ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ
Երբ
Գահիրէի համալսարանի Արեւելեան լեզուներու կից Հայկական Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոնը հրաւիրեց զիս արաբ աշակերտներուն հայերէն
դասաւանդելու, առաջարկը այնքան հետաքրքրական էր, որ անմիջապէս ընդառաջեցի:
Ճիշդ է որ դասաւանդումի փորձառութիւն ունէի, բայց օտար եւ հասուն մարդոց
հայերէն չէի սորվեցուցած մինչ այդ:
Քանի մը
մեթոտները, որոնք գրուած են ըստ դասատուներու պրպտումներուն եւ
փորձառութեան, եւ գիրքով ալ հրատարակուած, եղած են ընդհանրապէս ֆրանսախօս
կամ անգլիախօս «աշակերտներ»ու համար: Կրնայի օգտուիլ անոնցմէ, եթէ փոքրիկ
զրոյց մը միտքս այլ ուղղութեամբ չտանէր: