ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Կ՚արժէ պահ մը մոռնալ Շառլ Ազնաւուրի յուղարկաւորութեան ու թաղումին Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական ու եկեղեցական աւագանիին ներկայութեան, ինչպէս եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յուզիչ եւ իր փոխաբերութեան ուժով մտածել տուող դամբանական ուղերձին իմաստը։
Կ՚արժէ պահ մը յիշել, թէ Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն՝ իր նոյնքան բովանդակալից ուղերձին կողքին, նաեւ տեղին համարած էր Ազնաւուրի մասին իր «Թուիթըր»-ի գրառումները հայերէնի թարգմանել տալ։
Արդարեւ, ասոնք ո՛չ պարապ խօսքեր էին, ո՛չ ալ դիւանագիտական ձեւակերպութիւն։
Մաքրոն պէտքը չէ տեսած ասիկա պոռալու չորս հովերուն։ Ոչ ոք կը ստիպէր զինք նման բան ընելու։ Կարեւոր չէ նոյնիսկ, թէ այդ գրառումները արեւելահայերէն էին, կամ թէ լեզուականօրէն ճշգրիտ էին։ Իմաստը չի փոխուիր։
Կը նշանակէ, որ մինչ Ֆրանսան կը պատուէ Ազնաւուրը իբրեւ ֆրանսերէն լեզուով բանաստեղծ ("Les poètes ne meurent jamais"), նաեւ կը ճանչնայ ու կը յարգէ հայերէնի դերը հայ ինքնութեան մէջ։
Բան մը, որ դժբախտաբար օտարախօս (ու նոյնիսկ հայախօ՛ս) հայորդիներ կը սիրեն մոռնալ, անտեսել կամ ժխտել ամէնօրեայ կերպով։
Բան մը, որ դժբախտաբար (ան)պատասխանատու անձինք կը սիրեն աղաղակել մէկ կողմէ ու ծախու հանել միւս կողմէ։
Բան մը, որ պէտք է մտածելու, բայց նաեւ այլեւս վճռապէս գործելու առիթ հանդիսանայ...։

«Նոր Յառաջ», 11 Հոկտեմբեր 2018
No comments:
Post a Comment