Showing posts with label անհարկի փոխառութիւններ. Show all posts
Showing posts with label անհարկի փոխառութիւններ. Show all posts

3.6.17

Ադապտացման եւ ինտեգրման ուղիներով*

Յ. ԿԻՒԼԼԻՒՃԵԱՆ

Մեծապէս պոզիտիվ կայքի մը հանդիպեցայ վերջերս համացանցի հայկական անկիւններուն մէջ: «Սփիւռքի հետազօտութիւնների բաժին»ը (diasporastudies.am)  (չ՛ըսեր՝ ո՞ր ինստիտուտի կամ ասոցիացիայի) մեծ ակտիվութիւն ցուցաբերած է ըստ երեւոյթին վերջին տարիներուն: Առաջին գործունէութիւնը վերնագրուած է «Սիրիայից Հայաստան ներգաղթած հայերի ադապտացման եւ ինտեգրման խնդիրների լուծման ուղիները»:
Վերնագրին տակ կայ «Language Undefined» արձանագրութիւնը, որ մեծ մտատանջութեան մէջ ձգեց զիս՝ քանի որ յայտնի է թէ հոն տրուած լեզուն գեղեցիկ հայերէն մըն է, հոգ չէ թէ ադապտացուած եւ ինտեգրուած ըլլայ գլոբալիզացեալ մեր աշխարհի դոմինանտ լեզուին: Զարմանալի էր, որ վերնագիրը հրաժարած էր մաքուր հայերէնով ըսելու՝ «պրոբլեմների լուծման ուղիները»: Բառարանը շուտով օգնեց ինծի հասկնալու «խնդիր»ի նշանակութիւնը: