ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Փտածութիւն»ը կրնայ ապառողջ, քայքայուած համակարգի մը արդիւնք բոլոր վիճակները ներկայացնել: Թերե՛ւս: Կա՞յ արդեօք աւելի ճիշդ բնութագրող բառ:
Թերե՛ւս:
Հայաստանի մէջ լրագրողները եւ վերլուծողները հարցը լուծած են՝ օգտագործելով
«կոռուպցիա» օտար բառը, որուն խորթ ներկայութենէն ազատուելու ճիգ կը թափէ
«Ասպարէզ»ը, ինչպէս նաեւ՝ սփիւռքահայ շարք մը թերթեր:
Մեր ընթերցողներէն՝ «Եու. Սի.Էլ.Էյ.»ի հայերէն լեզուի դասախօս Յակոբ
Կիւլլիւճեան ունի իր առաջարկը, զոր կը ներկայացնենք ընթերցողներու եւ
լեզուագէտներու դատաստանին:
Կիւլլիւճեան կը գրէ «Ասպարէզ»ին.
«Այս փտածութիւն բառը վերանայելու նպատակ կա՞յ: Դժուար յղացք մըն է
corruption-ը, բայց ճիշդը ըսելով՝ որեւէ այլընտրանք աւելի յարմար պիտի
ըլլար: Համեստ առաջարկս, որ անշուշտ կրնայ լաւագոյնը չըլլալ. եղծ- արմատով
բառապաշար մը: Չենք կրնար ըսել փտածագործ, եւն., բայց հանգստօրէն՝
եղծագործ, եղծագործութիւն: Հայկազեան Բառգիրքին մէջ ԵՂԾԱՆԵՄի դիմաց գրուած է
CORRUMPO. ինչո՞ւ կոռումբացնելէն չանցնիլ ուղղակի հայերէնին՝ արդէն
Եզնիկէն նուիրագործուած:
corruption:
– եղծանում (corruption as state or result),
– եղծագործութիւն (the act of corruption),
– եղծում կամ ապականում (corruption of minors)
«Սեփականաշնորհման գործընթացի եղծանումը շատեր հարստացուց».
«Պաշտօնեան ամբաստանուեցաւ եղծագործութեան յանցանքով».
«Որբանոցէն ներս արձանագրուած են մանուկներու եղծման կամ ապականումի արարքներ».
corrupt officials – եղծագործ պաշտօնեաներ (անգլերէնը չէզոք/կրաւորական է, հայերէնը՝ իրենց ձեռքը կը դնէ իրենց ԸՐԱԾԸ, ոչ թէ իրենց պատահածը. եթէ ոչ, պիտի ըլլար՝ եղծանած պաշտօնեաներ).
corruptible – եղծանելի (անկախ հակակշիռի բացակայութիւնը տուեալ պաշտօնեաներու եւ գործառնութիւններու եղծանելիութեան խթան կը հանդիսանայ).
to corrupt (something, a process, a job, etc.) – եղծանել.
to be corrupted – եղծանիլ (մաքսային գործառնութիւնները կ՛եղծանին զանազան պատճառներով…)»

Ձե՛ր կարծի՞քը:
«Ասպարէզ», 28 Յուլիս 2015
No comments:
Post a Comment