ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ
Տարի մը եւ տասը ամիսէ ի վեր
արեւմտահայերէնով հետաքրքրուող, նոր խօսք, գեղարուեստական ճաշակ, նոր միտք
որոնող ընթերցողներուն ուշադրութենէն չէ վրիպած հայկական կայքէջի մը
ծնունդը, որ համացանցի վրայ էջք կատարած է անձայն, առանց շեփորահարելու իր
աշխատանքը: Հայերէնի ծարաւով համացանցային աշխարհին մէջ շրջող ընթերցողն է
միայն, որ կը գտնէ այս կայքէջը ու պեղելով անոր բովանդակութիւնը կ’ըմբռնէ,
որ Հայերէն պլօկը օրըստօրէ հայերէնասիրութիւնը ապրումէն կեանքի, կեանքէն
արտայայտչաձեւի կը վերածէ ու կը յայտնաբերէ հայերէն մտածող, հայերէնով
շնչող եւ ստեղծագործող, հայերէնը ապրեցնող գրիչներ:
Կը խորհիմ, թէ պատահականութեան արդիւնքով չէ, որ Հայերէն պլօկը
խորհրդանիշ ընտրած է պտղաբերութեան նշանը՝ նուռը. խորհրդանիշը անոնց, որոնց
աշխատանքը կը ծնի ամբողջական ու կրքոտ նուիրումէն: Առանց այդ նուիրումին
ու հոգեկան հզօր շարժումին, հաւանաբար այսքան բանուկ գործարանի մը
չվերածուէր Հայերէն պլօկը: Գործարան կ’ըսենք, որովհետեւ անոր էջերուն վրայ
օրական դրութեամբ արտադրուող տեղադրումներ կը տեսնենք։ Տեղադրումներ, որոնք
սովորական պարտականութեան մը տուրքը չէ որ կը վճարեն, այլ հայերէնով
վերածնելու կարելիութիւնը ցոյց կու տան՝ լեզուի նահանջը երգելով ծուլութեան
անձնատուր եղողներուն։
Խմբագիրներու միջեւ հրապարակային զրոյցը եւ մտքերու փոխանակումը շահեկան
համարելով, քանի մը հարցում կ’ուղղենք Հայերէն պլօկի հիմնադիր եւ գլխաւոր
խմբագիր Իշխան Չիֆթճեանին՝ ծանօթանալու եւ մեր ընթերցողները ծանօթացնելու
հայ գիր ու գրականութեան շարժիչ ոյժը ցայտուն պահելու կոչուած այս
կայքէջին՝ Հայերէն պլօկին առաջադրանքներուն։
Զարմիկ Պօղիկեան - Համացանցային անհաշիւ կայքէջերուն մէջ, ի՞նչ առաջադրանքով ճամբայ ելաւ, ինչպիսի՞ սահմաններ հատեց եւ ինչպիսի՞ յամեցող թիւրըմբռնումներ շրջեց Հայերէն պլօկը։
Իշխան Չիֆթճեան – Նախ շնորհակալ եմ ձեր հետաքրքրութեան
համար, որ հարցումներով կը դիմէք Հայերէն blog-ին։ Ցարդ մէկը այս քայլին
չէ դիմած։ Եւ ինչո՞ւ դիմէ։ Այո, անհաշիւ կայքէջերուն մէջ մենք ալ մեր
գոյութիւնը ունինք։ Ձեր այս հարցումին ամէնէն կարճ պատասխանը «Ա՛ռ եւ
կարդա՛»ն պիտի ըլլար, սակայն կ’ենթադրեմ, որ դուք արդէն կը հետեւիք մեր
կայքէջին, ծանօթ էք, կը թափառիք հոն երբեմն, եւ բնականաբար այդ կարճ
պատասխանը ձեզ չի կրնար բաւարարել։ «Առաջադրութիւններ» վերտառութեամբ էջ մը
ունինք (https://hayerenblog.wordpress.com/category/հայերէն-պլօկի-մասին/), եւ եթէ չեմ սխալիր, դուք զայն հրատարակած ալ էք ձեր կայքէջին վրայ (http://www.kantsasar.com/news/2017/06/11/20864/),
ուր շարադրուած է կարելի մանրամասնութեամբ, թէ ինչո՞ւ ճամբայ ելած ենք,
ի՞նչ բան առաջ կը դնենք։ Թերեւս կ’արժէ, եթէ արտօնէք, սկզբնական քայլերու
մասին այստեղ քանի մը նշում կատարել։
Համացանցին բարիքէն օգտուելով կապ հաստատեցինք դիմատետրի վրայ ներկայ
անձերու հետ, որոնք գրութիւններ կը զետեղէին իրենց անձնական էջերուն վրայ։
Կապը վերածուեցաւ համագործակցութեան եւ ծնունդ տուաւ այն էջին, որ Հայերէն
blog (այսուհետեւ՝ ՀՊ) անունով ծանօթ է։
Սկզբնական երեք հոգինոց խմբակը ժամանակի ընթացքին բաւական մեծցաւ
աշխարհագրական բաշխումի, մտածելակերպի, մտահորիզոնի եւ այլ իմաստներով։
Սփիւռքի տարբեր գաղութները ներկայ են հոն իրենց նիւթերով ու հարցերով,
յուշագրութիւններով ու ակնարկներով տրուած, ինչ որ առանձին
ուսումնասիրութեան մը նիւթ կը մատակարարէ։ Էջին ընդհանուր պարունակը,
սակայն, գրական է։
Շշմեցուցիչ է ինծի համար այն երեւոյթը, որ մեր աշխատակիցներուն 95 առ
հարիւրը անձամբ ինծի անծանօթ է։ Անդամներուն այդ տոկոսը ոչ նախապէս ճանչցած
եմ, ոչ ալ անոր հանդիպած, սակայն նոյն աս տոկոսին ու գրեթէ բոլորին մասին
կրնամ ըսել, որ անմիջական կապի մէջ են մեզի հետ։ Այս երեւոյթը զիս անձամբ
անհուն երախտագիտութեամբ կը լեցնէ մեր բոլոր աշխատակիցներուն հանդէպ,
սկսեալ անմիջական գործակիցներէս՝ Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեանէն եւ Անի
Բրդոյեան-Ղազարեանէն մինչեւ ամէնէն հեռու հեռաւոր աշխատակիցը, որոնք առանց
որեւէ ակնկալութեան մեր դիմումին կ’ընդառաջեն՝ գրելով, յուշագրելով, իրենց
գրութիւնները վերանայելով ու վերամշակելով, աշխատելով, ճաշակի մը զարգացման
հետամուտ ըլլալով, թարգմանելով, բարբառագրելով, հատոր ու վաւերաթուղթ
տրամադրելով, երգիծանկար ու լուսանկար փնտռտելով, իրենց աշակերտները
քաջալերելով, այս կամ այն դամաբարանը լուսանկարելով. այս բոլորը՝ «ոսկի եւ
արծաթ» չունեցող մեր նախնական պայմաններուն մէջ։
Պէյրութ, Շուշի, Երեւան, Պոլիս-Իսթանպուլ, Գահիրէ, Հալէպ, Դամասկոս,
Գամիշլի, Ամման, Քուէյթ, Փարիզ, Նիս, Տեն-Հաակ, Համպուրկ, Շթութընզէ,
Մոնթրէալ, Նիւ Եորք, Լոս Անճելոս՝ ահա քաղաքներ, ի միջի այլոց, ուր կը
գտնուին մեր աշխատակիցները եւ անոնց աշակերտները։ Աշխատակիցներու ցանկը՝ https://hayerenblog.wordpress.com/category/աշխատակիցներ/:
Միջինարեւելեան գաղութներու Սփիւռքը ունի ցրուած այնքան տարրեր, որոնք
իրենց ստեղծագործական ու թարգմանչական շնորհներով հատորներ լեցնելու
ուժականութիւնն ունին։ Աշխատակիցներու ցանկը նշեցի վերը։ Անոնցմէ շատ աւելի
մեծ թիւ մը հասանելի կրնար դառնալ համացանցի միջոցաւ, եթէ մենք
տրամադրելիք աւելի ժամանակ ունենայինք։ Ճիշդ է որ ամէն աշխատակից միշտ չի
գրեր։ Սպասելի ալ չէ այդ մէկը։ Ամէն գրող ունի իր կշռոյթը եւ հարկ է յարգել
իւրաքանչիւրին կշռոյթը։ Ես անձամբ ունիմ հոն անշուշտ իմ
նախընտրութիւններս, ինչ կը վերաբերի գրութեանց որակին, սակայն
նախընտրութիւններէս առաջ կու գայ մեր առաջադրութիւններուն մէջ նշուած, ձեր
ալ հոս մատնանշած մեր նպատակներէն մէկը.- Մենք գործարան մը բացած
ենք, եթէ կ’ուզէք, ուր սկսնակներ իրենց քայլերը կ’առնեն՝ մէկ կողմէ, իսկ
արդէն յառաջացած գրիչներ կը հրապարակեն իրենց նիւթերը՝ միւս կողմէ,
հետագային ելեկտրոնային կամ տպագիր հատորներու ճակատագրին հասնելու համար։
Կան համացանցի վրայ բաւական գրական նիւթեր ամբարող ու ներկայացնող էջեր,
ուր ամէն անդամ կամ չանդամ, ուզած ատեն իր ուզած նիւթը կրնայ տեղադրել,
հոն տեղադրածը միաժամանակ հինգ-վեց տեղ տեղադրել, ճիշդ մեր մամուլին պէս,
ուր երբեմն բարոյական նուազագոյն պարկեշտութիւնն ալ նկատի չ’առնուիր,
նշելու համար գրութեան աղբիւրը։ Ինծի համար դժուար է հասկնալ, թէ գրութիւն
մը տարածելու, հեռահաս դարձնելու մոլուցքին նպատակը ի՞նչ է, երբ այսօր
համացանցի վրայ ամէն նիւթ արդէն հասանելի է։
Կը խօսիք «առանց շեփորահարում»ի գործելու մասին։ Մեր
նպատակներէն չէ եղած ցուցնելը, այլ ըլլալը։ «Ի՞նչ պէտք է ընել», «ինչպէ՞ս
պէտք է ընել», «ինչպէ՞ս պէտք է շարժիլ»էն առաջ եւ վերջ, հարցումներէն առաջ
եւ վերջ կու գայ արարքը։ Եւ անձամբ ինծի համար զարմանալի է այս
հարցումներով ժամանակ անցընելու ամուլ պարապմունքը, որ վերջին տարիներուն
նորաձեւութեան վերածուած է։ Ինչո՞ւ խորհրդածել ու տեսաբանել ի վերջոյ։ Ո՞ր
նպատակներուն ի խնդիր։
Կը հարցնէք «սահմաններու հատում»ի մասին։
Աշխարհագրականին կողքին շատ անհրաժեշտ է անոր հետ իսկ կապ ունեցող
մտահորիզոնի, ճաշակներու, մօտեցումներու, կազմաւորումի, սերունդներու
տարբերութեանց՝ սահմաններո՛ւ պարագան։ Երբ խօսքը կը վերաբերի գրական կամ գիրական,
ինչպէս մեր առաջադրութիւններուն մէջ կը յիշենք, արտադրութեան, այն ատեն
այս տարբերութիւններուն ու այլազանութեան մասին խօսիլը կը դառնայ
անհրաժեշտ։ Մենք տասէն եօթանասուն տարեկան գրիչներ ունինք։ Այո, սահմաններ
կան, զանոնք կարելի է հատել ու զանցել, երբ մէկ գրողը միւսին գրածը
կարդալով փորձառութիւնը կ’ունենայ իր իսկ սահմանները ընդարձակելու, մտնելու
պարտէզէն, լճակէն, ծովէն, ովկիանոսէն կամ անապատէն ներս միւսին, իրմէ
աւելի կամ նուազ փորձառուին։ Երբ աշխատակիցներ իրարու գրածները կը կարդան
եւ մենք կը հետեւինք այս միջգրողական փոխանակումներուն, արդէն վկան կը
դառնանք չսպասուած ու մեր կողմէ չառաջադրուած նպատակներու իրագործման, այո,
ձեւով մը նոր սահմաններու մերձեցման։
Սահմաններու հատումին կը վերաբերի նաեւ արտատպումի հարցը, որուն
ակնարկեցի, եւ որուն մենք սկզբունքով դէմ ենք։ Ժամանակին, երբ համացանց
գոյութիւն չունէր, արտատպումը դեռ հասկնալի էր։ Փարիզ լոյս տեսած յօդուած
մը Պէյրութ արտատպելով կրնայիր ընթերցողիդ «նոր» նիւթ հրամցնել։ Բայց այսօր
համացանցը այդ հարցը միանգամընդմիշտ լուծած է։
Կը հարցնէք «թիւրըմբռնումներ»ու մասին։ Կարելի է
յիսուն էջ տեսութիւն գրել, սակայն չունենալ այդ տեսութեան տեսիլքը։ Կարելի է
այդ տեսիլքին մասին մատնանշումներ ընել կամ գիտաժողովներ կազմակերպել,
սակայն երբեք չհասնիլ շօշափելի արդիւնքի։ Կարելի է հասնիլ շօշափելի
