէն կողմ, եւ իրիկուան դէմ արդէն համատարած մաքրութիւն կը տիրէր:
Բայց ահա Աւգիաս դրժեց իր խոստումը, եւ Հերակլէս սպաննեց զինք, ինչպէս նաեւ անոր զաւակները՝ խնայելով միայն մէկ հատին, որ չուրացաւ  տրուած խոստումը:
Այս անհաճոյ անձնաւորութենէն, որ կը խորհրդանշէ իր թերութիւնները անտեսող եւ իր պարտաւորութիւնները զանց ընող կերպարը, ու անոր պատմութենէն մարդկութեան մնացած է «աւգեան ախոռներ» դարձուածքը, որ իր կարգին  կը խորհրդանշէ «իրերու եւ երեւոյթներու լքեալ ու անտեսուած կացութիւնը»:
***Աքիլլէսի կրունկ
Աքիլլէսը յունական դիցաբանութեան մեծագոյն հերոսներէն էր, որ դաշնակից  այլ թագաւորներու հետ  արշաւեց Տրովադա՝ ետ դարձնելու  գեղեցիկ Հելենը, որ առեւանգուած էր  տրովադացի իշխան Բարիսի կողմէ: Աքիլլէս ճանչցուած էր իբրեւ անխոցելի մարտիկ մը, որովհետեւ  անոր մայրը զինք վաղ մանկութեանը թաթխած էր  Ստիքս գետի ջուրին մէջ, որ ունէր մարդկային մարմինը անխոցելի դարձնելու յատկութիւնը:
Այս թաթախումէն զուրկ մնացած էր, սակայն, մանուկ Աքիլլէսի կրունկը, ուրկէ մայրը բռնած էր զինք եւ որ չթրջուեցաւ, ուրեմն շարունակեց մնալ խոցելի: Արդ, Բարիս ծանօթ էր այս գաղտնիքին, եւ Տրովադայի մէկ հրապարակին վրայ, մենամարտի մը ընթացքին,  ան այդ կէտէն ալ վիրաւորեց  Աքիլլէսը, որ մահացաւ ստացած վէրքէն: Ասկէ ալ յառաջացած է «Աքիլլէսի կրունկ»  կամ «Աքիլլէսի գարշապար» (Talon d’Achille) դարձուածքը, որ կը նշանակէ տկար, խոցելի կէտ մը կամ կողմ մը:
*** Բաբելոնեան խառնակութիւն
Ջրհեղեղէն ետք, երբ Աստուած հաշտուած էր մարդկութեան հետ՝ անոր շնորհելով նաեւ ծիածանը՝ իբրեւ ներումի երաշխաիք, մարդիկ վերստին բազմացան, բայց նաեւ չարացան ու գոռոզացան՝ հեռանալով իրենց տրուած  պատուիրաններէն: Անոնք որոշեցին  կառուցել քաղաք մը՝ հանդերձ աշտարակով, որուն գագաթը պիտի երկինք հասնէր. «եւ արասցուք մեզ անուն  յառաջ քան զսփռել ի վերայ երեսաց  ամենայն երկրի» (Ծնունդք, Ժա/4):
Աստուած նման  ծրագիր մը խանգարելու լաւագոյն միջոց նկատեց՝ խառնակել լեզուն մարդոց, որոնք մինչ այդ նոյն բարբառով կը խօսէին,  կը հաղորդակցէին ու համերաշխ կ’աշխատակցէին իրարու հետ: Ու այդպէս ալ ըրաւ: Իսկոյն սկսաւ յառաջանալ ահաւոր շփոթ մը, ուր մարդիկ այլեւս չէին կրնար հասկնալ զիրար ու չէին կրնար հաղորդակցիլ: Խանգարուեցաւ նաեւ անոնց աշխատանքին ներդաշնակութիւնը, եւ անոնք սկսան կամաց-կամաց հրաժարիլ աշտարակաշինութենէն ու ցրուեցան աշխարհով մէկ:  Անաւարտ քաղաքը կոչուեցաւ Բաբելոն, որ կը յառաջանայ հին եբրայերէն բառէ մը եւ  կը նշանակէ «խառնել, խառնաշփոթել»:
Այդ փորձէն մնացին  աւերակոյտ մը եւ դարձուածք մը, որ կը խորհրդանշէ համատարած խառնակութիւնն ու անհասկացողութիւնը:  Անաւարտ քաղաքը կոչուեցաւ Բաբելոն:        
Կ’ըսուի նաեւ  «բաբելոնեան աշտարակաշինութիւն»՝ նոյն իմաստով եւ կը բնորոշէ անկարգութիւն, խառնաշփոթ, քաոս:
***Բարթուղիմէոսեան գիշեր
Այսպէս կը կոչուի պատմական այն կոտորածը, որ Ֆրանսայի կաթողիկէները ի գործ դրին բողոքականներու դէմ 1572-ի օգոստոսի 24-ի գիշերը՝ ս. Բարթուղիմէոսի տօնի նախօրէին. ան տեւեց քանի մը օր: Կոտորածի հրահանգը տուած էր Շառլ 9-րդ թագաւորը իր մօր՝ Կատարինէ Մետիչիի (Catherine de Médicis) եւ Գիզ դուքսի (duc de Guise) դրդումով: Զոհուեցան աւելի քան 3.000 բողոքականներ, որոնց մէջ  գտնուեան դաւանափոխ դարձողներ՝ փրկելու համար իրենց կեանքը:
Այս կոտորածը պատճառ դարձաւ կրօնական պատերազմներու, որոնք արդէն սկսած էին 1562-ին, սակայն աւելի հրահրուեցան այնուհետեւ՝ պատճառելով քաղաքական  այլազան ոճիրներ, որոնց շարքին դուքս Գիզիի եւ Հանրի  Գ. թագաւորի սպանութիւնը: Անոնք տեւեցին մինչեւ 1598 եւ վերջ գտան Հանրի Դ. թագաւորի շնորհիւ:
«Բարթուղիմէոսեան գիշեր» դարձուածքը կը խորհրդանշէ անպաշտպան մարդոց դաժան ջարդ ու կոտորած:
Ուշադրութի՛ւն. իբրեւ պատմական դրուագի անուն՝ ան կը գլխագրուի՝ Բարթուղիմէոսեան[3] գիշեր, իսկ իբրեւ դարձուածք՝ կը գրուի փոքրատառով:
         ***Գորդեան հանգոյց
Ըստ յունական աւանդութեան՝ փռիւգիացի Գորդիոսը, որ համեստ գիւղացի մըն էր եւ պատահաբար թագաւոր դարձաւ,   Զեւսի տաճարին կը նուիրէ իր եզին կառքը, որուն լուծը քեղիին, այսինքն՝  յառաջամասի ձողին,  կապուած էր այնպիսի հնարամտութեամբ մը, որ կարելի չէր հանգոյցի ծայրերը գտնել ու անջատել լուծը կառքէն: Իսկ ան, որ յաջողէր քակել այդ հանգոյցը, պիտի տիրէր  ամբողջ Ասիային:
Դարեր անցան այսպէս , եւ այդ հանգոյցը մնաց անլուծելի:
333-ին, Աղեքսանդր Մակեդոնացին, իր աշխարհակալական արշաւանքին  սկիզբը, ազատագրեց   Փռիւգիան պարսիկներէն,  մտաւ յիշեալ տաճարը եւ փոխանակ հանգոյցը քակել փորձելու՝ սուրի հարուածով մը խորտակեց զայն, ինչ որ կը խորհրդանշէր Աղեքսանդրի՝ ուժին վերագրած գերակայութիւնը միտքի վրայ:
Այս դրուագը ծնունդ տուած է երկու դարձուածքի.
ա) «Գորդեան հանգոյց», որ կը նշանակէ անլուծելի, կնճռոտ խնդիր:
բ) «Աղեքսանդրեան լուծում», որ կը նշանակէ որեւէ անելի առկայութեան՝ տրուած արագ ու խիզախ լուծում:
***Դամոկլէսեան սուր
Կ’ըսուի նաեւ «դամոկլեան սուր»:
Սիրակուսա նահանգի Դենիս բռնապետը անգամ մը  ընթրիքի հրաւիրեց իր մէկ մտերիմ ընկերը՝ Դամոկլէսը (Դ. դարուն Քա.), որ կը նախանձէր իրեն,  եւ զայն կը նստեցնէ իր գահին վրայ՝ անոր գլխուն վերեւ ձիու բաշի մէկ հատիկ թելէ  կախելով ծանր սուր մը: Կարելի է երեւակայել այն ահաւոր տագնապը, որ պատեց խեղճ  Դամոկլէսը ընթրիքի տեւողութեան, մինչեւ որ սարսափած վար կ’իջնէ ան վերջապէս գահէն:  Իր այս արարքով Դենիս կ’ուզէր իր հիւրին ու բարեկամին տալ պատկերացում մը ի մասին այն ծանր  վտանգին ու մտմտուքին, որոնց ենթակայ  են իշխանաւորները իրենց իշխանութեան ամբողջ տեւողութեան:
Եւ այնուհետեւ «դամոկլէսեան սուր» բառակապակցութիւնը դարձաւ ընթացիկ դարձուածք մը, որ կը խորհրդանշէ  գերագոյն վտանգ մը, սպառնալիք մը:
Ուշադրութի՛ւն. պէտք չէ գլխագրել դարձուածքին առաջին եզրը:
         ***Դանայեան նուէր կամ  Տրովադայի ձի
Այսպէս կը կոչուի այն փայտէ ձին, որ յոյները, կամ դանայացիք, ինչպէս կը կոչուէին անոնք, տասը տարուան ապարդիւն պաշարումէ մը ետք լքեցին Տրովադայի պարիսպներուն առջեւ ու հեռացան, իբրեւ թէ նահանջեցին: Այդ  հսկայ ձիուն մէջ պահ  մտած էր Ոդիսեւսը իր զինուորներով: Պատմութիւնը ծանօթ է. տրովադացիները մեծ հրճուանքով  դիմաւորեցին այդ «նուէրը»: Միակ հակառակողը եղաւ  քրմապետը, որ ի զուր յորդորեց  իր հայրենակիցները՝  ներս չառնել  այդ փայտէ անիծեալ  ձին: Իսկ երբ հարցուցին անոր, թէ ինչո՞ւ կը հակառակի, փորձառու քրմապետը, որ լաւ ծանօթ էր հակառակորդներուն խորամանկութեան, պատասխանեց, ըստ լատին բանաստեղծ  Վիրգիլիոսին. «Ընծայ բերող յոյնէն անգամ կը վախնամ» (Timeo danaos et dona ferentes):
Տրովադացիք մտիկ չըրին քուրմին եւ պարիսպներէն ներս կրեցին ձին, ապա անձնատուր եղան անկաշկանդ խնջոյքի մը՝ առատօրէն ուտելով, խմելով ու հարբելով: Այդ  կացութենէն օգտուելով՝ Ոդիսեւս եւ ընկերները դուրս եկան ձիուն որովայնէն եւ սրախողխող ըրին հարբած տրովադացիները, տիրեցին  քաղաքին ու այրեցին զայն:
Այսպէս ալ «դանայեան նուէր  կամ ընծայ» դարձուածքը այնուհետեւ  խորհրդանշեց  խորամանկութեամբ, նենգութեամբ տրուած որեւէ առարկայ, որ կը կործանէ տտացողը:
«Տրովադայի ձի» բառակապակցութիւնը  ունի նոյն նշանակութիւնը:
        *** Դանայեան տակառ
Ըստ յունական դիցաբանութեան՝ Հին Յունաստանի  թագաւորներէն մէկը՝ Դանայոսը, ունէր  50 աղջիկ, որոնք կը կոչուէին «Դանայեան քոյրեր»: Ասոնցմէ 49-ն իրենց ամուսնութեան առաջին գիշերն իսկ  սպանեցին  իրենց ամուսինները: Իրենց այս արարքին համար անոնք գացին դժոխք, որուն  չաստուածուհին, իբրեւ գերագոյն պատիժ,  անոնց պարտադրեց շարունակ լեցնել տակառ մը, որ յատակ չունէր:  Ասկէ ալ կը յառաջանայ  «դանայեան տակառ»  դարձուածքը,  որ կը խորհրդանշէ  անօգուտ  ճիգը, անպտուղ աշխատանքը, անվախճան յոգնութիւնը:
Նոյնին անմիջական հետեւողութեամբ յառաջացած է նաեւ «դանայեան աշխատանք» դարձուածքը, որ բացատրութեան չի կարօտիր:
Տեսնել ստորեւ նաեւ «սիզիփոսեան աշխատանք» դարձուածքը:
Գրիգոր Զոհրապ իր «Ճիտին պարտքը»  պատմուածքին մէջ  շատ յաջող կիրարկած է  այս դարձուածքը՝ «դանայեան տակառ» անուանելով  անոր հերոսին՝ Յուսէփ աղային  պայուսակը,  որ հէգ մարդը ամբողջ երեսուն տարի  լեցուցած էր ուտեստեղէնով եւ միշտ ալ ամէն առաւօտ  պարապ գտած էր զայն: Այդ պայուսակը լիացնելու  հոգէն ան «կը փրկուի» միայն այն օրը, երբ քարով կը լեցնէ զայն ու կը կախէ ճիտին, այսինքն՝ վիզին,  եւ այդպէս ալ ջուրը կը նետուի ու խեղդամահ կը դառնայ:
Կայ այս անունին կապուած, սակայն նուազ ծանօթ դարձուածք մըն ալ, որ է «դանայեան նուէր»-ը. տեսնել  նախորդ հատուածը:
***Դափնիներու շուքին քնանալ
Դափնին գեղեցիկ ու հոտաւէտ տերեւներով, միջակ բարձրութեամբ,  մշտադալար  ծառ մըն է, որ շատ տարածուած է Միջին Արեւելքի  եւ Հարաւային Եւրոպայի մէջ: Անոր պտուղով ներկայիս  օճառ կը պատրաստեն, իսկ տերեւներն ալ իբրեւ համեմ կը գործածեն ոմանք: Անցեալին, սակայն, անոր տերեւներով պսակ եւս կը կազմէին ու կը զարդարէին արժանաւոր մարդոց գլուխները, սովորութիւն մը, որ շատ տարածուած էր  Աթէնքի ու Հռոմի մէջ: Երբ կը թղթատենք հին պատմութեան պատկերազարդ գիրքեր, ապա սովորական է անոր էջերուն հանդիպիլ մարզիկներու, բանաստեղծներու,  արուեստագէտներու, այլեւ հերոսներու,  թագաւորներու ու կայսրերու, մինչեւ իսկ նահատակներու[4], որոնց գլուխները  եզերուած են դափնեպսակով:  Ան կը համապատասխանէ  մեր օրերու շքանշանին՝ իր այլազան  կարգերով:  Բայց ո՜ւր է  դափնեկիր գլուխի մը ներշնչած պատկառանքը եւ ո՛ւր՝ շքանաշանակիր լամբակի մը տափակութիւնը:
Դափնի (laurier) կրող անձը կը կոչուի դափնեկիր (lauréat)[5]:
Անխուսափելի էր, որ դափնին  իր այս գործածութեամբ հետզհետէ հոմանիշ դառնար պատիւի, արժանիքի, յաղթանակի ու փառքի՝ մարզական, գեղարուետական, ռազմական եւ այլն: Բայց պատահած է ու կը շարունակէ պատահիլ, որ մէկ դափնին բերէ ուրիշ դափնիներ, ինչպէս  նաեւ՝ հակառակը. այսինքն՝ զայն շահողը իր կեանքի մնացեալ տարիներուն ընդմիշտ կորսնցնէ  իր եռանդն ու փառասիրութիւնը եւ այնուհետեւ գոյատեւէ  իր  յաղթանակին միայն յիշատակովը, ահա այս վերջիններուն համար կ’ըսուի՝ «Իր դափնիներուն շուքին քնանալ»: Այլ խօսքով՝ դափնեկիրի երբեմնի արժանիքներուն, տաղանդին, յաղթանակին ու պայծառամտութեան համապատասխանող որեւէ նոր  գործ չկատարել, այլ պարզ ու մեկին՝ սպառել ինքզինք ու ամլանալ:
Դափնիներուն շուքին քնացողը կը նմանի մօտաւորապէս հանգստեան կոչուած բանուորին,  որ այլեւս չ’արտադրեր, օգուտ մը չունի՝ ո՛չ ուրիշին, ո՛չ իրեն, այլ կ’ապրի  անցեալի հաշուոյն եւ միայն կենսաթոշակ կը գանձէ:  
*** Դրակոնեան օրէնք.
Դրակոնեան պատիժ
Դրակոնը անունն  է աթէնացի օրէնսդիրի մը, որ ապրած է 7-րդ դարուն վերջերը Քա.: Սա այնպիսի ժամանակ մըն էր, ուր ոչ մէկ օրէնք կը կանոնակարգէր մարդոց կեանքն ու նիստուկացը, ուր կը տիրէր բացարձակ անիշխանութիւնն ու կամայականութիւնը, իսկ արդարութիւնը կը գտնուէր ազնուականութեան ձեռքը, որ ուզածին պէս կը չարաշահէր զայն՝ անշուշտ  միշտ ի նպաստ իրեն:
Ահա այսպիսի ժամանակի մը մէջ  է, որ Դրակոնը ստանձնեց իր իշխանութիւնը եւ ուզեց վերջ տալ տիրող  անիշխանութեան ու անարդարութեան: Ան մշակեց պարտադիր օրէնքներ, ըստ որոնց՝ ամէն յանցանք, անկախ իր տարողութենէն, նոյնիսկ ամենաաննշանը, պիտի պատժուէր մահուամբ, ո՛վ ալ ըլլար  զայն գործողը, ի՛նչ դասակարգի ալ պատկանէր ան: Այս խստութեան ի տես՝ ըսուած է, որ «Դրակոնի օրէնքները գրուած են արիւնով եւ ոչ թէ մելանով»:
Դրակոն այսպէսով կը փորձէր  ջնջել մասնաւորաբար անհատական արդարութիւնն ու վրիժարութիւնը եւ զայն փոխարինել  պետական արդարութեամբ:
Դրակոնի մշակած օրէնքները գործեցին մօտաւորապէս երկու դար, որմէ ետք անոնք փոխարինուեցան աւելի մեղմ օրէնքներով. աս վերջինները մշակողներէն գլխաւորը  Սողոնն էր (Solon):
Օրէնքները վերցան, սակայն մնացին դարձուածքները՝ «դրակոնեան օրէնք» եւ «դրակոնեան պատիժ», որոնց հասարակաց գիծը ծայրայեղ խստութիւնն է, անհամապատասխանութիւնը վճիռին ու պատիժին՝ յարաբերաբար գործուած յանցանքի մը:
*** Լակոնական ոճ
Լակոնիան Յունաստանի հարաւային մէկ նահանգն էր, որ հետագային դարձաւ հանրածանօթ Սպարտան: Լակոնացիք անուանի էին իրենց փայլուն իմացականութեամբ, խոր ու ճշգրիտ  տրամաբանութեամբ ու մանաւանդ բառերու գործածութեան մէջ իրենց ցոյց տուած ճշգրտաբանութեամբ ու ժուժկալութեամբ:  Անոնց մանկավարժական սկզբունքն էր՝ ոչ մէկ աւելորդ բառ օգտագործել:
Պատահեցաւ, որ Փիլիպոս Մակեդոնացին՝ Աղեքսանդր Մեծի հայրը, նուաճելէ ետք հիւսիսային  Յունաստանը, հասնէր Լակոնիոյ դռներուն:  Փոխանակ պատերազմով նուաճելու զայն՝ ան գրեց սպառնալից երկար նամակ մը, որ կը վերջանար սապէս. «Եթէ չյանձնուիք, կը կործանեմ ձեր քաղաքը»: Պատգամաւորները այս նամակը յանձնեցին  ու սպասեցին...պատասխանի: Իսկ լակոնացիք  պատասխանեցին ընդամէնը մէկ բառով՝ «եթէ...», որ կը նշանակէր՝ «եթէ կարենաս գրաւել»: Անշուշտ հեգնանքն ու արհամարհանքը իրենց բաժինը ունին այստեղ, սակայն «լակոնական ոճ» դարձուածքը կը բնորոշուի իր ճշգրտութեամբ, հակիրճութեամբ ու յստակութեամբ: 
Ծանօթ. Լակոնական ոճի օրինակ մըն է նաեւ Կեսարի «եկայ, տեսայ, յաղթեցի»-ն (veni, vidi, vici), որ մեծ ու մեծամիտ զօրավարը իբրեւ պատերազմական տեղեկագիր յղեց Հռոմի ծերակոյտին՝ Պոնտոսի Փառնակէ թագաւորին դէմ, 47 թուին,  Զելայի մէջ  տարած դիւրին ու արագ յաղթանակին առիթով:
***Լափալիսեան ճշմարտութիւն
Ներկայիս այս դարձուածքը աշխարհի լեզուներուն մէջ  հոմանիշ է  «տափակ, ճապաղ, փաստի անկարօտ  ճշմարտութեան, որ հանրօրէն  ծանօթ է  ամենքին, այնպիսի  ճշմարտութեան, որ հեգնանք ու ծիծաղ կը պատճառէ: Մինչդեռ  պատմականօրէն՝ իր ծագումվ ան բոլորովին ուրիշ բան կը նշանակէ:
Լափալիսը  ֆրանսացի փայլուն զօրական մըն էր (14701525), որ մարաջախտի աստիճանով ծառայած էր Լուի ԺԲ. եւ Ֆրանսուա Ա. թագաւորներու երկարատեւ պատերազմներուն՝ այս վերջիններուն յատկապէս Իտալիոյ դէմ մղած  մարտերու ընթացքին:  Իտալական ճակատին վրայ ալ ան զէն ի ձեռին  զոհուեցաւ  հերոսի մահով:  Այս առիթով  իր շնորհալի զինուորներէն  մէկը գրեց բանաստեղծութիւն մը, որ օրին մեծ ժողովրդականութիւն գտաւ ու կ’երգուէր ամբողջ Ֆրանսայի մէջ:  Այդ գրութեան տողերէն մէկը կ’ըսէր. «Մահէն քառորդ ժամ առաջ Լափալիս  տակաւին ողջ էր...»:
«Ողջ» բառը այստեղ  կը նշանակէր՝ աշխուժ, եռանդուն,  մարտունակ:  Իսկ ամբողջ տողը կը նշանակէր՝ Լափալիս մահէն  մինչեւ քառորդ ժամ առաջ տակաւին կը կռուէր  հերոսաբար, ինչպէս  մենք պիտի ըսէինք՝ «մինչեւ վերջին շունչը»: 
Այնքան ատեն որ Լափալիսի մահէն ետք անոր կերպարը տակաւին թարմ էր յետնորդներուն յիշողութեան մէջ, անոնք յարգանքով ու ակնածանքով կ’ընկալէին  այդ տողին բովանդակութիւնը, սակայն ժամանակին հետ ռամիկին ու զանգուածին յիշողութենէն սկսաւ վրիպիլ անոր նրբութիւնը, մինչեւ որ վերջնականապէս ջնջուեցաւ ան, եւ տողս  դարձաւ բոլորովին անհեթեթ. չէ՞ որ ամեն մահկանացու ալ  իր մահէն քառորդ ժամ առաջ ողջ կ’ըլլայ: Եւ ան տեղի տուաւ  հեգնանքի, արհամարհանքի ու ծաղրանքի:  Դարձուածն ալ հոմանիշ դարձաւ ճապաղութեան ու տափակութեան: Այսօր երբ «լափալիսեան ճշմարտութիւն» կը կոչենք արտայայտուած միտք մը, ապա պարզապէս կը հասկնանք այնպիսի ճշմարտութիւն մը,  որ ինքզինք կը բացայայտէ առանց որեւէ  ճիգի,  ուստի  ոչ մէկ փաստարկումի կը կարօտի ան:  Ինչ որ հիմնովին պիտի հերքուէր, եթէ յիշեալ քերթուածին բառերը ճիշդ մեկնաբանուէին:
                                                         *      *
                                                             *
Իսկ մեր մէջ...
Լեւոն Շանթ ըսած է. «Կ’ուզեմ ապրիլ մինչեւ մահ», ինչ որ շատ բաներով կը յիշեցնէ...լափալիսեան ճշմարտութիւնը. անշուշտ թէ մարդ կ’ապրի  մինչեւ մահ,  եւ ապրելու ու մեռնելու ուրիշ ձեւ գոյութիւն չունի:
Այսպէս կը մտածէ, սակայն,  ռամիկը միայն, բայց ո՛չ Շանթ,  որուն համար ապրիլը միայն շնչել չէր, միայն բնախօսական վիճակ մը կամ արարք մը չէր, այլ ստեղծագործութիւն էր, ինքնահաստատում էր,  առաքելութիւն էր, իսկ այս բոլորին համար անհրաժեշտ է ամէն բանէ առաջ մտքի՛ առողջութիւնը,  իմացակա՛ն  պայծառութիւնը, կամքի՛ տոկունութիւնը, որոնք միշտ բնախաօսականին հետ զուգահեռ  ու համատեղ չեն ընթանար. ահա այս յատկութիւններն էր որ Շանթ կը մաղթէր ունենալ իր այնքան պարզ,  բայց խորիմաստ  ու վսեմ խօսքով:
*** Լինե՞լ, թէ՞ չլինել
Շեքսպիրի  հերոսին՝ Համլետի մենախօսութեան (Արար Գ, տես. 1) առաջին տողն է այս, որով երիտասադ արքայազնին համար հարցադրումի գերագոյն առարկայ  է ապրելու եւ չապրելու միջեւ կատարելիք ընտրութիւնը: Հակառակ իր իշխանական կարգավիճակին եւ ունեցած արքունական բարեկեցութեան՝ ան յաջողած է այնքան դառն փորձառութիւն, յատկապէս մօրը դաւաճանութիւնը հօրը հանդէպ, կուտակել, որ այլես   զզուած է ամէն ինչէ,  եւ կը պատրաստուի խզելու այս աշխարհի մէջ ունեցած իր  վերջին անկեղծ կապն ալ, որ   Օֆելիան է՝  իր գեղեցիկ ու պարկեշտ նշանածը:
 Կուսանո՛ց մը մտիր, կը թելադրէ անոր, ինչո՞ւ մեղաւորներ սնուցող մը պիտի ըլլաս:
«Լինե՞լ, թէ՞ չլինել»-ը թարգմանուած պէտք է ըլլայ աշխարհի բոլոր լեզուներուն, որոնց բոլորին մէջ ալ ան կը խորհրդանշէ դժուար ու ճակատագրական  ընտրութիւն մը կատարելու  հարկադրանքէն յառաջացող մոլորեցուցիչ    տուայտանքները: 
***Լինչի ենթարկել.
Լինչի դատաստան
Չարլզ Լինչը Միացեալ Նահանգներու անկախութեան պատերազմի տարիներուն գումարտակի հրամանատար էր Վիրճինիա նահանգի մէջ. ան ինքնագլուխ ստեղծած էր յանցագործներն ու մանաւանդ քաղաքական հակառակորդները հաշուեյարդարի ենթարկող դատարան մը, որուն գործունէութիւնը 1782-ին յատուկ հրամանագիրով մը անօրինական նկատուեցաւ եւ վերջ գտաւ: Սակայն Լինչի մեթոտաբանութիւնը եւ ոգին գոյատեւեցին մինչեւ 20-րդ դարու կէսերը՝ ձեռամբ զանազան սպիտակ ցեղամոլ  անհատներու եւ կազմապերպութիւններու, որոնց մէջ յատուկ յիշատակութեան արժանի է Ku-Klux-Klan-ը: Անոնց գլխաւոր զոհերն էին սեւամորթները, ինչպէս նաեւ ձախակողմեան հակում ունեցող սպիտակա-  մորթներ, որոնք  առանց  դատի ու քննութեան կ’ենթարկուէին ծաղրուծանակի ու խոշտանգումներու, հուսկ հաշուեյարդարի ու մահուան:
Լինչի ոգին ու մեթոտաբանութիւնը 20-րդ դարու նմանապէս  առաջին կէսին գործեցին, այս անգամ պետական մակարդակով, մասնաւորաբար ֆաշիստական Սպանիոյ, նացի Գերմանիոյ ու մանաւանդ Խորհրդային Միութեան մէջ եւ այլուր, ուր զոհերը  բազմատասնեակ միլիոններով կը հաշւուէին:
Եւ տակաւին հարց է, թէ այդ ոգին ու մեթոտաբանութիւնը իսկապէս հիմնովին վերջ գտա՞ծ են արդի աշխարհի բարքերուն մէջ:
*** Լուկուլլոսեան խնջոյք
Լուկուլլոսը հռոմէացի զինուորական մըն էր, որ ապրած է Ա. դարուն Քա.: Սա նոյն այն Լուկուլլոսն է, որ արշաւեց Հայաստան ու ճակատեցաւ Տիգրան Մեծի ու անոր աներոջ՝ Միհրդատի միացեալ բանակներուն դէմ՝ առանց տանելու  համոզիչ յաղթանակ մը, որուն տիրացաւ Պոմպէոս իրմէ ետք: 
Լուկուլլոսի կը վերագրուին ռազմական  կարգ մը փայլուն յաղթանակներ, բայց եւ այնպէս անոր անունը շատ աւելի կապուած է կերուխումի ճոխ սեղաններու, որոնք իր իսկական  նախասիրութիւնն էին եւ որոնց շուրջ ան կը յատկանշուէր իր որկրամոլութեամբ, քան թէ իր քաջագործութիւններուն ու   յաղթանակներուն:
Անգամ մը, երբ իր խոհարարին պատրաստած ճաշը այնքան ալ ճոխ չէր, որքան կ’ըլլային անոնք սովորաբար, Լուկուլլոս նկատել տուաւ խստութեամբ.
Չէի՞ր գիտեր, թէ Լուկուլլոս այս գիշեր պիտի ընթրէ Լուկուլլոսի տան մէջ:
Պատմութեան կտակած է ան երկու դարձուածքներ՝
-  Ուտել Լուկուլլոսի նման,
-  Լուկուլլոսեան խնջոյք:
*** Կանոսա  երթալ
Կանոսան հիւսիսային Իտալիոյ մէջ, Ապենինեան լեռներուն գագաթը թառած փոքրիկ բերդաքաղաք մըն էր:
Dարձուածքը ծնունդ կ’առնէ Գերմանիոյ կայսր Հանրի Դ.-էն, որ 1076-ին, Հռոմի Գրիգոր 7-րդ պապին հետ  բախումէ մը ետք, գահազրկեց զայն: Կանոսայի ամրոցի տիրուհին իր քով հրաւիրեց ու պատսպարեց գահազուրկ պապը, որ իր կարգին բանադրեց (excommunier,  to excommunicate) Հանրի Դ-ը եւ ազատեց անոր ճորտերը իրենց՝ կայսրին հանդէպ ունեցած  հնազանդութեան երդումէն: Ուրեմն  կայսրը մէկ օրէն միւսը գտնուեցաւ իր ամբողջ իշխանութիւնը կորսնցնելու  վտանգին առջեւ, մանաւանդ որ հպատակները միաբերան կը պահանջէին  զիջիլ պապին ու ենթարկուիլ անոր կամքին:
Հանրի կայսրը, յաջորդ տարուան յունուարին, կնոջ եւ անչափահաս զաւակներուն հետ, ճարահատ բռնեց Կանոսայի ճամբան բնակլիմայական շատ խիստ պայմաններու մէջ՝ ճաշակելով խստամբեր ձմռան մը բոլոր  դաժանութիւնները,  ու հասաւ Կանոսա, ուր կը ձմեռէր պապը: Այս վերջինը հրահանգեց գոցել  քաղաքին բոլոր դռները: Եւ կայսրը երեք օր ձիւներուն մէջ ոտաբոպիկ սպասեց ու թախանձեց, որ ընդունուի պապէն, որ վերջապէս յօժարեցաւ տեսնել զինք  եւ յետս կոչել բանադրանքը:
Ասկէ ալ՝ «Կանոսա երթալ» դարձուածքը, որ կը խորհրդանշէ հակառակորդին առջեւ զղջողական ծնրադրումը, գերագոյն նուաստացումը, ընդհուպ՝ ստորնացումը: Եւ Հանրի Դ.  յանձն առաւ այդ բոլորը:
Սակայն անոր համար հարցը փակուած չէր:
Բանադրանքի վերացումով՝  ան վերահաստատեց իր իշխանութիւնը, որմէ ետք  վերստին գժտուեցաւ պապին հետ, դա՛րձեալ գահազրկեց զայն, եւ անոր տեղ հաստատեց Կղեմէս հակապապը:
                                                            *      *
                                                              
 Պատմութիւնը ինքզինք կրկնեց մօտաւորապէս 800 տարի ետք:
1872-ին գերմանա-վատիկան յարաբերութիւնները դա՛րձեալ լարուեցան, եւ  Պիոս 9-րդ պապը մերժեց ընդունիլ Գերմանիոյ դեսպանին հաւատարմագրերը:  Գերմանիա իր միութիւնը գրեթէ հաստատած էր արդէն եւ կը գտնուէր  կայսրութիւնը կերտելու նախօրէին: Պիզմարքի փառքի օրերն էին, եւ ի՛նք ալ, այս մերժումին ի պատասխան,  յայտարարեց Ռայխստագի բեմէն.
Ո՛չ, Կանոսա պիտի չերթա՛նք, այսինքն՝ կաթոլիկներու կամքին «պիտի չենթարկուի՛նք»: 
***Կարմիր գիծ
1928-ին աշխարհի հզօրագոյն տէրութիւնները՝ Միացեալ Նահանգները, Անգլիան ու Ֆրանսան ժողով մը կը գումարէին՝ իրենց միջեւ բաժնելու համար Օսմանեան նորոգ պարտուած կայսրութեան կորսնցուցած տարածքներու հարստութիւնը, յատկապէս քարիւղի հանքերը: Բայց ահա  ժողովականներէն ոչ մէկը յստակ գաղափար մը ունէր, թէ ճիշդ ո՛ւր կը սկսէին եւ ո՛ւր կը վերջանային երբեմնի կայրութեան սահմանները, որոնք այլեւս Թուրքիոյ իշխանութեան տակ չէին գտնուեր:
Այնտեղ իբրեւ խորհրդական կը գտնուէր հայազգի Գալուստ Կիւլպենկեանը, որ, իբրեւ նախկին օսմանեան հպատակ, կարմիր մատիտ մը առնելով, պատին ամրացուած քարտէզին վրայ ցուցական շարժումներով նշանակեց թրքական լուծէն ազատագրուած  տարածքներու սահմանները, որոնցմէ անդին  կարելի չէր անցնիլ՝ չբախելու համար այլ ժողովուրդներու ազգային շահերուն:
Յատկանշական է, որ այդ ժողովէն ծնաւ Red Line Agreement կոչուած համաձայնագիրը: Ինչպէս նաեւ «կարմիր գիծ» դարձուածքը, որ կը խորհրդանշէ սահման մը անցնելու, հատելու արգելքը, նման անցումէ մը յառաջանալիք վտանգը, իսկ կարմիր գոյնը իր կագին դարձաւ խորհրդանիշ վտանգի:
*** Կարմիր թել
16-րդ դարուն, երբ Անգլիա հզօրութեան ամբողջ գրաւը վերջնականապէս դրաւ իր նաւատորմիղին վրայ, ան կառուցեց  հսկայական նաւաշինարաններ, որոնց մէջ գործածուող տեսակաւոր ատաղձներուն մէջ պատկառելի բաժին ունէին նաեւ ընտիր պարանի այլազան տեսակներ, որոնք անհրաժեշտ էին մասնաւորաբար առագաստներու  հաստատումին:
Ամէն ինչ շատ հեզասահ կ’ընթանար այս ճիշդ մտածուած ու ծրագրուած նախաձեռնութեան մէջ, բացի պարաններէն, որոնք մեծաքանակ գողութեան առարկայ դարձած էին այնտեղ ծառայողներուն կողմէ: Ուշադիր ու հետեւողական հսկողութիւնն ու  խուզարկումները, շրջուն պահակներու  նշանակումը, խրատներն ու յորդորները ոչ մէկ արդիւնքի յանգեցան. պարանի գողութիւնը անարգել կը շարունակուէր վերանորոգ թափով:
...Մինչեւ որ անգլիական հանճարը գտաւ արմատական լուծում մը. պետութիւնը իր գործածած բոլոր պարաններուն կեդրոնը հաստատեց կարմիր թել մը, որուն շուրջ կ’աշխատցուէր տուեալ պարանը, եւ որ անհերքելի կը դարձնէր անոր պետական մենաշնորհեալ պատկանելիութիւնը, ու յայտարարեց  հանրութեան, թէ խստիւ պիտի պատժուին բոլոր անոնք, որոնց քով պիտի գտնուի   պարանի այդ տեսակը:
Եւ իրօք ալ պետական պարանի տեսականիի գողութիւնը անվերադարձ կանգ առաւ այնուհետեւ ու անհետացաւ: Սակայն «կարմիր թել» դարձուածքը մնաց լեզուներու մէջ:  Ան կը բնորոշէ այն հիմնական միտքը, որ իր  կրկնութիւններով կը ստեղծէ ներքին առնչութիւնը  մեր պատումնրուն, դատողութեանց, գաղափարներու միջեւ, շեշտելով այն  անհերքելի կապը, որ զանոնք կը զօդէ իրարու եւ յաճախ իրարմով կը բացատրէ՝ պատճառահետեւանքային  կարգով ու տրամաբանութեամբ[6]:        
***Հինգերորդ զօրասիւն
1936-ին, երբ Ֆրանքոյի զօրքերը շրջապատած էին  Մատրիտ մայրաքաղաքը, անոր զօրավարներէն մէկը ձայնասփիւռով դիմեց  քաղաքի բնակիչներուն՝ դադրեցնելու դիմադրութիւնը եւ խնայելու աւելորդ արիւնահեղութիւնը. առ այս ան յայտարարեց, որ քաղաքը չորս կողմէն պաշարուած է չորս զօրասիւներով, իսկ հինգերորդ մըն ալ կը գտնուի  նոյնինքն քաղաքին մէջ:
Ան այս բառերով  կ’ակնարկէր Ֆրանքոյի համակիրներուն, որոնք կը գտնուէին քաղաքին մէջ եւ կը գործէին ի նպաստ ֆաշականութեան յաղթանակին:  Այնուհետեւ «հինգերորդ զօրասիւն» կապակցութիւնը վերածուեցաւ դարձուածքի՝ ստանալով «ներքին թշնամի»-ի, «հակառակորդին զինակից»-ի, «դաւաճան»-ի նշանակութիւնը, եւ ընդհանուր գործածութիւն ունեցաւ Բ. համաշխարհային  պատերազմի տարիներուն եւ կը շարունակէ ունենալ  ինչեւ այսօր ալ:
Հինգերորդ զօրասիւնի տիպար օրինակ մը տուած են Աւստրիան ներքնապէս քայքայող այն ուժերը,  որոնք 1938-ի  նախօրեակին հասուն տանձի մը պէս նացիներու երախը նետեցին այդ երկիրը՝ առանց փամփուշտ մը պարպելու, ինչ որ ծնունդ տուաւ Anschluss-ին:

*** Մաւրը կատարեց իր գործը,
     Մաւրը կրնայ հեռանալ
Այս դարձուածքին ծնունդ տուողը գերմանացի  թատերագիր Շիլլերի (17591805) մէկ թատերախաղն է, որ կը կոչուի «Ֆիեսկի դաւադրութիւնը»: Այստեղ կը գտնենք  գլխաւոր հերոսը՝ ճենովացի ազնուական Ֆիեսկը, որ կը ծրագրէ մեծ դաւադրութիւն մը, որուն մէջ կը ներքաշէ իր արաբ սպասաւորը՝ Մաւրը՝ ամեն ձեւով գոհացնելով զայն ու շլացնելով անոր  աչքերը, եւ անոր  շնորհիւ ալ գլուխ կը հանուի դաւը:
Անգամ մը որ կը հասնի իր նպատակին, Ֆիեսկ ամենայն սառնասրտութ-եամբ իրմէ կը վանէ Մաւրը, որ եկած էր՝ աւետելու  յաջողութիւնը. «Մաւրը կատարեց իր գործը, Մաւրը կրնայ հեռանալ»: 
Այս դարձուածքը կը խորհրդանշէ՝ մէկ կողմէ երախտամոռաց անձը,  միւս կողմէ՝ ուրիշին ձեռքը կոյր  գործիք դարձած գործակալը:
 Ծանօթ. Մեր իրականութեան մէջ շատ հոլովուած դարձուածք մըն էր   այս յատկապէս  Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտին, երբ  դաշնակից պետութիւնները, յատկապէս Ֆրանսան եւ Անգլիան, անկախ պետականութիւն խոստացան իրենց շարքերուն մէջ այնքան նուիրումով կռուող Հայկական լեգէոնին, չվարանելով յատուկ պատիւներ ալ  շռայլել անոր, ինչպէս  Արարայի ճակատամարտին առթիւ, բայց եւ այնպէս, իրենց յաղթանակէն ետք, անոնք մոռցան  իրենց բոլոր խոստումները, ուստի  «Մաւրը կատարած էր իր գործը, Մաւրը կրնար հեռանալ»:  
 ***Յուդայի համբոյր
Վերջին ընթրիքին Յիսուս ըսաւ աշակերտներուն, թէ իրենցմէ մէկը պիտի մատնէ զինք: Աշակերտները, մասնաւորաբար  Յովհաննէսը,  գայթակղեցան եւ հարցապնդեցին Վարդապետը մատնիչի անձին մասին՝ առանց բան մը իմանալու: Եւ երբ Յիսուս Գեթսեմանիի պարտէզը բարձրացաւ աղօթելու ու խորհրդածելու, այնտեղ ուղղուեցան նաեւ հռոմէացի զինուորները՝  առաջնրդութեամբ  Յուդայի, որ իսկական մատնիչն էր. ան, երեսուն արծաթի փոխարէն, խոստացած էր մատնել Յիսուսը՝ համբոյրով մը զինուորներուն մատնանշելով անոր ինքնութիւնը: Եւ առ այս՝  ան իրօք ալ  մօտեցաւ ու համբուրեց  Քրիստոսը,  եւ զինուորները իսկոյն կալանեցին զայն:
Այս դրուագէն մնացած է «յուդայի համբոյր» դարձուածքը, որ կը խորհրդանշէ հարազատի հանդէպ որեւէ մատնողական,  դաւաճանական արարք:
Ուշադրութիւն. պէտք չկայ գլխագրելու դարձուածքին առաջին եզրը:
***Պիւռոսեան յաղթանակ 
Պիւռոս (319272) յոյն զօրավար մըն էր, որ ծնած էր Եպիրէի մէջ՝ արեւմտեան Յունաստան, ուր եւ թագաւորեց 295-էն մինչեւ մահը: Ան ինքզինք կը դաւանէր Աքիլլէսի մէկ շառաւիղը: Իբրեւ փայլուն զօրականի՝ Պղուտարքոս իր «Զուգակշիռներ»-ուն մէջ երկար գլուխ մը յատկացուցած է անոր:  Իսկ Աննիբալ զինք կը դաւանէր պատմութեան  երկու մեծագոյն զօրավարներէն մէկը՝ Աղեքասանդրի հետ:
Պիւռոս մեծ փառամոլ մըն էր միաժամանակ, եւ իր յաղթանակներէն ոչ մէկը գոհացուց ու կասեցուց զինք, այս պատճառով  ալ անոնք մաշեցուցին ե՛ւ իր գանձը, ե՛ւ բանակները, այլ հարց թէ այս բոլորին մէջ ան առիթ գտաւ հինգ անգամ ամուսնանալու: Ան կռուած է մասնաւորաբար հռոմայեցիներու դէմ, բայց նաեւ կարթագէնացիներու եւ...յոյներու: Յատուկ կը յիշատակուին իր Հերակլէայի (279) եւ Ասկուլամի (280) յաղաթանակները, որոնք  սակայն շատ արիւնալի ու կորստաբեր եղան Պիւռոսի համար: Եւ երբ ծանօթներ ու բարեկամներ կը շնորհաւորէին զինք նման յաղթանակի համար, Պիւռոս դառնութեամբ ըսաւ. «Եթէ այսպիսի ուրիշ յաղթանակ մըն ալ տանիմ, բանակս  լման կ’ոչնչանայ»:
Ան սպաննուեցաւ  Արգոսի մէջ՝ յոյներու դէմ մղուած պատերազմի մը ընթացքին:
Պիւռոս կը խորհրդանղէ անյագ ու փառատենչ զինուորականը, որ չի գիտեր սանձ մը դնել իր փառամոլութեան: Իրմէ կը մնայ «պիւռոսեան յաղթանակ» դարձուածքը, որ կը նշանակէ շատ սուղ վճարուած յաղթանակ, որուն պարգեւած    փառքը  համապատասխան չէ յանձն առնուած զոհոհութեան: 
***Պրոկրուստեան մահիճ
Յունաստանի ամայի ճամբամերէն մէկուն վրայ  կ’ապրէր անուղղայ  աւազակ մը՝ Դամաստէս Պրոկրուստէսը, որ իր տան մէջ հաստատած էր յատուկ  մահճակալ մը: Ան կը բռնէր  անցորդները ու զանոնք կը պառկեցնէր  այդ մահճակալին վրայ. եթէ պառկողին հասակը  աւելի երկար ըլլար մահճակալէն, ապա կը կտրէր անոր  ոտքերը ու մարդուն հասակը կը հաւասարեցնէր  մահճակալի երկայնքին. իսկ եթէ  պառկողը աւելի կարճ էր մահճակալէն,  ապա  անոր ոտքերէն կը քաշէր մասնաւոր  սարքով մը, որպէսզի  հասակը նմանապէս հաւասարեցնէր  մահճակալին:
Մինչեւ որ Թեսեւսը՝ դիցաբանական ուրիշ հերոս մը, յաջողեցաւ այդ նոյն պատիժին ենթարկել Պրոկրուստես աւազակը եւ ազատեց անցորդները այդ սարսափելի փորձանքէն: Մնաց սակայն «Պրոկրուստեան մահիճ» դարձուածքը, որ  ապրեցաւ այնուհետեւ:
Ան կը խորհրդանշէ  տուեալները, փաստերը  արուեստական ու բռնազբօսիկ  չափանիշերու  յարմարցնելու ձգտող մարդու ընթացքը, այսինքն՝ այնպիսիներուն, որոնք ոչ թէ իրենք  կ’ենթարկուին իրողական փաստերու թելադրանքին,  այլ կը փորձեն  փաստե՛րը ենթարկել իրենց  մտածողութեան ու տրամադրութեան:
 ***Ռուբիկոնը անցնիլ
 Քրիստոսէ առաջ՝  49 թուին, Յուլիոս Կեսար, Գաղիան վերջնականապէս իրեն ենթարկելէ ետք, պատրաստուեցաւ վերադառնալու Հռոմ. ան թաքուն կը սնուցէր կայսերական նպատակներ: Իտալական թերակղզի մտնելու համար՝ ան պէտք է հիւսիսէն հատէր Ռուբիկոն գետը եւ ըստ ընկալեալ  սովորութեան՝ պէտք է նախ զինաթափէր  ու ցրուէր իր բանակը: Հռոմի ծերակոյտին այս կանխազգուշական քայլը կը միտէր զօրավարներու մէջ փարատելու պետական հարուած կատարելու ամէն  ախորժակ:
Յուլիոս Կեսար չյարգեց այդ որոշումը. ան զինեալ լեգէոնով մը անարգել անցաւ Ռուբիկոնը ու քալեց Հռոմի վրայ, որ այն ատեն հանրապետութիւն մըն էր, որովհետեւ, ինչպէս ըսինք,  ան տարուած էր կայսերական երազներով: Այնպէս ալ ծայր առաւ  քաղաքացիական պատերազմ մը՝  ընդմէջ Կեսարի եւ անոր հանրապետական  հակառակորդներուն: Կեսար յաջողեցաւ  յաղթել ու դառնալ մենակալ (dictateur), տիրակալ (imperator), սակայն չհասցուց կայսր դառնալ ու կրել կայսերական թագը, որովհետեւ վրայ տուաւ  իր կեանքը. ան 44 թուին Քա., մարտի 14-ին,  սպաննուեցաւ Բրուտոսի ու անոր համախոհ դաւադիր ազգայնականներու ձեռքով:
Ասկէ յառաջացած է «Ռուբիկոնը անցնիլ» դարձուածքը, որ կը նշանակէ՝  օրէնքով դրուած ու հանրօրէն յարգուած արգելքի մը անտեսումը, որ կրնայ ընդհուպ մինչեւ մահ տանիլ:    
                                                    *      *
                                                        *
Նոյն ծիրէն ներս  Յուլիոս Կեսարին կը վերագրուի այլ խօսք մը, որ նոյնպէս դարձուածքի կարգ անցած է.  երբ Կեսար իր անմիջական համախոհներուն յայտնեց  Ռուբիկոնը զինուած անցնելու  որոշումը, այս վերջինները իրեն  նկատել տուին այն ծանր հտեւանքները, որոնց կրնար ենթարկուիլ ան. Կեսար պատասխանեց. «Վիճակը ձգուած է» (alea jacta est)[7]:
Այս դարձուածքը հոմանիշ է անդառնալի ու ճակատագրական որոշումի:
Դա՛րձեալ նոյն ծիրէն ներս՝ համաշխարհային դարձուածքի  համբաւ կը վայելէ «Դո՞ւն ալ, Բրուտոս»-ը, որ եղաւ Կեսարի վերջին  խօսքը՝  դաւադիրներու հարուածներուն տակ:
Բրուտոսը Կեսարին դէմ դաւ լարող խմբակի ղեկավարներէն  էր: Արդ, ան  սիրելին էր Կեսարին, նոյնիսկ կ’ըսուի, թէ Կեսար որդեգրած էր Բրուտոսը, որովհետեւ իր կինը ստերջ էր: Ուրեմն ծերակոյտէն հազիւ ելած էր Կեսար, երբ դաւադիր խմբակի անդամները մէկ առ մէկ մօտեցան ու դաշունահարեցին զինք. Կեսար տակաւին ոտքի էր, երբ վերջին պահուն տեսաւ Բրուտոսին մօտենալը՝ մերկ դաշոյնը ձեռքին:  Ահա այս առիթով էր որ ան զարմացած  տուաւ իր հարցումը՝ «Դո՞ւն ալ, Բրուտո՛ս»,-- եւ հարուածը ստանալէ ետք ու  տապալելէ առաջ հազիւ կրցաւ  արտասանել. «Ուրեմն ինկի՛ր, Կեսա՛ր»:  
Դո՞ւն ալ, Բրուտո՛ս-ը կը խորհրդանշէ բոլորովին անակնկալ, եւ անշուշտ բացասական,  կամ վերաբերումը մէկուն, որմէ չէր սպասուեր նման բան:
***Սիզիփեան աշխատանք
Իր դաժանութեամբ, վայրագութեամբ ու աւազակաբարոյ վարքով հանրածանօթ՝ Կորնթոսի Սիզիփոս թագաւորը մահէն ետք, դժոխքի մէջ, դատապարտուեցաւ յաւիտենապէս  դէպի լեռան գագաթը հրելով բարձրացնելու ծանր ժայռ մը, որ,  ամէն անգամ տեղ հասած, ետ վար կը գլորէր:
Դարձուածքը կը խորհրդանշէ տաժանակիր, անվերջ, յուսահատեցնող  ու ապարդիւն աշխատանքը:
Տեսնել  նաեւ  «դանայեան տակառ»-ը:
Ուշադրութի՛ւն.  պէտք չէ գլխագրել «սիզիփեան» եզրը:
***Սպանական դղեակ
Արաբները, աւելի ճիշդը՝ մաւրերը, Սպանիան գրաւեցին 711 թուին ու այնտեղ իշխեցին մինչեւ 1492 թուականը: Բնիկները, սպառելով զանոնք դուրս քշելու  իրենզ բոլոր միջոցները ու չկարենալով արգիլել անոնց կեցութիւնը, քանդեցին իրենց բոլոր դղեակները եւ  այլ կարգի հաստատուն շինութիւնները, որպէսզճ մաւրերը չկարենան հաստատուիլ ու ապահովութիւն ունենալ: Այս միջոցառումը, ենթադրելի է, այնքան ալ արդիւնաւէտ չէ եղած, քանի մաւրերը յաջողեցան այնքան երկար մնալ Սպանիոյ մէջ, որ քիչ կը մնար անցնէին Պիրենեան լեռնաշղթան ալ ու նուաճէին Ֆրանսան, եթէ Շառլ Մարտել թագաւորը պարտութեան չմատնէր զանոնք  732-ին:
Յամենայն դէպս մնաց սպանական «դղեակ դարձուածքը», որ կը բնորոշէ  անիրական, անկարելի եւ անիրագործելի իղձ մը, ցանկութիւն մը, ծրագիր մը:
«Սպանական դղեակ կառուցել» իր կարգին կը նշանակէ մշակել այնպիսի ծրագրեր, որոնք երբեք պիտի  չիրականանան:
***Վերջին մոհիկան   
Մոհիկանները հիւսիսամերիկեան բնիկ ցեղախումբ մըն էին.  միւս  բնիկներուն  պէս, իրենք եւս երկար պայքարեցան եկուոր սպիտակներուն դէմ եւ անոնց պէս ալ ի վերջոյ պարտուեցան ու ենթարկուեցան Նոր աշխարհի օրէնքներուն: Ամերիկացի վիպասան մը՝ Ֆենիմոր Քուփըր, անցած դարուն գրեց վէպ մը, որ կը կոչուի «Վերջին մոհիկանը» (The Last Mohican) եւ որուն մէջ կը նկարագրէ այս ցեղախումբին պատկանող վերջին կարմրամորթը, որ զէն ի ձեռին եւ առանց յուսահատելու  պայքարեցաւ յանուն  հայրենի հողին, իր ցեղին ինքնութեան ու ազատութեան. այդ պայքարին մէջ ալ զոհուեցաւ:
Այս վէպը այնքան գնահատուեցաւ, որ հետզհետէ թարգմանուեցաւ բազմաթիւ օտար լեզուներու, հրատարակուեցաւ մեծ տպաքանակներով ու յափշտակուեցաւ  ընթերցողներէն: Անոր խորագիրն ալ դարձաւ համաշխարհային դարձուածք մը, որով կը բնորոշուի վսեմ ու նուիրական գաղափարի մը համար աննահանջ, բայց եւ առանձին պայքարողը, որ այլեւս հետեւորդներ չունի իրեն զինակից ու գաղափարակից[8]: 
*** Քաւութեան նոխազ
Նոխազ-ը այծին արուն է, որ ընդհանրապէս հօտին առջեւէն կ’երթայ ու կ’առաջնորդէ զայն: Իսկ «քաւութեան նոխազ» դարձուածքը ունի պատմական խոր անցեալ մը, որ կ’առնչուի հրեայ ժողովուրդին[9]:
Տարին անգամ մը հրեաները իրենց  գործած մեղքերը կ’արձանագրէին մագաղաթի մը վրայ, զայն կը կապէին նոխազի մը վիզէն ու նոխազը  որոշ արարողութեամբ կ’արձակէին  դէպի անապատին խորերը, ուր այդ անասունը անօթի-ծարաւ  նքթելով կը մահանար: Իրենց այս արարքով հրեաները կը հաւատային, որ հաւաքաբար քաւած կ’ըլլային իրենց մեղքերը. եւ ուրեմն զոհ գացող անասունը՝ քաւութեան նոխազը, իր կեանքի գնով կ’ապահովէր հրեաներուն մեղքերու թողութիւնը: Նոխազը, սակայն, այլապէս եւս կը ծառայէր հրեայ ժողովուրդի մեղքերու թողութեան, քանի որ Երոսաղէմի տաճարի սեղանին վրայ զոհուող մատաղցու այլազան  անասուններուն մէջ յատուկ նախասիրութիւն կը տրուէր անոր:
«Քաւութեան նոխազ» դարձուածքը, ուրեմն, կրնայ խորհրդանշել որեւէ  անհատ, հաւաքականութիւն, կազմակերպութիւն, որ կը ծառայէ ուրիշներու  յանցանքի քաւութեան կամ զանազան մթին հարցերու ու հաշիւներու  լուծումին, որուն մէջ ինք որեւէ շահ չունի: Քաւութեան մեծագոյն նոխազը, այսպէս ըսած, Աստուածորդին ի՛նքն է, որ «վասն մեր՝ մարդկան...չարչարեալ, խաչեալ, թաղեալ...»:
Իր յուշերուն մէջ անցած դարու անգլիացի մեծ դիւանագէտ մը՝ Լոյդ Ճորճը,  կը պատմէ քաւութեան այլ նոխազի մը մասին, որ դարձաւ Հայաստանը  Պերլինի  վեհաժողովին, ուր զանազան պետութիւններ, յատկապէս  Թուրքիան,  իրենց հարցերը լուծեցին ի հաշիւ  Հայկական հարցին ու բարենորոգութեանց: Իրենց շիլ հաշիւներով ու շահերով տարուած պետութիւններու շարքին  առաջին տեղը կը գրաւէր Անգլիան, որ իր «մատուցած ծառայութեան» փոխարէն Կիպրոսը նուէր ստացաւ սուլթան Համիտէն:
***Քրէական յանցանք
«Քրէական»   ածականին արմատն է քրէ, որ է  քուրայ: Սեմական բառ մըն է, որ կը նշանակէ «հալոց, բովք, մետաղ հալեցնելու վառարան» (Արմ.):
Անցեալին հանքավայրերուն կից կը հաստատէին նաեւ քուրան, տեղւոյն վրայ հալեցնելու ու մշակելու համար ստացուած մետաղը: Այստեղ կը տիրէին կենցաղային շատ դաժան պայմաններ, որոնց ամենէն անտանելին անշուշտ բարձր ջերմաստիճանն էր, ուստի գրեթէ անկարելի կ’ըլլար հանքերու կամ անոնց  քուրաներուն մէջ կամովին ծառայող բանուորներ գտնել: Եւ որովհետեւ տնտեսական շատ մեծ արժէք ունէին հանքերը, պետութիւններ սկսան դիմել բռնի աշխատողներու, որոնք  գերիներն ու  ծանր յանցագործներն էին:
Ահա այստեղէն է, որ հետզհետէ յառաջացան դարձուածքային զանազան բառակապակցուիւններ, ինչպէս՝ քրէական յանցանք,  քրէական պատիժ, քրէական յանցագործ, քրէական պատժաչափ եւ այլն:
Իսկ ամբողջ հանքավայրը կը կոչուէր «քրէական մետաղք», երբեմն ալ միայն՝ «մետաղք», որ կ’ընկալուէր իբրեւ պատժավայր, տաժանավայր: Այս իմաստով ալ մեր մատենագրութեան մէջ կը գտնենք սապիսի արտայայտութիւններ. «Արտասահման եղեն ի մետաղս մշտնջենաւորս» («Աքսորուեցան մշտնջենական հանքավայրերը»): «Դարձցին ամենայն դատապարտեալք, որ ի քրէական  մետաղս իցեն» (Թուղթ դաշանց. «Թող վերադառնան այն բոլոր դատապարտեալները, որոնք քրէական հանքավայրերը կը գտնուին»): «Դարձոյց ամենայն  հարս սուրբս, որք  յաղագս ուղղափառութեան արտասահմանեալ  էին ի մետաղս» (Խորենացի. «Վերադարձուց այն բոլոր սուրբ հայրերը, որոնք ուղղափառութեան  պատճառով աքսորուած էին հանքավայրերը»):
Ներկայիս քրէական  եզրը (քրէական յանցանք, քրէական յանցագործ) այլեւս  հանքին ու քուրային չ’առնչուիր, այլ կը բնորոշէ յանցագործութեան այն տեսակը, որ բանտարկութեամբ պատժելի է միայն եւ որմէ կարելի չէ խուսափիլ տուգանքով կամ այլ պատիժով:
                                                                    *      *
                                                                        *
Դարձուածքներու ժուժկալ գործածութիւնը, ինչպէս ըսինք, գեղեցիկ, պատկերրաւոր ու տպաւորիչ կը դարձնէ  մեր խօսքը. անոնց պատեհ ու տեղին մէջբերումը համ ու հոտ կու տայ  գրութեան, պայմանաւ որ մէկ էջնոց յօդուածի մը մէջ չորս դարձուածք չգործածենք, ինչ որ չարաշահութեան ու ճապաղումի կը տանի մեր ոճը: Պէտք է մասնաւորաբար  խուսափիլ բռնազբօսութենէ. պէտք չէ խօսողը կամ գրողը ի՛նք փնտռէ դարձուածքը, այլ դարձուա՛ծքը պէտք է դառնայ գրողին ետեւէն: Եւ վերջապէս պարտինք յարգել տուեալ դարձուածքին տուն տուող պատմական պահին ու հոգեբանութեան շրջագիծը՝ փորձելով որոշ հանգիտութիւն դնել ադ շրջագիծին ու մեր խօսքին միջեւ: Այսպէս, օրինակի համար, թաղապետական աթոռ հետապնդողի մը բերնին մէջ կարելի չէ դնել Կեսարի՝ «վիճակը ձգուած է» խօսքը, ոչ ալ առօրեայ աննշան տաղտուկները կարելի է «դամոկլէսեան սուր» անուանել: Ժողովին կամ դասապահին ուշացած տղեկը թոյլատրելի չէ  «վերջին  մոհիկանը» կոչել: Նման անտեղի կամ անհամաչափ գործածութիւններ ոչ միայն չեն նպաստեր մեր լեզուի ու ոճի գեղեցկութեան, այլեւ  ծիծաղելի ու զաւեշտական կը դարձնեն զանոնք. անոնց հեղինակը նմանապէս:          
        

[1] Կարգ մը կապակցութիւններ լեզուի մէջ հանդէս կու գան միայն իբրեւ դարձուածք, օրինակ՝ երես տալ.  սակայն կան կապակցութիւններ ալ,  որոնք միաժամանակ շարահիւսական ազատ միաւոր են, այսինքն՝ կը պահեն իրենց բուն իմաստը. օրինակ՝ կրակի հետ խաղալ. ա) Այս տղան  կրակին  հետ կը խաղայ, ունելին ա՛ռ ձեռքէն. բ) Մեր այս հերոսները  կրակին  հետ կը խաղան, տուժողը նորէն ժողովուրդը պիտի ըլլայ:
[2] 1918-ին, ռուսական բանակներու  տունդարձի օրերուն, երբ Արեւմտեան Հայաստանի ճակատները կը քայքայուէին, Աւ. Ահարոնեան  Թիֆլիսի մէջ  խօսեցաւ  ճառ մը՝ բնաբան ընտրելով  «Hannibal ad portas» դարձուածքը. որքա՜ն տեղին, որքա՜ն  արտայայտիչ:  Շատ դիպուկ ու տեղին  կիրարկութիւն մըն ալ կը գտնենք Վազգէն Շուշանեանի գրիչին տակ. «Այս ճգնաժամային տարիներուն, երբ ողջ ժողովուրդներու, ազգերու եւ պետութիւններու ...խաղաղութիւնն ու կեանքը վտանգի տակ են, ...երբ Աննիբալը մեր դռան առջեւ է...(կ’ակնարկէ մօտալուտ Բ. համաշխարհային պատերազմին.  «Բագին», 1-2-3, 1995, էջ 127):
[3] Մեզի անծանօթ պատճառներով՝ արեւելահայերը Բարդուղիմէոսդ-ով կը տառադարձեն: Աստուծաշունչը՝ գրաբար թէ աշխարհաբար,  ունին միայն Բարթուղիմէոս.  Աճառեան նմանապէս գրած է թ-ով (Անձնանունների բառարան): Յունարէնը զայն կը գրէ θ-ով, որ խուլ-շնչեղ է ու կը համապատասխանէ մեր թ-ին: 
[4] Ներսէս Շնորհալի ունի հոգեպարար շարական մը՝ «Նորահրաշ պսակաւոր»,-ը. այդ պսակաւորը Վարդան Մամիկոնեանն է, որուն նահատակութեան ալ նուրուած է շարականը:
[5] Միջին դարերուն սովորութիւն դարձաւ դափնիով զարդարել գլուխը նաեւ բարձրագոյն ուսում ստացող ուսանողներու, մասնաւորաբար մարդկային գիտութեանց, յատկապէս աստուածաբանութեան: Այսպիսիները կը կոչուէին պսակաւոր: Այսօր դափնին այլես  արդի բարքերուն մաս չի կազմեր, սակայն  համապատասխան եզրը՝ պսակաւոր-ը, կը շարունակէ բնորոշել բարձրագոյն ուսման տիրացած ուսանողը:
[6] Այս դարձուածքի՝ հայ գրականութեան մէջ  կիրարկութիւններէն թուենք հետեւեալները. «Կայ սակայն ուրիշ կարեւոր իրողութիւն մը եւս, որ իրենց վկայութեանց մէջ  թափանցիկ  ժապաւէնի մը պէս  կ’երկարի» (Բիւզանդ Եղիայեան, «Հայ յարանուանութեանց բաժանումը», էջ 281). յստակ է, որ մեզի ծանօթ «կարմիր թելն» է, որ դարձած է «թափանցիկ ժապաւէն»: «Գաղափարական այդ  ճանապարհը...կարմիր գծի պէս անշեղ զարգացել է մինչեւ մեր օրերը» (Վէմ, 1938, նոյեմբեր, էջ 2):
[7] Այստեղ կը մէջբերենք սոյն դարձուածքին մէկ շատ գեղեցիկ կիրարկութիւնը, որ կը գտնենք Գ. Զոհրապի օրագրութեան մէջ. «Այն ուժը, որ գործերը մինչեւ հոս  բերաւ, ծովային եւ ցամաքային  ուժերը գերմանացոց յանձնեց, նեղուցները, բերդերը, փոխադրութիւնը, պարենաւորումը՝ ամբողջ օսմանեան կեանքը յանձնեց  գերմաններուն,--  չի կրնար այլեւս նահանջել. Alea jacta est» (Օրագրութիւն, 30 հոկտ. 1914):   Ան  կ’ակնարկէ այն շատ մեծ գրաւին, որ իթթիհատականները դրին  Գերմանիոյ հետ  զինակցութեան վրայ Ա. համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին:
[8] Ա. Ծառուկեան, ակնարկելով իր  ամերիկաբնակ մէկ բարեկամին՝ Կ.  Ջրբաշեանի օտար լեզուներու դէմ  մղած պայքարին՝ ի պաշտմանութիւն հայերէնի, կը գրէ. «Օտար լեզուի դէմ ընդվզող վերջին մոհիկանը, որ աւա՜ղ,  մինակ է եւ մինակ  պիտի մնայ» («Սփիւռքի տասնամեակները»,  էջ  91):
[9] Խորքին մէջ «քաւութեան նոխազ»-ի աւանդոյթը  պատմականօրէն գոյութիւն ունեցած է այլ ժողովուրդներու բարքերուն  մէջ եւս, մասնաւորաբար  յոյներու, սակայն անոր աստուածաշնչական վկայութիւնը պատճառ դարձած է, որ ան ձեւով մը իւրացուի ու վերագրուի մասնաւորաբար հրեայ ժողովուրդին:

No comments:

Post a Comment