Showing posts with label Արծրուն Աւագեան. Show all posts
Showing posts with label Արծրուն Աւագեան. Show all posts

13.7.19

Կոստան Զարեանի եւ Էլէոնորա Տուզէի առասպելը

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Յաճախ գրուած է իտալացի մեծահռչակ դերասանուհի Էլէոնորա Տուզէի (1858-1924) հայկական ծագման մասին, հիմնուած՝ Տիւզեան ամիրայական ընտանիքին հետ ենթադրեալ կապին վրայ: Անոր մահէն ետք ծնունդ առած այս պնդումը փաստուած իրողութիւն կը համարուէր 1950ական թուականներուն, երբ «հայազգի դերասանուհի Էլէոնորա Տիւզ»ը իբրեւ խորագիր կ՚երեւէր սփիւռքահայ մամուլին մէջ (1):

23.11.16

Ռուսերէնը՝ երկրորդ պետական լեզո՞ւ

Հայաստանի անկախութենէն ետք, ռուսերէնի ազդեցութիւնը աստիճանական նուազում արձանագրեց՝ տեղ տալով անգլերէնի, գլխաւորաբար, եւ բազմաթիւ այլ լեզուներու ուսուցումին։ Վերջին տարիներու քաղաքական զարգացումներու լոյսին տակ, սկսած են տարբեր մօտեցումներ խմորուիլ։ Անհրաժե՞շտ է ռուսերէնը նկատել իբրեւ աշխարհի հետ հաղորդակցութեան լեզու ու պատճառաբանել՝ անոր օրինականացումը, որուն հետեւանքները բացայայտ էին ու պարտադիր՝ Խորհրդային Հայաստանի ժամանակաշրջանին։ Իսկ եթէ այդպիսի հարցեր կը կարգաւորուին Հայաստանի օրէնքով ու օրէնսդրութեամբ, որքա՞ն դժուար է օրէնք մը փոխել, երբ օրէնսդրական մարմնին մէջ բացարձակ մեծամասնութիւն կայ։