արդիւնքի, սակայն չյարատեւել այդ արդիւնքին քով այլ արդիւնք ձեռք ձգելու,
ընդարձակուելու, արմատ նետելու համար։ Յաճախ կը խօսուի մարդուժի պակասին
մասին, թէ ուժերը կը ցրուին, կը կորսուին, կը հեռանան, կ’անհետանան, չկան,
չենք գտներ։ Տեսիլքը տեղ մը կապ ունի սահմաններ հատելու, տուեալով
չգոհանալու, ծուլութեան մէջ չընդարմանալու, եւ, այո, թիւր
հասկացողութիւնները բանիւ եւ գործով շտկելու հետ։
Զ.Պ.- Ակնառու է կայքէջին հարուստ
բովանդակութիւնը: Օրն ի բուն կը հոլովենք, որ արեւմտահայերէն գրող չկայ,
կարդացող չկայ, ստեղծագործող չկայ, ամենայն սառնասրտութեամբ մեռնող
լեզուներուն շարքին ալ կը դասենք մեր ոսկեղինիկը՝ առանց գործի լծուելու,
բայց, ահա՛, Հայերէն պլօկին վրայ կը տեսնենք շաբաթական դրութեամբ
տեղադրուող թատերգութիւն, թարգմանական գրականութիւն, պատմուածք, առակ,
ակնարկ եւ տակաւին շատ մը բաժիններու նիւթեր, զորս, անկեղծօրէն կ’ըսեմ,
հետաքրքրութեամբ կը կարդամ: Բովանդակալից նիւթեր գրողներու փաղանգ մը ի մի
բերելը, մանաւանդ երիտասարդ գրիչներ պատրաստելը դիւրին աշխատանք չէ այս
օրերուն: Շատ մը խմբագիրներ այս աշխատանքին հարկ եղած կարեւորութիւնը չեն
տար ու կը բաւարարուին եղածները պահելով, քաջալերելով: Դուք հոսանքն ի վե՞ր
կը թիավարէք, թէ՞ հայերէնի հանդէպ ձեր հաւատքն է, որ մղիչ ոյժ կը
հանդիսանայ ձեզի:
Ի.Չ. – «Մարդուժ չունինք», «գրող
չկայ». յաճախ կը լսենք ու կը կարդանք, ինչպէս կ’ըսէք, պաշտօնական
շրջանակներու մէջ այս մնայուն նահանջերգը։ Մանաւանդ լխկած, մտաքամ ու
ցեխոտած հրապարակագրութեան մը մնայուն նիւթ կրնայ հայթայթել այս ընդմիշտ
որոճալի «իմաստութիւն»ը։ Նոյն ու նման արտայայտութեանց հեղինակներն են, շատ
յաճախ, որոնք դրապաշտութեան դրօշ մըն ալ բարձրացուցած կ’ընթանան, – յստակ
չէ՝ դէպի ո՞ւր, – եւ իբրեւ ձրի խրատ կը բաշխեն՝ «Խաւարը անիծելու տեղ մոմ
մը վառէ» իմաստալից առածը։ Անմիջապէս հարկ է շեշտել հոս, որ առածներն ու
խօսքերը իրենց իմաստը կը ստանան եւ զայն կը կորսնցնեն ի հարկին, նկատի
առած, թէ ո՞ւր, ե՞րբ եւ որո՞ւ բերնին մէջ կը գործածուին անոնք։ Փոխանակ
վերոյիշեալ ժխտամէտ ու դրապաշտ բանաձեւերուն, եթէ տուեալ դերակատարները
իրենց շուրջ նայելու ու այդ շրջապատին մէջ (եւ գիտէք որ «շրջապատ»ը
համացանցի միջոցաւ այնքան ընդարձակ է) որոնումներ ու պեղումներ կատարելու,
յայտնաբերումներու հոտառութիւն մշակելու հասունութիւնը ցուցաբերէին՝
այսինքն կարենային «մարդուժ» փնտռել եւ «ժողովում» կատարել, ոչ թէ
գաղափարախօսական օթեկ բովանդակութիւն մատուցելով, տհաճ ոճ հրամցնելով, այլ
նախ այդ «փնտռուողին» ձայնին համար ականջ ունենալով – ահա այս եթէ–էն
յետոյ կարելի կ’ըլլար հաւանաբար ուրիշ կացութեան մը, կացութեան փոփոխութեան
մասին խօսիլ։
Վստահ եղէք, որ կարելի է, նոյնիսկ՝ շատ աւելի նպաստաւոր, խնայողակա՜ն,
այս մանրամասնութիւնները երբեք չարձանագրել այստեղ։ Անցնիլ։ Սակայն որպէսզի
ախտաճանաչում բառը, որ եւս ի գիշերի եւ ի տուընջեան կը հոլովուի,
գոնէ իմաստ մը ստանայ աս ձեւով, եւ հաւանաբար կարելի ըլլայ կացութեան գէթ
անդրադարձը ապահովել, հարկ մըն է թերեւս այս մանրամասնութեան արձանագրումը
հոս, հասկնալու համար, ի վերջոյ, թէ ի՞նչ պատճառով նման կացութեան մը մէջ
կը գտնուինք, ուր թէեւ դրականն ալ, ժխտականն ալ, անոնց ախտաճանաչումն ալ կը
բարձրաձայնուին, սակայն մեր շարժումները կապտուած են։ Պարզ պատասխանս այս
է՝ որովհետեւ մենք որոնելու յօրինումը կորսնցուցած ենք։ «Որոնումին
յօրինումը»՝ գործածած եմ մէկ բանաստեղծութեանս մէջ (տես Բանաստեղծութիւն,
Գիրք Բ., առցանց հրատարակութիւն, 2016, էջ 112, ՀՊի «Գիրքեր» բաժնին մէջ)։
Այս ալ օրինակ մը, ըսելու համար, որ բանաստեղծութիւնը օդին մէջ նստած
արարեալ մը չէ, այլ կապ ունի յաճախ շատ կենսական տագնապներու հետ։ Յօրինել
հարկ է, ուրեմն, նաեւ ու ի միջի այլոց՝ որոնումը։ Փնտռել, թէ ինչպէ՞ս
կարելի է փնտռել։ Պատահական գիւտերը հարկաւ անընդունելի կամ արհամարհելի
չեն երբեք, մենք ալ մեր էջին մէջ պայծառ անակնկալներու դէմ յանդիման կը
գտնուինք յաճախ, որոնց համար այնքան երախտապարտ ենք, սակայն,
պատահականութեան տալու է, ի հարկին, ուղղութիւն։
Անկեղծօրէն լաւ չեմ գիտեր, թէ ի՞նչ է մեր «մղիչ ոյժ»ը աս պարագային։ Ես
բնագիտական կրթութիւն չունիմ, սակայն կը զգամ, որ որեւէ ոյժ պարապին չէ
ուղղուած։ Փերեզակութիւնն ալ ունի իր ոյժը, սրիկայութիւնն ալ։ Դիտեցէք մեր
հաւաքական կեանքը, քիչ մը ամէն տեղ, ձեր նախընտրութեամբ, եւ մի՛ ամչնաք,
եթէ կրնաք։ Մենք կը հաւատանք բարի ուժերուն։ Անոնք կը գտնուին երբեմն լերան
գագաթը, երբեմն ձորին մէջ։ Երբեմն հարկ է հոսանքն ի վեր, երբեմն ալ ի վար
թիավարել։ Կ’ուզեմ որ գիտնաք, որ մեր այս ձեռնարկը պարզապէս «գրական
աշխատանք» մը չէ, ինչպէս որ գրականութիւնն ալ իր կարգին միայն «աշխատանք»
չէ։
Միւս կողմէ, եթէ մեր աշխատակիցները կը վստահին մեր աշխատանքի որակին ու
ճաշակին ու կը շարունակեն իրենց աշխատակցութիւնը, կամ նոյնիսկ
չաշխատակցելով մեր թափած ջանքը պարզապէս կը տեսնեն՝ բնական է, որ իրենցմէ
ալ մղիչ ոյժ կը ստանանք։
Զ.Պ.- Հայերէն պլօկի զանազան
բաժինները աչքէ անցընելով մեր կեանքը անոնց մէջ կը տեսնենք այնպէս ինչպէս
որ է. հարազատ կերպարներ, գրականին կողքին առօրեայ մեր կեանքին եւ ազգային
հարցերուն առնչուող նիւթեր: Այս բոլորը կը ներկայացուին պարզ, յստակ ու
անկաշկանդ արտայայտութիւններով, այնպէս ինչպէս կը մտածէ գրողը, երբեմն
նոյնիսկ հայհոյելով: Յակոբ Օշական առիթով մը գրած է. «Պոռալը կը շարժէ մեր
հոգին, հայհոյելը կը մեծցնէ»: Արծարծուող նիւթերու եւ ոճի այս անկաշկանդ
ներկայացումին, յատկապէս արեւմտահայ մեր մամուլին ու վերջին շրջանի
գրականութեան մէջ, սակաւ կը հանդիպինք: Գրողին ազատ ոճը հայկական մեր
լսարանին յարմարելու հարց ունի՞, թէ գրողը բացարձակ ազատութիւն պէտք է
վայելէ , Օշականի խօսքով՝ «մեծնալու» համար:
Ի.Չ.-Շնորհակալ եմ, որ այստեղ նաեւ կայքէջին
բովանդակութեան անդրադառնալու առիթ կու տայ այս հարցումը։ Այդ
բովանդակութիւնը այլազան է, գիտէք։ Ամէն ինչ «կեանքը ինչպէս որ է» չէ,
Զօհրապի ծանօթ բանաձեւին պէս։ Կը սիրենք միշտ դրօշներու վրայ գրել այսպիսի
տողեր ու պտտիլ, իսկ այլ տողեր գետնուղի իջեցնել։ Երբեմն մեր «կեանքը այն
է, ինչպէս որ չէ», կամ «… չէ եղած», կամ «… կրնայ ըլլալ կամ չըլլալ».
ձեւերը շատ են։ Այլազանութիւնը կը քաջալերուի կայքէջին կողմէ։
Իմ տպաւորութիւնս այն է, որ «ազգային կեանք» կոչուածը, ինչպէս որ է ու
չէ, տարբեր գաղութներու մէջ, Արեւելք կամ Արեւմուտք, չ՚ունենար իր
համապատասխան հակազդեցութիւնը կամ արձագանգը քննարկումի կամ երգիծանքի
միջոցաւ։ Այնքան խայտաբղէտ ու ծակոտկէն պատկեր մը կը ներկայացնէ ան այսօր,
որ կ’արժէ դուրս բերել զայն մութ սենեակներէն։ Մեր հրապարակած շարք մը
քերթուածները, ակնարկներն ու կատակախաղերը նիւթ ունին մեր գաղութային կամ
հայրենական կեանքի ինչ-ինչ երեսները։
Եթէ ուզենք ակնարկ մը նետել այլազան բովանդակութեան վրայ՝ «թարգմանութիւն»
բաժնին մէջ կը գտնէք գրաբարէ, օսմաներէնէ (այս մէկը կ’ուզեմ յատկապէս
շեշտել), թրքերէնէ, արաբերէնէ, ֆրանսերէնէ, անգլերէնէ, գերմաներէնէ,
յունարէնէ, լատիներէնէ թարգմանութիւններ արեւմտահայերէնի. «բարբառ»
բաժնին մէջ կը հանդիպիք Զէյթունի, Քեսապի, Մուսա Տաղի, Համշէնի,Ղարաբաղի,
Ապարանի, Կիւմրիի, Համամլուի, Ղափանի, Սիսիանի, Ախալցիխէի, Լոռուայ,
լեհահայոց եւ Նոր Ջուղայի բարբառներով պատումներու ու քերթուածներու,
յատուկ բառարանի մը ընկերակցութեամբ. «յուշագրութիւն» բաժինը ձեզ կրնայ մատուցել Պոլսոյ, Պէյրութի, Հալէպի եւ այլ գաղութներու անցեալէն բերուած դրուագներ. «ակնարկ»ներուն մէջ կրնաք ծանօթանալ առօրեան խոկումի, պատկերի կամ երգիծանքի բերող կարճ դրուագներու ու պատումներու. «թատերգութիւն» բաժնին մէջ ձեզի կը սպասէ երգիծական կատակախաղերու շարք մը, մեր գաղութային առօրեայէն մասեր ցայտուն դարձնող. «աշակերտական անկիւն»ով եւ «խաչբառ»ով
աշակերտներու գրական փորձերը, արձակ կամ բանաստեղծական, ներկայացնելէ
անդին փորձառութիւնը կատարած ենք հոս հրապարակուող ինչ-ինչ անուններու
կատարած յառաջադիմութեան։ Այստեղ ճակատագրական դեր ունին մեր գործակից
ուսուցչուհիները, որոնց անվհատ, անդուլ, երբեմն՝ «կէս գիշերէն մինչեւ
արշալոյս» աշխատանքը վեր է ամէն գնահատանքէ։ Անոնց նուիրումը իրենց
աշակերտներուն մեզ յուզումով կը լեցնէ յաճախ։ «Բառ ու բան» բաժինը բառերու իմաստի ու գործածութեան եղանակին վրայ բացուող պատուհան մըն է։ «Անտիպ»ին
մէջ ծանօթագրութիւններով կը ներկայացնենք գրողներու գրած կամ անոնց
ուղղուած նամակներ, որոնց պատճէնահանեալ օրինակները մեզի կը տրամադրուին։ «Առակ», «հեքիաթ» , «քերթուած», «պատմուածք» բացատրութեան չեն կարօտիր։ «Մատենագիտութիւն»ը
