ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆ
Թուրքիոյ մէջ աւելի քան 30 լեզու կը խօսուի։ Այս 30-ի
շարքին կան լեզուներ, որոնց անունն իսկ թերեւս
անծանօթ է մեզի, օրինակ՝
կապարտայերէնը կամ, ըսենք,
ադիկերէնը, որոնք
չերքեզական լեզուներ են։
Ի՞նչ տարբերութիւն, օրինակ,
ապազերէնի կամ
աբխազերէնի միջեւ։ Կան դեռ
ռոմանական լեզուները՝
տոմարին ու ռոմանին։
Չկարծուի
որ քանի մը հոգի կը խօսի այս
լեզուները. օրինակ,
ադիկերէն կը խօսին 316 հազար, իսկ
կապարտայերէն՝ միլիոն մը
քաղաքացիներ, տոմարին ու ռոմանին շուրջ 100 հազար
քաղաքացիի մայրենին է։
Ապազերէն կը խօսին 12 հազար,
աբխազերէն՝ 150 հազար մարդ։
Կայքէջը, ուրկէ կը քաղեմ այս
տուեալները, կու տայ նաեւ այս եւ
միւս լեզուներուն Թուրքիայէ
դուրս ունեցած տարածումին
մասին գիտելիքներ ալ։
Հայերէնը,
արեւմտահայերէն ու վերջին տարիներուն
արեւելահայերէն իր
ճիւղերով, մէկն է այդ աւելի քան
30 լեզուներու շարքին։
Առաւելաբար լսելի է Պոլսոյ մէջ, ինչպէս նաեւ,
հազուադէպ իսկ ըլլայ, գաւառի քանի մը նախկին
հայաշատ քաղաքներուն կամ
գիւղերուն մէջ։ Կայ նաեւ
հայերէնի Համշէնի
բարբառը, որ այսօր
համշէներէն անուան տակ
առանձին լեզու մըն է գրեթէ։ Ոմանք գիշերուզօր,
անդադար, եղերամօր
սեւազգեստ հագած լեզուի նահանջին կամ
մահուան մասին իսկ խօսին, Պոլսոյ մէջ
հայերէնով գիրքեր ու
պարբերականներ կը
հրատարակուին, մարդիկ կ՚աղօթեն այդ լեզուով (կան
աղօթատեղիներ), կ՚երգեն (համոյթներ, երգչախումբեր
կան), կը խօսին։
Բայց
հիմա ճնշումի յիշեալ քաղաքականութիւնը
կարծէք դիմակ փոխած կը հալածէ մեր
դպրոցները։
Պարոնները անընդհատ
«բարեխնամ կառավարութեան» որպէս շնորհ
մեզի վերադարձուցած
կալուածներուն խօսքը
կ՚ընեն։ Պարոն մը «ամէն բանէ առաջ խորապէս
երախտապարտ պէտք է ըլլանք մեր
պետութեան» կ՚ըսէ, մինչդեռ նոյն այդ պարոնը երկու օր
առաջ յայտարարած է, թէ
«դպրոցներուն թիւը շատ է,
վաղը ոչ մէկ դպրոց պիտի
ունենանք»՝
առաջարկելով միացնել
զանոնք (միտքերու այս
հոսքին հետեւիլը
մահկանացուներուս
համար անկարելի է
անշուշտ)։
Մեր մեծ
վարժարաններէն
մէկը, որմով կամայ-ակամայ,
գիտութեամբ-անգիտութեամբ
կը հպարտանայ համայնքը,
մուրացիկի մը նման դրամ կը
մուրայ ոտքի մնալու համար։ Միւսներուն ալ
վիճակը տարբեր չէ ատկէ։
«Մուրացիկի մը նման»
արտայայտութիւնը
չգայթակղեցնէ ոեւէ մէկը, ասիկա երբեք իր
ամօթը չէ, այլ անոնց, որոնք այդ վիճակին մատնած են զայն։
«Դպրոցներուն
դրամ պիտի չտամ այնքան ժամանակ, մինչեւ որ
ընդունուի զանոնք
միացնելու իմ առաջարկս»։
Բարերար պարոնի մը խօսքն է։ Կը զգաք չէ՞
սպառնալիքի երանգը, որ
պահուած է այս նախադասութեան ետին։ Կարծէք ան
հիմնած է մեր դպրոցները,
կարծէք ան ոտքի կը պահէ զանոնք, կարծէք իր
պարտադրել ուզածը ըլլար
միակ լուծումը…
Համայնքային
հաստատութիւնները,
հարիւրամեակներու
անցեալ ունեցող
վարժարանները
իրենցմէ կախեալ դրութեան մէջ պահելու եւ այդ
հաստատութիւններու
միջոցով իրենց հեղինակութիւնը
բանեցնելո՞ւ համար
արդեօք բարերար անունին տակ ծպտեալ
չարարարները
միասնական պիւտճէի մը ծրագիրը կը
վիժեցնեն
տասնամեակներէ
ի վեր։ Անոնք իրենց եսասիրական զգացումներուն
յագուրդ տալո՞ւ համար է որ այսքան
դժուարութիւններու կը մատնեն մարդիկն ու
կառոյցները։ Այլապէս այսքան
առատութեամբ հանդերձ դեռ ինչո՞ւ կը
շարունակուին նոյն
դժուարութիւնները՝ միշտ նոյն
հաստատութիւններուն
համար։ Անընդհատ կալուած կը
վերադարձուի, անընդհատ
մեզմէ շնորհակալութիւն
յայտնել կը պահանջուի,
սակայն նոյն անընդհատութեամբ
վարժարաններու
նիւթական վիճակը կը
քննարկուի, նոյն
անընդհատութեամբ
վարժարանները
դրամ կը պահանջեն։ Հոս սխալ մը կայ անշուշտ եւ
վստահաբար այդ սխալին
պատասխանատուն համայնքին
վարիչ դասակարգն է։
Վարժարաններէն
շահ ակնկալող ոմանց պէս, լեզուէն իրենց շահն ու
հեղինակութիւնը ապահովողներ ալ կան
դժբախտաբար։
Զարմանալիօրէն անոնք, որոնք
ամենաշատ ախուվախը կը
բարձրացնեն, գրողի,
կարդացողի պակասէն կը
դժգոհին, պահ մը իսկ չեն
դանդաղիր իրենց
գրած-տպածներուն վրայ, չեն իսկ
մտածեր իրենց գրած-տպածներուն
կարդացուելիք բաներ
չըլլալու
հաւանականութեան մասին։
Լեզուն
մտածումի, քննարկումի, ընդդիմանալու,
քննադատելու
հասկացութիւն մը
ըլլալէ
դադրեցուցած ու զայն
վերածած են համակերպումի, ընդունումի,
հնազանդումի,
երախտագիտութիւն յայտնելու,
քաղաքավարութիւն
բանեցնելու միջոցի մը։ Չեն
գիտակցիր նոյնիսկ, որ իրենց այդ քուրթուլուշցի
թանթիքի կոտրտուող լեզուն
չի կրնար այսօրուան ոգիին պատեան
դառնալ (գործածելով
Չարենցի տողերը)։ Չէ՛, դուք ոչ թէ լեզուն ապրի
կ՚ուզէք, այլ կ՚ուզէք որ ձե՛ր լեզուն ապրի։
Մայրենիի
միջազգային օրուան
առթիւ զիրար
շնորհաւորելէ առաջ մեր
երիտասարդները պէտք է տոգորենք լեզուի
ազատութեան գաղափարով, պէտք է մղենք զանոնք
խօսելու եւ գրելու։ Խօսելու եւ գրելու ո՛չ թէ մեր
ուզած ձեւով, այլ իրենց ուզած։
Կարդալու ո՛չ թէ
ժամանակավրէպ ձաբռտուքներ, այլ բաներ, զորս իրենք
պիտի ստեղծեն, իրենք պիտի տպեն։
Վարժարան-եկեղեցի-մամուլ
ծամծմուած, տհաճ կարգախօսը
բռնանալու, կաշկանդելու ձեւ մըն է անոնց
ազատութիւնը։ Արդեօք այս
ըսողները նոյն
ոգեւորութիւնը պիտի ապրէի՞ն երբ տեսնէին, թէ
երիտասարդները իրենց որդնոտած
վարժարաններուն,
մինչեւ կոկորդը ցեխի մէջ թաղուած եկեղեցիին
ու հնաբոյր մամուլին տեղ նո՛ր
վարժարան, նո՛ր եկեղեցի եւ նո՛ր
մամուլ մը կը ստեղծեն։ Վստահաբար ո՛չ։
Լեզուն կենդանի է դիմադրութեամբ։
Լեզուն կ՚ապրի ազատութեամբ։
Եւ լեզո՛ւն է որ կը ստեղծէ դիմադրութիւնը եւ ազատութիւնը…
«Ակօս», 16 Փետրուար 2018
No comments:
Post a Comment