կը ներկայացնէ վերջին տարիներուն Հայաստան կամ Սփիւռք լոյս տեսնող
Սփիւռքահայ Գրականութեան մաս կազմող տպագիր հատորներու տիտղոսաթերթերն ու
մատենագիտական տուեալները։ «Լուսանկար»ները կը տրամադրուին մեզի կամ մամուլէն մենք կը գտնենք: «Երգիծանկար»ները՝ նախընտրաբար հին մամուլի էջերէն կամ հատորներէ կը հանուին. «ձեռագիր»ը կը խմբէ մշակութային գործիչներու ձեռագիր արձանագրութեանց նմոյշներ. «դամբարան»ով կը ներկայացուին մշակութային գործիչներու դամբարանները. «միտք եւ խօսք»ը մեր եւ մեր աշխատակիցներուն կատարած ընթերցումներուն ընթացքին ընդգծուած ու առանձնացուած տողեր կու տայ. «գիրքեր» բաժնով
ունինք թուայնացած հատորներ, որոնց մէկ մասը միայն մեր էջին վրայ առաջին
անգամ լոյս տեսած է։ Ունինք ՀԱՅԵՐԷՆ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐը, որուն առաջին հատորը
անցեալ տարի լոյս տեսաւ եւ հասանելի է (https://hayerenblog.files.wordpress.com/2017/09/d5a5d680d5a9d5a1d5bd-d5a2d5a1d680d5b8d5be.pdf)։
Կը ծրագրենք ՀՊ-ի նիւթերը հետզհետէ ելեկտրոնային կամ տպագիր հատորներու
վերածել։ Այսօրուան հաշուով աւելի քան 50 հատոր ներկայ է մեր էջին մէջ։ Եւ
այսպէս շարունակաբար։ Շատ հաւանաբար հետագային աւելնան նոր բաժիններ։
Երբ գրական գործարանի մասին կը խօսինք, հարկ է նաեւ նկատի
առնել, որ միայն հրապարակուած արտադրանքը չէ խնդրոյ առարկան, ինչ որ սա կամ
նա հանդէսին կամ թերթին պարագային ի զօրու է, այլ այն ամբողջ հոլովոյթը,
որուն հանգրուանն է միայն այդ արտադրանքը։ Մինչեւ հրապարակում կայ այն
համագործակցական աշխատանքը, որ տեղի կ’ունենայ վարչութիւն-աշխատակից կապին
միջոցաւ։ Համագործակցութիւնը հեռաւորութիւնը մասամբ կը շրջանցէ։ Համացանցով
սփռուած, բայց միացանցուած ժամանակաշրջան մուտք գործելը անհրաժեշտութիւն
մըն է այսօր մեզի համար, այլապէս մեր կորուստներուն թիւը պիտի
բազմապատկուի։ «Գրութիւն մը ղրկէ»ով ոչ կը սկսի, ոչ ալ կը վերջանայ մեր
աշխատանքը։ Երբեմն շաբաթներու վրայ տարածուած փոխանակութեան մը մասին է
խօսքը, նիւթի, ձեւի, մշակումի մասին խորհրդակցութեամբ լեցուն, որ պտղաբեր
արդիւնքի պարագային շահաւէտ աւարտ կ’ունենայ բոլոր կողմերուն, բայց
մանաւանդ հայերէնին համար։ Երբեմն տող մը կամ նախադասութիւն մը քանի
երթուդարձ կը կատարեն մէկ ցամաքամասէն միւսը, մինչեւ որ յստակացումներու
հասնինք։
Ձեր հարցումին երկրորդ բաժնով դուք կ’ակնարկէք մեր կայքէջին վրայ լոյս
տեսնող կարգ մը գրողներու սուր ու կծու ակնարկութիւններուն ու
պատկերներուն, այո, հայհոյալից արտայայտութիւններուն, նոյնիսկ հայհոյանքի
գործածութեան։ Ասիկա կը վերաբերի նաեւ ընդհանուր ուղղութեան մը, կամ
ուղղութեան երեսի մը, ինչ որ այս օրերուս հայ մամուլի աշխարհին համար գրեթէ
անծանօթ երեւոյթ մըն է. ինչ որ ձեռքդ անցնի կամ ինչ որ քեզի ղրկեն՝ կը
հրատարակես։ Ծրագիր, թելադրանք, խորհրդակցութիւն, ճաշակ հորիզոնէն անդին կը
գտնուին։
Կը մէջբերէք ձեր քաղաքին մէջ իր վերջին հանգիստը գտած Յ. Օշականը, մեր
էջին վրայ հրապարակուած մէկ քերթուածին բնաբանը կարդալով («Պոռալը կը շարժէ
մեր հոգին, հայհոյելը կը մեծցնէ»), եւ լաւ է որ Պարոնեանի ընդհանրացած
խօսքը չէք կրկներ՝ «Հայհոյանքը փաստի սով է»։ Բարոյականութիւն խաղցող մեր
հաւաքական ճամարտակութիւններուն աս երկրորդ մէջբերումը աւելի կը սազի,
արդարեւ։ Բայց մարդ աւելի հարուստ է, երբ զգացողութիւնը ունի մէկ, երկու եւ
աւելի կողմերու, հակադիր ձեւերու։ Չկարծէք, որ Պարոնեան միայն այդ խօսքով
բաւարարուած է։ Ազգային կեանքը վերէն վար լուացողներէն մէկն ալ ինք եղած է։
Եթէ մեր մատենագրութեան ու գրականութեան քիչ մը ծանօթանանք՝ չենք
զարմանար կամ գայթակղիր։ Կան բազմաթիւ օրինակներ, անարգական նամակներ,
օրինակ, հայ եւ ասորի քոյր եկեղեցականներու միջեւ իսկ փոխանակուած։
Չբաւարարուինք միայն Խորենացիին ողբով, որ դեռ այժմէական է։ «Արութեան
գործեր»ուն կողքին բաւականաչափ չարութեան գործեր ալ կան։ Կան սուր
արտայայտութիւնները Նարդունիի մը կամ Շուշանեանի մը գրիչին տակ, նոր
ժամանակներէն։ Ի վերջոյ պարզապէս յանուն գայթակղութեան հայհոյողներ ալ կան։
Ինչ-ինչ գայթակղեցուցիչ բառեր ու տարրեր պիտի գտնէք նաեւ Վ. Օշականի
գրականութեան ողջ երկայնքին։
Ան որ գայթակղութեան չի դիմանար, թող տունը նստի ու պատուհանները փակէ։
Կամ անկողինէն դուրս չելլէ։ Բառերէ՞ն կ’ամչնանք։ Աւելի լաւ կ’ըլլայ, եթէ
ամչնանք ներկայութենէն մեր ազգային կեդրոնական կեանքին մէջ գիշեր ու ցերեկ
թափառող ու յաճախ բարձր պաշտօններ զբաղեցնող, հոգեւորական եւ աշխարհական,
անբարոյական տարրերու, որոնք առանց իրենց ամօթոյքը ծածկելու կը շրջին,
արժանանալով ամէն տեսակ գնահատանքի։ Գիտէք, չէ՞, որ արիւնարբու սուլթանը
ջարդերէն յետոյ ոճրագործները գնահատանքի կ’արժանացնէր։ Հայ սուլթաններն ալ
թուրք սուլթանին աւանդութիւնն է որ կը շարունակեն, թերեւս ալ նոյն կորովով,
այսօր, մեր աչքերուն առջեւ, երբ ամէն տեսակ «ջարդարարներ» գնահատանքի
կ’արժանանան։ Ասիկա թրքահայկական միասնական պատմութիւն մըն է, եթէ կ’ուզէք։
Մեր բարքերուն ինչ-ինչ գայթակղալի երեսները ցուցահանող ահագին, ահաւո՛ր
երեւոյթներ կան հայր Օշականի գրականութեան ամբողջ տարածքին։ Եթէ երկերը
կարդացուին, արդիւնքը շօշափելի կը դառնայ։ Միայն անձնանուններ ու
երկանուններ գոց սորվիլն ու հոլովելը չեն կրնար բովանդակալից դարձնել
դասապահերը։ Գիտեմ, շատ բան է պահանջածս։ Բայց աս ալ պահանջատիրութիւն մըն
է։
Վերադառնալով նիւթին, շեշտեմ, որ նման ամէն արտայայտութիւն կը
համապատասխանէ տուեալ կացութեան մը, երեւոյթի մը, կեցուածքի մը։ Ուղղուած է
անոնց։ Զանոնք կը բանայ, կը հրէ, կը սրէ։ «Բարկանայք եւ մի՛ մեղանչէք»,
կ’ըսէ սաղմոսերգուն։ «Ողորմութեամբդ սատկեցո՛ւր թշնամիներս», կ’ըսէ այլ
սաղմոս մը։ Թումանեան կ’ակնարկէ պոէտներու, «որ չեն պղծել իրենց շուրթերն
անէծքով»։ Հայհոյանք, բարկութիւն, անէծք – ահաւասիկ ծայրագնացումներ, որոնք
մեր կեանքին տուեալ պահուն պատասխաններն են առաջին հերթին։ Այս
պատասխաններէն շատ աւելի ծանր են տուեալ պահը եւ այդ պահը ստեղծող անձը կամ
անձերը։ Արդարացում չէ որ կը կատարեմ, այլ կը փորձեմ հասկնալ։ Ընթերցողին
կը մնայ զանոնք ընկալելու պարտականութիւնը կամ զանոնք անտեսելու կեցուածքը։
Նորութիւն չէ, որ մենք կորսնցուցած ենք միջոցները գիրն ու գրականութիւնը
բերելու, բանալու մեր առօրեային, դնելու սեղանի վրայ։ Այնքան ատեն որ առօրեան, օր առ օր գիրին բերուող նիւթը, գիրն ու նիւթը իրարու ագուցող մեր մերձեցումը
իրարու հետ յարաբերութեան մը մէջ չեն բանիր, գրական բարձր հարցերը,
փիլիսոփայական նկրտումներն ու ամէնէն հետաքրքրական գեղագիտական հարցերը կը
մնան անհպելի ու անկապ. չեն խօսիր։ Կը մնան կտակ՝ յաջո՛րդ կամ միւս
սերունդին։
Զ.Պ.- Յաճախ կը լսենք «Հայերէնը հայրենիքէն դուրս, առանց հողի չ’ապրիր,
չի զարգանար» արտայայտութիւնը, մինչդեռ արեւմտահայերէնը իր գագաթնային
զարգացումին հասած է երբեմն հողէն հեռու: Լեզուի նահանջը, ուրեմն,
կացութեան ու պայմաններո՞ւ արդիւնք է, թէ նաեւ նախանձախնդիր աշխատանքի
բացակայութեան:
Ի.Չ.- Ես առիթ ունեցած եմ այս նիւթին մասին ձեր իսկ թերթին մէջ, կարծեմ, որոշ
ակնարկութիւններ կատարելու։ Հողը եւ պետականութիւնը, որոնք նոյն բաները չեն
անշուշտ, կրնան հաստատութենական զարգացման համար լաւ միջոցներ ու մթնոլորտ
ստեղծել, պետական յատկացումներ կատարելով այս կամ այն ծրագրին, կամ
ուղղակի ուսումնասիրութիւններ յանձնարարելով։ Ասիկա կարողականութիւն մըն է,
որ կրնաս կիրարկել ու կրնաս չկիրարկել։ Սակայն այդ նշածներս կարելի են,
եղած են, նորութիւն ալ չեն՝ առանց հողի եւ առանց պետականութեան։ Այս
իրողութիւնը եթէ ընդունելու չափ հասուն ենք, կրնանք մտածել, այլապէս կը
շարունակենք դատարկ «հողերգութեամբ» զբաղիլ։ Ամէն մարդ ազատ է իր
ընտրութիւնը կատարելուն մէջ։ Պարտադրանք ալ չկայ։ Տգիտութիւնը ընտրութեան
հարց է երբեմն։ Խաւարը կը «տեսնես» ու խաւարը կ’ընտրես, եթէ ձեռքէդ բռնող
մէկը չըլլայ։
Արեւմտահայերէնի ծաղկումը Պոլիս եւ Զմիւռնիա անհող պայմաններու տակ տեղի
ունեցած է։ Ճիշդ է, հայրենի հողին հետ կապեր միշտ ալ եղած են, Երուխան,
Զարդարեան եւ ուրիշներ աշխարհագրական երթուդարձ կատարած են օսմանեան
մայրաքաղաքին ու հայրենիքին միջեւ, տոհմայինը, տոհմիկը, բարբառները լեզուին
ու մշակոյթին համար իբրեւ աղբիւրներ ծառայած են, սակայն լեզուն եւ
գրականութիւնը կը զարգանան տարբեր-տարբեր միջոցներով ու տարբեր-տարբեր
միջավայրերու մէջ։ Հողը չէ միակ աղբիւրը մշակոյթին։ Այստեղ հողին
կարեւորութիւնը չէ որ կը նսեմացուի։ Սակայն մեր պատմութիւնը ցոյց տուած է,
որ մեր ճակատագրական իրագործումներուն մեծ մասը անհող պայմաններու մէջ
կատարուած է։ Հիմա ալ բոլոր տուեալները կան, թէ հողին վրայ, թէ հողէն դուրս
լեզուին ու մշակոյթին զարգացում ապահովելու։ Մենք ալ իբրեւ ժողովուրդ կը
գտնուինք թէ՛ հողին վրայ, թէ՛ հողէն դուրս։ Ո՛չ հողին վրայինները իրենց
«հողի իմաստութեամբ» կը փայլին, ոչ ալ դուրս եղողները իրենց «անհող
տգիտութեամբ» խաւարած են։ Ասքանը հասկնալը դժուա՞ր պարտականութիւն մըն է։
Հետեւաբար ինծի համար յստակ չէ, թէ ուրկէ՞ կու գայ այն «մեծ իմաստութիւնը»,
թէ մշակոյթը հողի արտադրութիւն է։
Ծանօթ ըլլալու է ձեզի «հայաստանակեդրոն» ածականը, որ հագուստի պէս
կարելի է հագցնել այս կամ այն գոյականին։ Եւ ձեւելու ու հագցնելու համար
դերձակներ չեն պակսիր։ Գաղափարախօսութիւն, մտածելակերպ, նոյնիսկ գիտութիւն
կամ գիտակցութիւն կրնան «հայաստանակեդրոն» ըլլալ, ըստ մեր քմահաճոյքին։ Ո՞վ
պատասխանատուութիւն կը կրէ եւ ո՞վ պատասխանատուութեան կը կանչուի իր
բարբաջանքին համար։ Ազգային «դատարանները» այսպիսի յանցանքներու համար չեն։
Նոյն գիծի վրայ ալ, չեմ զարմանար, եթէ հայաստանակեդրոն գրականութիւն
թելադրելի ու նոյնիսկ մշակելի ըլլայ, եթէ չէ արդէն …։
Քաղաքական գաղափարախօսութեան գետնի վրայ այս հողերգութիւնը հասկնալի է
մասամբ։ Կրնան մարդիկ իրաւամբ մտածել, որ պետութիւնը լաւագոյն ձեւն է
ազգային քաղաքական միջավայրի մը զարգացման համար։ Եւ մեզի պէս իրաւազրկուած
ժողովուրդի մը համար բնական է այս մտածողութիւնը։ Ինչ որ անբնական է,
սփիւռքեան պատմութեան ուրացումը, այսինքն ինքնուրացութիւնն է՝ մէկ կողմէ,
միւս կողմէ ալ՝ մշակութայինին հողային սահմաններ գծելու անհեթեթութիւնը։
Տեղ մը ըսած պէտք է ըլլամ, ինչ որ նորութիւն ալ չէ հարկաւ, որ արեւելահայ
մշակոյթի ծննդավայրը եւ ծաղկման միջավայրը ոչ թէ Երեւանն է, այլ Թիֆլիսը։
Մենք հայրենիք պոռալէ քիչ մը դադրելու ենք, – մանաւանդ անոր համար որ այդ պոռչտուքին որեւէ բան չի յաջորդեր առհասարակ, – հայրենիի
սահմանազանց կարողականութեան հաղորդակից դառնալու ի խնդիր, եւ առաջին
հերթին սկսինք մեր պատմութիւնը ոչ թէ ուրանալ, այլ սերտել։ Երբ դուն քու
պատմութիւնդ կ’ուրանաս, ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ կ’ուզես որ թուրքը ընդունի զայն:
«Լեզուի նահանջը ինչի՞ արդիւնք է», կը հարցնէք։ Ասիկա
եկէք իբրեւ «հարց» սահմանենք, «դատ» բառին մէկ իմաստը առնելով, հայկական
մակարդակի վրայ (հայկական հարց, հայկական դատ), եւ մենք մեզի ուղղենք
հարցումը. հոս ո՛չ Թուրքիան, ո՛չ ալ Ատրպէյճանը կան, որ խանգարեն, որ մենք
մեր լեզուն կարգի բերենք։ Խանգարիչ ու արգելակիչ պատճառները դուրսը չեն։
Մեր մէջն են բացայայտօրէն։ Կը նմանի այսօրուան Հայաստանի ներքին
քաղաքականութեան։ Ըստ երեւոյթին ունինք այս գետնի վրայ ներքին թշնամիներ։
Ի՞նչ է մեր լեզուի հարցը, մեր լեզուի դատը։ Կամ չենք ուզեր, կամ ալ չենք
կրնար այս հարցով զբաղիլ։
Գիտակից եմ, որ մեծ, հսկայական, բազմաբնոյթ ու բազմահոլովոյթ աշխատանքի
մը մասին է խօսքը, «լեզուին նահանջ»ին դէմ դնելու հարցերով զբաղիլը, որ
ժամանակի եւ ուժերու ճիշդ բաշխումի կը կարօտի, սակայն միաժամանակ գիտակից
եմ, որ հսկայական անլրջութիւն մը կայ այս գետնի վրայ մեր վերաբերմունքին
մէջ։ Կատարուած փորձերուն մէջ, որոնց կը հետեւիմ, բացակայ են
բծախնդրութիւնը, բարեխղճութիւնը, ճաշակն ու որակը, երբեմն նոյնիսկ նիւթին
տիրապետումը, որ բաւական մեծ հարց մըն է ինքնին, կը հասկնաք։ Հոս օրինակներ
չեմ ուզեր տալ, փորձերը յականէ յանուանէ չեմ ուզեր մատնանշել, որոնց մէկ
մասը իբրեւ ցուցադրականութիւն եւ զբօսանք, այլ մասը՝ ձախողութիւն, իսկ
երրորդ մաս մըն ալ զուտ խայտառակութիւն կարելի է բնորոշել հանգիստ խղճով։
Գիտեմ, որ ականջ ունեցող չկայ, որպէսզի լսող ըլլայ։ Այս բոլորին կողքին,
եթէ կարելի է խօսիլ 10 տոկոս յաջողութեան մասին, հաստատ հիմերու վրայ
նետուած նուազագոյն աշխատանքի մը մասին՝ մխիթարուա՞ծ պէտք է ըլլանք։ Ա՞յս է
մեր կարողութիւնը։
Լեզուն նահանջէն կարելի է կանչել, գերեզմանէն դուրս հանել անոր
որդնոտած մնացորդը, վերակենդանացնել, ու վերստին «ռազմադաշտ» ղրկել (եթէ կը
գիտակցինք «նահանջ»ին ռազմական իմաստին), զայն բազմամակարդակ գործածելով,
եւ ոչ թէ լլկելով։ Զայն լլկելով «գործածելը» կ’ապահովէ միայն անոր
սպաննութիւնը, «ի մահ ածել» մըն է այդ։
ՀՊ-ը կ’աշխատի լեզուն եւ ոչ թէ անոր սպանութիւնը կենդանի պահելու
համար։ Այս իմաստով եւս անիկա «գործ-արան» մըն է, «պահ-արան» մը կամ
«մահ-արան» մը չէ։ Ասիկա յոյժ կարեւոր կէտ մըն է։ Թերեւս այս է նաեւ մեր
տարբերակիչ ու ընդգծելի յատկանիշը։ Կրնաք անհամեստութիւն սեպել։ Հարց չէ։
Ուրիշ կարեւոր յատկանիշ մըն ալ կ’ուզեմ այստեղ նշել. ՀՊ-ը մէկը մեզի չէ
յանձնարարած, մենք պաշտօն մը չենք ստացած, ինչպէս որեւէ պաշտօն ստացած անձ։
Եւ երանի թէ կարելիութիւնը ունենայինք քանի մը հատ նման գործարան բանալու,
որպէսզի մեր նպատակները աւելի արագ իրագործումի հասնէին, այսինքն
հայերէնին արթնութիւնը կազմակերպուէր եւ անչափահասներու պատրաստած
Գողգոթայէն հեռու պահուէր ան։
Ձեր թերթին նախորդ թիւերէն մէկուն մէջ, Ռոպէր Հատտէճեանի հետ կատարուած
հարցազրոյցին ընթացքին, յիսուն տարիներու վաստակաշատ խմբագիրը իր
խմբագրական ոճին անդրադառնալով կը փորձէր բացատրել, թէ ինչպէս ինք միշտ ճիգ
թափած է գրականութիւնն ու լրագրութիւնը իրարու մօտեցնելու, գրականութեամբ
լրագրութիւն ընելու եւ լրագրութեամբ գրականութիւնը ծանօթացնելու։ Ինքնին
հետաքրքրական մօտեցում մըն է այս, որ թերեւս օր մը առանձին
ուսումնասիրութեան ալ նիւթ մատակարարէ։ Այս ոճը յատկապէս մերօրեայ
արեւմտահայալեզու տպագիր եւ առցանց մամուլի ինչ-ինչ ներկայացուցիչներուն
կրնայ կարեւոր յիշեցում մը կատարել։ Արդարեւ անոնցմէ ոմանք կը կարծեն,
նոյնիսկ վստահ ալ են, որ լրագրութիւնը այն ասպարէզն է, որուն համար ոչ թէ
գրականութիւն կամ գրական ճաշակ անհրաժեշտ չեն, այլ ոչ իսկ նուազագոյն
հայերէնի իմացումը որեւէ դեր կրնայ խաղալ։ Վերը ակնարկեցի անլրջութեան։
Մենք կը գտնուինք կրկնակի ձախողանքի մը դէմ յանդիման։ Եթէ ոմանց լրագրական
ոճը իր բովանդակութեամբ աճպարարութեան սահմաններուն կը հասնի, – եւ այս
կարծիքին տուն տուող պատճառներ ալ կան, – այս պարագային, իր «լեզուով» եւս
անիկա երկրորդ աղիտալի երես մը կ’ունենայ ու կը վերածուի թէ՛ բովանդակային,
թէ՛ լեզուական՝ կրկնակի աղէտի մը։ Իսկ այս կացութեան մեր հաւաքական
պատասխանը կ’ըլլայ հաւանաբար հաստատել կրկին, որ մարդուժի պակասէն
ախտահարեալ ենք։
ՀՊ-ը մարդուժի պակասին դէմ գացող աշխատանք մըն է, որուն գաղտնիքը կը
կայանայ ճաշակ ներկայացնելուն եւ մանաւանդ՝ զարգացնելո՛ւն մէջ։ Մեր
աշխատակիցները լաւ գիտեն, թէ մենք «եղած»ով չենք կրնար գոհանալ։ Փոթորիկ եւ
փրփուր յառաջացնելու մարմաջ ալ չունինք։ Ատիկա ցուցամոլներու կը
վերապահենք։ Եթէ տեղ մը բազմութիւն մը հաւաքուած է՝ չի նշանակեր, որ այդ
բազմութեամբ կարելի է բանակ կազմել։ Մարդիկ ամլացած են, սակայն չեն
ընդունիր իրենց ամլութիւնը։ Եթէ անոնք չեն խոստովանիր իրենց ամլութիւնը՝
ինչպէ՞ս կարենան հրաժարիլ այդ ամլութենէն։
Լեզուի հարցին մաս կը կազմէ արեւմտահայերէնի խնամքին
հարցը։ Արեւմտահայերէն անունով գրական լեզու մը կայ, արդարեւ, որ
արեւելահայերէնի թարգմանութիւն չէ պարզապէս։ Յուսամ հասկնալի է ըսածս։
Հայաստանեան լուրերը «թարգմանող» լրատուամիջոցներ, որոնց խմբագիրները ո՛չ
գրել, ո՛չ կարդալ, ո՛չ արեւմտահայերէն, ո՛չ արեւելահայերէն, ո՛չ ալ
երկուքին ուղղագրութիւնը գիտեն՝ արեւմտահայերէնի խնամքին ի՞նչ նպաստ կը
բերեն իրենց «ներկայութեամբ»։ Անոնք արեւմտահայերէնի թաղումն է, որ
կ’արագացնեն։ Տակաւին, արեւմտահայերէն ասմունքն ու ընթերցումը նոյն
ճակատագիրը կը հետապնդեն։ Երբ մէկը իր կարդացածը չէ հասկցած, ու անբնական,
անտրամաբանակա՛ն մեղեդայնութիւն կը դնէ ձայնին մէջ, սխալ առոգանութեամբ կը
կարդայ, ձայնային մանկական ելեւէջումներ ու կլկլացումներ կը կատարէ հասուն
պատմուածք մը կամ քերթուած մը կարդացած ատեն, կը կարծէ՞ք որ որեւէ դրական
արդիւնքի կրնայ հասնիլ կատարուած աշխատանքը։
Հոս «խնամք» բառը սխալ է հարկաւ։ Լեզուին «խաչելութիւնը» կը կազմակերպեն
այս փորձերը։ Որքան ոչ-արմատական ըլլան այն յայտարարուած ձեռնարկները,
այնքան աւելի պիտի ուշանայ, պիտի յետաձգուի, մակերեսայնանայ լեզուին համար
թափուած «ճիգին» արդիւնքը։ Իսկ սխալը գիտակցաբար որդեգրելն ու գնահատելը
արդէն հակաճիգ մըն է։
Կայ տարածուած կարծիք մը, որուն համաձայն, համացանցը հասարակ խծբծավայր
է` աժեմին-չաժեմին կողմէ դիւրաւ հասանելի ըլլալուն համար։ Ասիկա
անպատասխանատու մօտեցումներու համար ի զօրու է։ ՀՊ-ը նաեւ այս ըմբռնումին
դէմ կ’աշխատի իր գոյութեամբ։
Զ.Պ.- Շնորհակալութիւն Ձեր սպառիչ պատասխաններուն համար:
No comments:
Post a Comment